Սանահին Մոնթրէալ

Սանահին ՄոնթրէալՍանահին Մոնթրէալ

Համազգային հայ կրթական եւ մշակութային միութեան Քեպէքի Սանահին մասնաճիւղը, Գանատայի շրջանին ճամբով, մաս կը կազմէ Համազգայինի համաշխարհային ընտանիքին։ Մասնաճիւղի որպէս ոչ-շահաբեր կազմակերպութիւն պաշտօնական պետական արձանագրութիւնները կատարուած են 2019ին։ Մասնաճիւղի նպատակներն են՝

  • Կազմակերպել ամէն կարգի մշակութային եւ ուսումնական ձեռնարկներ, ինչպէս օրինակ՝ երաժշտական, նկարչական, երգի, պարի ու թատերական դասընթացքներ, գրական երեկոներ, կերպարուեստի ցուցահանդէսներ եւ ֆիլմերու ցուցադրութիւններ։
  • Օգտակար հանդիսանալ Քեպէք բնակութիւն հաստատած ներգաղթողներուն, որպէսզի անոնք համարկուին նահանգի մշակոյթին մէջ։
  • Ներդաշնակութիւն յառաջացնել Քեպէքի եւ հայութեան մշակոյթներուն միջեւ։
  • Վերոյիշեալ նպատակները իրագործելու համար համապատասխան մասնագէտներ որոնել ու զանոնք աշխատանքի կոչել։

Սանահին մասնաճիւղին կ՚անդամակցին մշակութային գործունէութեան կազմակերպումի փորձառու ազգայիններ, ինչպէս նաեւ նկատառելի տոկոսով երիտասարդ ոյժեր, որոնք բոլորով կ’առաջնորդուին Համազգայինի հիմնադիր փաղանգին հայապահպանման գաղափարներով ու տեսլականով:

Սանահին մասնաճիւղի գործունէութիւնը կ՚ընդգրկէ մշակոյթի այլազան բնագաւառներ եւ կ՚իրականանայ յանձնախումբերու միջոցաւ։ Մասնաճիւղի անդամները իրենց նախասիրութիւններուն համաձայն կ՚ընտրեն այն մարզը, որուն մէջ կը փափաքին գործել։

Բաց աստի, Համազգայինի Քեպէքի Սանահին մասնաճիւղը կը գործակցի Մոնթրէալի Հայ կեդրոնէն ներս գործող կազմակերպութիւններուն՝ ինչպէս նաեւ գաղութին մէջ մշակութային գործունէութիւն ծաւալող բոլոր կազմակերպութիւններուն հետ, ի շահ հայ մշակոյթի պահպանման եւ ծաղկումին։

Մեր կապերը

Հասցէ՝
3401, rue Olivar-Asselin, Montréal (Québec) Canada H4J 1L5.

Ել. հասցէ՝
[email protected]

2020-2021 տարեշրջանի վարչական կազմ

Հրաչ Սերայտարեան Ատենապետ
Անի Գարագաշեան Փոխ-ատենապետ
Փաթիլ Տումանեան Ատենադպիր
Շանթ Գարայեան Փոխ-ատենադպիր
Ճորճ Տարագճեան Գանձապահ
Սեւան Թասլաքեան Խորհրդական
Նայիրի Պասմաճեան Խորհրդական
Ճորճիկ Պարսեմեան Խորհրդական
Րոզալին Էյնէշլեան Խորհրդական