Բառապաշարի աշխատանոցներ

Շաբաթ, 27 սեպտեմբեր 2025ի դասապահը լրիւ յատկացուցինք բառապաշարի երկու աշխատանոցներու։

Առաջինին մէջ, աշխատանոցներու վարիչ Վիգէն Թիւֆէնքճեանը ուսանողներուն տուաւ տասը խումբ բառեր։ Իւրաքանչիւր խումբ կը սկսէր տուեալ բառով մը, որուն տակ կային հինգ ենթաբաժանումներ, իսկ անոնցմէ ամէն մէկը կը բաղկանար հինգ բառերէ, այսպէս.

Տուեալ բառ. Բուժել

  1. բոցկլտալ, դարմանել, գգուել, զեղծել, սեւեռել
  2. զառանցել, դիզել, աղերսել, աջակցիլ, կազդուրել
  3. ամոքել, ամրացնել, համոզել, թալկացնել, թեթեւցնել
  4. հանդարտիլ, տնքալ, ախտազերծել, մեղմանալ, կառավարել
  5. հարթել, փարատել, ապականել, բարւոքել, տորոմիլ

Ուսանողները պարտէին իւրաքանչիւր ենթաբաժանումի հինգ բառերէն ընտրել այն, որ կարելի է հոմանիշ համարել տուեալ բառին։ Կանգ առնելով իւրաքանչիւր բառի վրայ, Թիւֆէնքճեան նախ ստուգեց, թէ ուսանողները ծանօթ էի՞ն այդ բառին, որմէ ետք, ուսանողները մի առ մի պարտէին բացատրել իրենց ընտրած հոմանիշի տրամաբանութիւնը։ Այս աշխատանքը տեւեց շուրջ իննսուն վայրկեան, մինչեւ դադարի ժամը։

Դադարէն ետք, ուսանողները անցան երկրորդ աշխատանոցին, որ համեմատաբար աւելի դիւրին էր բոլորին համար։ Թիւֆէնքճեան ներկայացուց եօթանասունհինգ բառակապակցութիւններ, բաժնուած տասնհինգ խումբերու, օրինակ՝

ինքնիրեն բխող, մառախուղով պատուած, այտի ոսկոր, սէգ եւ պանծացող, փրփուրով լեցուն

Ուսանողները լծուեցան տրուած բառակապակցութիւններով բարդ բառեր կազմելու աշխատանքին։ Վերի օրինակի պարագային, անոնք գտան ինքնաբուխ, մառախլապատ, այտոսկր, սիգապանծ եւ փրփրալի բառերը։

Դասապահի ընթացքին, ուսանողները մերթ ընդ մերթ նշեցին, թէ նախապէս ծանօթ էին երկու աշխատանոցներու ընդմէջէն իրենց հանդիպած բառերուն, սակայն իրենց առօրեայ լեզուին մէջ այդ բառերը բաւականաչափ ներկայ չեն։ Այդ անդրադարձումով ալ աւարտեցաւ դասապահը։