Էրէբունի պարախումբ

Էրէբունի պարախումբԷրէբունի պարախումբ

Էրէբունի պարախումբին կ’անդամակցին 16 տարեկանէն սկսեալ այն երիտասարդները, որոնք ստացած են նախապատրաստական դասընթացքներ, եւ հետեւաբար ունին հայ ժողովրդական պարեր կատարելու անհրաժեշտ փորձառութիւնը: Էրէբունին ունի մօտ 40 տարուան պատմութիւն. պարուսոյցներ՝ Ճօ Աւագեան եւ Արսէն Աւետիսեան, ինչպէս նաեւ գեղարուեստական ղեկավար Սերգէյ Պետրոսեան, նպաստած են պարախումբի յաջողութեան։ 2010ական թուականներուն, պարախումբի գեղարուեստական ղեկավարի եւ պարուսոյցի պաշտօնը ստանձնած է Լոռի Նաճարեանը, որ խումբը տարած է յարաճուն վերելքի ճամբէն։

Էրէբունին հանդէս եկած է Թորոնթոյի, Մոնթրէալի, Գէմպրիճի, Համիլթընի, ինչպէս նաեւ Հայաստանի եւ Վրաստանի տարբեր քաղաքներու մէջ: Ամէն տարի, պարախումբը կը մասնակցի մշակութային եւ ազգային տարբեր ձեռնարկներու: 2012ին, պարախումբը մասնակցած է Երեւանի Իմ Հայաստան երկամեայ փառատօնին, որ հայկական սփիւռքի տարբեր խումբերուն եւ համոյթներուն Հայաստանի մէջ ելոյթ ունենալու հնարաւորութիւն կու տայ: Իր տարեկան ելոյթէն անկախ, յիշատակելի է նաեւ պարախումբի մասնակցութիւնը Արա Գէորգեանի նուագահանդէսին՝ Roy Thomson Hallի մէջ եւ կարճ ելոյթը՝ Air Canada Centreի մէջ:

2017 փետրուարին Լոռի Նաճարեանի Հայաստան տեղափոխուելէն իվեր, պարախումբի գեղարուեստական ղեկավարներն ու պարուսոյցներն են Արեւիկ Մարտիրոսեանը եւ Արման Աւոյեանը: Արեւիկն ու Արմանը եկած են Երեւանէն: Անոնք ունին աւելի քան քսան տարուան փորձառութիւն եւ միասին շրջած են տարբեր երկիրներ, որպէս հռչակաւոր Բերդ պարախումբի մենակատար պարողներ:

ՆԵԼԼԻ ԿԱՐԱՊԵՏԵԱՆ

Համազգայինի Արցախ Պարարուեստի Ուսումնարանի եւ Էրեբունի Պարախումբի գեղարուեստական ղեկավար, պարուսոյց եւ բեմադրիչ։ 

Ծնած է Երեւան, աւարտած է Սայաթ Նովայի անուան երաժշտական դպրոցի դաշնամուրի բաժինը, Պարարուեստի Ուսումնարանի հայկական ժողովրդային պարի բաժինը, ապա Մանկավարժական համալսարանի բանասիրական բաժինը։ Ազատ Ղարիպեանի անուան «Կռունկ» պարախումբը վերածնողը , գլխաւոր մենակատարը եւ գեղարուեստական ղեկավարը եղած է։ Ղեկավարած է Երեւանի Պարարուեստի Ուսումնարանի հայկական ժողովրդական պարի բաժինը։ Արփի Մերասի ջանքերով՝ 1995-ին հրաւիրուած է Թորոնթօ, ունեցած է զանազան ելոյթներ։ 

Հայկական ժողովրդական պարը նոր շունչով, նոր մտայղացումերով ներկայացնելու իր տաղանդը բարձր գնահատուած է. 2000 թուականին, մրցանակի արժանացած է Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահին եւ Մշակոյթի նախարարութեան կողմէ։ 

Իբր գեղարուեստական ղեկավար եւ պարուսոյց, հրաւիրուած է զանազան երկիրներ, ինչպէս՝ Ֆրանսա (Փարիզ եւ Մարսէյ), Ուքրանիա։ Ուքրանիոյ մէջ ստեղծած է Firedance  show ballet-ն։ Գործակցած է Հայաստանէն, Ռուսաստանէն, Ուքրանիայէն եւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներէն անուանի արուեստագէտներու հետ։ Բազմաթիւ համբաւաւոր համերգներու պարի բաժնին գեղարուեստական ղեկավարը եղած է, որոնց շարքին են Խորէն Աբրահամեանի «Խոր վիրապ» ներկայացումը, Արա Գէորգեանի համերգները Սարդարապատի մէջ՝ Արցախի անկախութեան տօնակատարութիւններուն ընթացքին։ 

Իր ուսանողները այսօր կը պարեն Հայաստանի պետական պարային համոյթներէն, նաեւ կը դասաւանդեն հայրենիքի սահմաններէն ներս եւ դուրս։