Մեր մասին

Մեր մասինՄեր մասին

Համազգային հայ կրթական եւ մշակութային միութեան Գանատայի Շրջանային վարչութիւնը, որ կը ճանչցուի նաեւ Համազգային Գանատա անուամբ, կը գործէ երկրի ամբողջ տարածքին, բոլոր հայկական համայնքներուն մէջ։ Շրջանային վարչութեան նստավայրը կը գտնուի Մոնթրէալի Հայ Կեդրոնին մէջ։

Իր կրթական եւ մշակութային գործունէութեան ճամբով, Համազգային Գանատան կը պահպանէ հայկական մշակութային ժառանգութիւնը ու կը սատարէ անոր տարածման։ Համազգայինի Գանատայի Շրջանային վարչութեան գործունէութեան մաս կը կազմեն հայերէնախօսութեան եւ հայերէնագիտութեան դասընթացքները, հայագիտական սեմինարները, աշակերտներու շարադրական մրցոյթները, պատանեկան գրականութեան մրցոյթը եւ ուսանողական տարեկան հաւաքները։ Շրջանային վարչութիւնը՝ մասնաճիւղերու ճամբով, նաեւ զարկ կու տայ հայերէն եւ հայութեան մասին գրքերու տարածումը։ Բաց աստի, Համազգային Գանատան կը հիւրընկալէ եւս արտասահմանեան հայ արուեստագէտներ, կատարողական խումբեր եւ ֆիլմերու բեմադրիչներ։

Վերջապէս, Համազգային Գանատայի նպատակներէն մէկն է դիւրացնել Գանատա հաստատուող մեր հայրենակիցներու համարկումը Գանատայի եւ Գէպէքի մշակոյթներուն մէջ, տեղական արժէքներու ներկայացման ճամբով։

Contacts

Address:
3401, rue Olivar-Asselin, Montréal (Québec) Canada H4J 1L5

Email:
[email protected]