Քաջալերելու համար պատանիներու եւ չափահասներու կերպարուեստի տաղանդները, Գլաձոր մասնաճիւղը ամէն շաբաթ առաւօտ կը կազմակերպէ գեղարուեստի աշխատանոցներ։ Պատանեկան աշխատանոցը (6 տարեկանէն սկսեալ) կը վարէ Նաթալի Սերայտարեանը իսկ չափահասներու աշխատանոցը` Սիրակ Մելքոնեանը:
Աշխատանոցներուն կը մասնակցին աւելի քան 50 աշակերտներ: Տարեկան ցուցահանդէսի ընթացքին, մասնակիցները կը ցուցադրեն իրենց աշխատանքը Համազգայինի Յ. Մանուկեան գրադարանին մէջ:
Ցուցահանդէսներ նաեւ կը կազմակերպուին Արշիլ Կորքի ցուցասրահին կողմէ` ուր կը ցուցադրուին տեղացի տաղանդաւոր նկարիչներու եւ քանդակագործներու գործերը, ինչպէս նաեւ Հայաստանէն, Արցախէն եւ աշխարհի տարբեր մասերէն արուեստագէտներու ստեղծագործութիւնները: Ցարդ տեղի ունեցած են աւելի քան 80 անհատական եւ խմբային ցուցահանդէսներ:
