Ո՞վ ենք մենք

Համազգայինի Գանատայի շրջանը մաս կը կազմէ Համազգային հայ կրթական եւ մշակութային միութեան, որ 1928էն իվեր՝ իբր ոչ-շահաբեր կազմակերպութիւն կը գործէ աշխարհի տարածքին։ Համազգայինը գործօն ներկայութիւն է Հիւսիսային եւ Հարաւային Ամերիկաներու, Եւրոպայի, Միջին Արեւելքի եւ Հայաստանի մէջ։

Մասնակցեցէք

Միացէք Համազգային Գանատային

Արուեստագէտ ըլլաք թէ մշակութասէր, անհատ թէ կազմակերպութիւն, մենք վստահ ենք, որ Համազգային Գանատան կրնայ ձեզի տրամադրել ձեր մշակութային պահանջները գոհացնող հարթակ մը։

Մեր առաքելութիւնը
Այլազան մշակութային ծրագիրներու եւ նախաձեռնութիւններու ճամբով, պահպանել հայ մշակոյթը եւ սատարել անոր զարգացման։
Մեր տեսլականը
Քաջալերել հայ-գանատացի արուեստագէտները, որ անոնք կարենան փայլուն յաջողութեան հասնիլ իրենց ընտրած մարզերուն մէջ, զիրենք հովանաւորելով եւ իրենց գործերը հանրութեան հրամցնելու պատշաճ հարթակներ տրամադրելով, ինչպէս օրինակ կատարողական ելոյթներ, գեղարուեստի ցուցահանդէսներ, փառատօներ, հրատարակութիւններ, սեմինարներ եւ դասընթացքներ։
Նորութիւններ

Լուրեր եւ ձեռնարկներ

Համազգայինի Թ. Պատգամաւորական ժողովը

Image