Գուսան երգչախումբ

Գուսան երգչախումբԳուսան երգչախումբ

Գուսան երգչախումբ

Գուսան երգչախումբը  հիմնադրուած է 1981ին։ Մաէսթրօ Էտիկ Յովսէփեանի ղեկավարութեամբ, երգչախումբը շուտով դարձած է թորոնթոհայ գաղութի զարդերէն մէկը: Աւելի քան 100 անդամներէ կազմուած Գուսանը շրջած է Հիւսիսային Ամերիկայի տարբեր քաղաքներ: Շուրջ 17 տարուան նուիրեալ ղեկավարութենէ ետք, Մաէսթրօ Էտիկ Յոսէփեան հանգստեան կոչուելով, Գուսանը որոշ ժամանակ մը դադրած է գործելէ:

Ներկայիս, Մաէսթրօ Հռիփսիմէ Թովմասեանի ղեկավարութեամբ, Գուսանը վերականգնած է եւ դարձած գաղութի մշակութային կեանքին մէջ աշխոյժ ներկայութիւն: Իւրաքանչիւր աշնան, Գուսանը իր 60 անդամներով կը ներկայացնէ իր տարեկան համերգը, որու յայտագրին մաս կը կազմեն հայկական դասական, ժողովրդային եւ ազգային երգեր: Անցնող տասնամեակներու ընթացքին, յիշատակելի է դաշնակահար Վանիկ Յովհաննէսեանի երկար տարիներու ներդրումը, որ կը շարունակուի այսօր եւս:

Հայ Աստղեր մանկապատանեկան երգչախումբ

Հռիփսիմէ Թովմասեանի Գուսան երգչախումբի ղեկավարութիւնը ստանձնելէն իվեր, ստեղծուած է նաեւ Հայ աստղեր մանկապատանեկան երգչախումբը, որ կը բաղկանայ 4 տարեկանէն սկսեալ երեխաներէ: Երգչախումբը ունի մօտ 50 անդամներ, որոնք տարիքային հիմունքով բաժնուած են երեք խումբերու: Մանուկները կը սորվին երգել եւ ամրապնդել իրենց ձայնային ունակութիւնները: Երգչախումբի ելոյթներու յայտագրերը կը ներառեն զանազան մակարդակներով դասական, ժողովրդային եւ ազգային երգեր: Փորձերը տեղի կ’ունենան շաբաթական դրութեամբ, իսկ տարեկան համերգը տեղի կ’ունեանայ ամրան: