
Նկատի ունենալով պատանիներու յատուկ գիրքերու սակաւութիւնն ու կարիքը, Շրջանային վարչութիւնը կը կազմակերպէ հայերէն գրքի մրցոյթ մը, որուն նպատակն է 13-19 տարեկան պատանիներու յատուկ գրքի մը հրատարակութիւնը, քաջալեր հանդիսանալով հայ գրողին։
Մրցոյթին մասնակցող հեղինակներուն տարիքային սահմանափակում չկայ։ Գիրքը պէտք է ըլլայ հայերէն լեզուով եւ ունենայ նախընտրաբար հայկական խորք։
Մրցոյթին մասնակցութեան մանրամասնութիւնները կը յայտարարուին այս եւ Շրջանային վարչութեան Ֆէյսպուքի էջերուն վրայ։