Համազգային պարի ուսումնարան

Համազգային պարի ուսումնարանՀամազգային պարի ուսումնարան

Համազգայինի Գլաձոր մասնաճիւղի Պարարուեստի ուսումնարանը հիմնուած է 2005 թուականին` նպատակ ունենալով հայկական ժողովրդային պարարուեստը ուսուցանել հայ երիտասարդներուն, եւ զանոնք պատրաստել, որ ապագային միանան մասնաճիւղի Էրէբունի պարախումբին: Իւրաքանչիւր տարի ուսումնարան կ’ընդունուին 6 տարեկանէն սկսեալ աւելի քան 100 ուսանողներ: Շաբաթական փորձերուն ու իրենց տքնաջան աշխատանքին իբր արդիւնք, ուսանողները տարեկան ելոյթով հանդէս կու գան, հանդիսատեսին հրամցնելով յիշարժան ներկայացումներ: