Վերոնշեալը վերնագիրն էր ԼՇՀ դասընթացքի հրաւէրով Մոնթրէալ ժամանած Դոկտ. Մարկ Նշանեանի մեր լսարանին տուած 4 հոկտեմբեր 2025ի դասախօսութեան։ Խօսուն խորագիր մը, որ պիտի պարագրէր Օշականի վաստակին յիսուն տարիներու վրայ երկարող Նշանեանի ընթերցումներուն եւ ուսումնասիրութիւններուն համագումար առաջադրութիւնները, կեդրոնանալով «քսաներորդ դարու մեծագոյն հայերէն վէպին» (ՄՆ) Մնացորդացին վրայ։

Դոկտ. Նշանեան նախ տուաւ իր դասախօսութեան երկու բնաբանները, երկուքն ալ վերցուած նոյնինքն Օշականէն.
Ու, հարցը, ուրեմն, աւելի քան իրաւ ու եղերական — Ինչո՞ւ Յակոբ Օշական անունով վտանգուած, աճպարարի մը պէս մահուան հետ աչքապուկ խաղցողի մը առողջութեամբ աշխատաւոր մը, իր սպառած ուժերը, ոճրապարտ գիտակցութեամբ մը յատկացնէր պիտի « Համապատկեր »ին, երբ իր «Մնացորդաց »ը կը սպասէր, անաւարտ։ Բայց դուք ի՜նչպէս գիտնաք, որ այդ ինչուն այս թուղթին վրայ դնելէ առաջ Յակոբ Օշական անունով կրկնակորով յիմարը քանի՜-քանի՜ անգամներ դպեր էր իր խղճմտանքին …
— Ինչո՞ւ, ինչո՞ւ…
Համապատկեր արեւմտահայ գրականութեան, Ժ. հատոր. Յակոբ Օշական՝ Վկայութիւն. էջ 371-72
եւ երկրորդը՝
Կ՚արթննանք ու հասած ենք, մահուան կամ վայելքին։
Մնացորդաց Գ. հատոր, էջ 44

