Շարադրական մրցոյթ

Շարադրական մրցոյթՇարադրական մրցոյթ

Համազգայինի Գանատայի Շրջանային վարչութեան Շարադրութեան մրցոյթը կը նպատակադրէ քաջալերել հայ մանուկն ու պատանին հայերէնով գրական փորձեր կատարելու։ Մրցոյթը բաց է Գանատայի բոլոր հայկական վարժարաններու (ամենօրեայ եւ շաբաթօրեայ) աշակերտութեան։ Բոլոր մասնակցողներու գրութիւնները կը հրատարակուին ընկերային ցանցերու վրայ, իսկ անկախ դատական կազմի մը կողմէ ճշդուած առաջին երեք դիրքերը գրաւողները կը ստանան պարգեւներ։