Գլաձոր Թորոնթօ

Գլաձոր ԹորոնթօԳլաձոր Թորոնթօ

Համազգային Հայ Կրթական եւ Մշակութային Միութեան («Համազգային») Թորոնթոյի մասնաճիւղը հիմնուած է 1969ին, եւ նոյն տարուան դեկտեմբերին կազմակերպած է առաջին ձեռնարկը՝ նուիրուած Կոմիտաս Վարդապետին: Հիմնադիր անդամներն էին Աբգար Միրաքեանը, Ժիրայր Յովհաննէսեանը, Վահէ Մարտիրոսեանը եւ հանգուցեալ Շուշիկ Պոյաճեանն ու Ներսէս Կէտիկեանը:

Համազգայինի Թորոնթոյի մասնաճիւղը, որ հետագային պսակուեցաւ «Գլաձոր» անունով, իր հիմնադրութենէն ի վեր աշխոյժ ներկայութիւն է Թորոնթոհայ գաղութէն ներս, իր շուրջ 200 կամաւորներով եւ անդամներով:

Համազգայինի առաքելութեան համաձայն, Թորոնթոյի «Գլաձոր» մասնաճիւղը կը պահպանէ եւ կը տարածէ հայ մշակոյթը եւ կը յայտնաբերէ տաղանդներ, արուեստի բոլոր բնագաւառներէն ներս: «Գլաձոր» մասնաճիւղը հիմնած է Յ. Մանուկեան գրադարանն ու Գրատարածը, Համազգայինի Պարարուեստի ուսումնարան եւ Էրէբունի պարախումբը, ԴէմԴիմակ թատերական յանձնախումբը եւ Ժորժ Սարգիսեան թատերախումբը, Արշիլ Կորքի կերպարուեստի դպրոցը, Գուսան եւ Հայ Աստղեր երգչախումբերը, Նուռ ֆիլմի փառատօնը, Համազգայինի Թատերասրահը եւ Գրական խմբակը:

Ամբողջ տարուան վրայ երկարող շաբաթական ներկայութեամբ եւ մշակութային ձեռնարկներով, որոնք կ’ընդգրկեն Հիւսիսային Ամերիկայէն, Միջին Արեւելքէն, Եւրոպայէն եւ Հայաստանէն արուեստագէտներու եւ խումբերու ելոյթներ, Գլաձոր մասնաճիւղը կը հանդիսանայ Թորոնթոհայ գաղութի մշակութային աշխոյժ բոյնը։ Բաց աստի, մասնաճիւղը կը նպաստէ նաեւ գաղութիս տարբեր նախաձեռնութիւններու յաջողութեան, մշակութային այլեւայլ յայտագիրներու ճամբով:

Մեր կապերը

Հասցէ՝
45 Hallcrown Place, North York, Ontario, Canada M2J 4Y4.

Ել. հասցէ՝
[email protected]

2020-2021 տարեշրջանի վարչական կազմ

Արշօ Զաքարեան Ատենապետ
Գառնիկ Հասըրճեան Փոխ-ատենապետ
Շողեր Ճելլատեան Ատենադպիր
Լիզէթ Սաաթճեան Գանձապահ
Յարութ Տոնոյեան Հաշուապահ
Արշօ Զաքարեան Խորհրդական
Վարագ  Պապեան Խորհրդական