Այդ երկու բնաբանները ծաւալելու համար, յատկապէս առաջինին պարագային, հարկ էր վերստին ծանօթանալ հեղինակի կեանքին հանգրուաններուն, եւ ուրեմն, Նշանեան թուեց զանոնք։ Օշական ծնած է 1883ին, Պրուսայի մօտիկ Սէօլօզ գիւղին մէջ, որու դպրոցէն շրջանաւարտ ըլլալէ ետք, մէկ տարի յաճախած է Արմաշի դպրեվանքը եւ աշակերտած Եղիշէ Արք. Դուրեանի (Պետրոս Դուրեանի կրտսեր եղբայրը)։ Յաջորդող տարիներուն ուսուցչական պաշտօն ստանձնած է նախ Պրուսայի, ապա շրջակայքի գիւղերուն մէջ։ Նշանեան ապա յիշեց Օշականի մտերմութիւնը Արտաշէս Յարութիւնեանի հետ 1908-09 տարիներուն, իսկ 1910ականներուն՝ մասնակցութիւնը Կոստան Զարեանի, Դանիէլ Վարուժանի, Գեղամ Բարսեղեանի եւ Ահարոնի (Տատուրեան) խմբակին, որ հրատարակեց «Մեհեան» ամսագրի եօթը թիւերը 1914ին։ Օշականի գրական-գրաքննադատական արտադրութիւններու շարքը կը բացուի, ըսաւ Նշանեան, 1920ին հրատարակուած Խոնարհները հատորով, որ կը պարունակէր այդ շարքէն հինգ պատմուածք (լրիւ շարքը լոյս տեսած է 1958ին, Պօղոս Սնապեանի խմբագրութեամբ)։ 1915-18 տարիներուն, հասկնալի պատճառներով Օշական ապրած է ստորերկրեայ կեանք մը, ի վերջոյ Պոլսէն ծպտեալ փախուստ տալով դէպի Պուլկարիա։ Զինադադարէն ետք վերադարձած է Պոլիս, ուր ծանօթացած է Վահան Թէքէեանին։ Մի քանի տարի անց, դարձեալ գացած է Պուլկարիա, ապա Եգիպտոս եւ Կիպրոս։ 1928-35 զինք կը գտնենք Կիպրոսի Մելքոնեան հաստատութեան մէջ. այդ տարիներուն է, որ գրողը արտադրած է իր բոլոր վէպերը, որոնց առաջինն էր Ծակ-պտուկը, յետոյ Հարիւրմէկ տարուան եռապատումը՝ Հաճի Ապտուլլահ, Հաճի Մուրատ եւ Սուլէյման Էֆէնտի (առաջին երկուքը հրատարակուած «Հայրենիք» ամսագրին մէջ, վերջինը՝ «Յուսաբեր»ի), ու տակաւին՝ Մնացորդաց եռահատոր վէպը։ Այդ վէպին երեք բաժիններէն առաջին երկուքը՝ «Արգանդի ճամբով»ը եւ «Արիւնի ճամբով»ը ամբողջացնելէ ետք, իր վատթար առողջական վիճակին բերմամբ, Օշական կիսատ կը թողու շարքին ամբողջացումը (տես վերի առաջին բնաբանը)։ Օշականի ծրագրին մէջ, վէպին երրորդ բաժինը պիտի կրէր «Դժոխք» վերնագիրը եւ պիտի պատմէր մեր ժողովուրդին տարագրութիւնը։ 1936-37 տարիներուն, Օշականի մտքին մէջ կը կազմաւորուի արեւմտահայ գրականութեան պատմութիւնը գրելու ծրագիրը, որ իր վերջոյ կ՚իրականանայ 1938-44 տարիներուն գրուած Համապատկեր արեւմտահայ գրականութեան տաս հատորներով։ Արեւելահայ գրականութեան նկատմամբ Օշականի յաճախակի ոչ-դրական տեսակէտները իր վրայ կը հրաւիրեն Հայաստանի եւ սփիւռքի հայ համայնավարական շրջանակներուն հալածանքը, որ խորապէս կը վիրաւորէ զինք։ Տաղանդաւոր վիպագիրը եւ հայ գրաքննադատութեան տիտանը կը մահանայ Հալէպի մէջ, 1948ին։
Դադարէն ետք, դասախօսը անցաւ Մնացորդաց վէպին մէջ պարզուող թեմաներու ներկայացման։ Առաջին հերթին, ան անդրադարձաւ վէպին կառոյցին, մանրամասնուած Օշականի կողմէ, Բենիամին Թաշեանի եւ Գուրգէն Մխիթարեանի 1931ին տուած իր հարցազրոյցին մէջ, ուր ան կ՚ըսէ.
Երրորդ հատորին պարունակութիւնն է տարագրութիւնը։ Խորագիր՝ «Դժոխք»։ Անշուշտ ամէնէն դժուար մասը պիտի ըլլայ անիկա, վասնզի մինակ վիպող ուժը անբաւական է անոր պարագրկումին։ […] Ծրագիրը հեռու է համեմատական ըլլալէ գործին մեծութեան։ Մարդկային կեանքը թեւ չէ, որ պարզուի։ Միակ գիւղի մը քաշածները հարազատօրէն պատմելու համար – ու մի՛ մոռնաք, որ թուրքերը ամէն մէկ մարդու համար տանջանքի մասնաւոր գլուխներ յօրինեցին – գիրքերու տասնով, քսանով հատորներ անբաւական պիտի գային։ Եղածը պատմում ալ չէ, այլ՝ ողբերգութիւն մը, որ տարիներ կ՚երկարի, սա տարբերութեամբ, որ փոխանակ թատերաբեմի՝ ունի ընդարձակ աշխարհ մը, ու փոխանակ դերասանի՝ մարդկային միսը, իր ամէնէն լայն զանազանութեան ու հոգեպէս տարբերակերտ արժէքին մէջ։ Ասիկա ներկայացնելու համար պատմական մեթոտով, մէկի տեղ տասնաւորով մարդ է հարկաւոր։
Մայրիներու շուքին տակ, էջ 16
Պարզ է, որ Օշական գիտակից է Մնացորդացի ծրագրին յաւակնոտ տարողութեան, ու կը նախազգայ թէ հայկական Աղէտը վիպական տարազով ներկայացնելու ճիգը անխուսափելի խութերու պիտի բախի։ Վերոյիշեալ հարցազրոյցին մէջ, Օշական ի՛նք կը նշէ այդ խոչնդոտները.
Աղէտը՝ անհուն, բայց տարօրինակ կերպով միաձեւ, կը վրիպի արուեստագէտին պարագրկումէն, արուեստին պայմանը ըլլալով զանազանութիւնը։
Մայրիներու շուքին տակ, 19-20
Նոյն միտքը կ՚արտայայտէ Համապատկերի Թ. հատորի Արամ Անտոնեանի մասին մենագրութեան մէջ.
Վիպող տաղանդը անբաւական է նման նուաճումներու համար, քանի որ վէպին հիմնական հանգոյցը իր նորոգումն է եւ մենք կանխապէս գիտենք, թէ ժանտարմայի մը թափթփուք հեղինակութեան ներքեւ ինկած մարդկային այդ խժուքը, խժխժուքը, խաժամուժը շատոնց դադրած են մարդկութեան պատկանելէ եւ այդ իսկ ճակատագրով՝ անընդունակ մեր շահագրգռութիւնը իրենց վրայ պահելու։
Համապատկեր արեւմտահայ գրականութեան իններորդ հատոր. 261-62
Հետեւաբար, ըսաւ Նշանեան, եթէ փափագինք կարդալ Օշականի վէպին «չգրուած» բաժինը, հարցին պիտի մօտենանք այլ դիտանկիւններէ, հարց տալով, որինակ, թէ Օշական ի՞նչ գրած է անոր փոխարէն։ Պատասխանը, անշուշտ, Համապատկերի տաս հատորներն են։

Դասապահի վերջին բաժնով, Նշանեան յիշեց Մնացորդացի դիպաշարէն իր կազմած ամփոփումը, որ հրատարակուած է ֆրանսերէնով իր Le roman de la catastrophe (2008) հատորին մէջ։ Ան նաեւ բացատրութիւններ տուաւ վէպի կեդրոնական դէմքին՝ Սողոմենց Սողոմին, որ գեղեցիկ ձայն ունի (Սողոմոն Սողոմոնեան՝ Կոմիտասի աւազանի անունն ու մականունն են), Սողոմի բանտարկութեան՝ որ վէպին մէջ երկար բաժին մըն է, եւ վերջապէս Մոխիրնոցի տեսարանին մասին (ուսանողները այդ տեսարանէն յատկանշական բաժին մը նախօրօք ստացած էին)։
Վերոյիշեալը խիստ ամփոփ նկարագրականն է Նշանեանի ծաւալուն դասախօսութեան։ Այստեղ տրուած են Նշանեանի ներկայացուցած գլխաւոր կէտերը միայն։ Ինչպէս դասախօսը նշեց, պէտք է յուսալ, որ դասախօսութիւնը պէտք է խթանէ բոլորը, որ կարդան Մնացորդացը իր ամբողջութեամբ։