Շաբաթ, 25 հոկտեմբեր 2025ին, մեր դասընթացքի հիւր դասախօսը եղաւ երիտասարդ գրականագէտ, Պուտափեշտի Պազմանի Պետէր Կաթողիկէ համալսարանի Հայագիտական ուսմանց բաժնի անձնակազմին անդամ Դոկտ. Կարէն Ջալլաթեանը, որ Մոնթրէալ ժամանած էր յատուկ հրաւէրովը ԼՇՀ դասընթացքին, դասախօսելու համար «Վահէ Օշականի թատրոնը՝ որպէս փորձարկութեան վայր» նիւթին մասին։
Յարգելի դասախօսին կենսագրական հակիրճ տուեալներու ներկայացումէն ետք, որ կատարեց դասընթացքի տնօրէն Դոկտ. Վիգէն Թիւֆէնքճեանը, Ջալլաթեան անցաւ իր նիւթին, ուսանողներուն բացատրելով, որ իր սահիկներով ներկայացումը պիտի ընթանար չորս ենթաբաժիններով.
- Արեւմտահայ թատրոնի հիմնական հոսանքները
- Վահէ Օշականի թատրոնը
- Տեսաբանական հարցեր
- Ընթերցում եւ քննարկում

Այս ներածականէն ետք, Ջալլաթեան խօսեցաւ արեւմտահայ թատրոնի ակունքներուն մասին։ Ան յայտնեց, որ նախաքրիստոնէական շրջանի հայկական թատրոնի մասին մեզի հասած են որոշ պատմական տեղեկութիւններ, որոնք սակայն անբաւարար են այդ ժամանակաշրջանի թատերական կեանքին մասին յստակ պատկերացում մը կազմելու համար։ Ջալլաթեան նշեց, որ միջնադարէն սկսեալ, հայկական թատրոնը առաւելաբար կը ծաւալի իբր ստուերներով եւ տիկնիկներով ներկայացումներու տեսքով, ինչպէս նաեւ լարախաղացներու եւ շրջուն թատերախումբերու կատարողութեամբ։ ԺԶ. դարէն սկսեալ, հայ թատրոնի կայացման մէջ հսկայ դերակատարութիւն կ՚ունենան Մխիթարեան միաբանութեան հայրերը, Վենետիկի, Արեւելեան Եւրոպայի եւ Ղրիմի իրենց ուսումնարաններու ճամբով։ Անցնելով ԺԹ. դար, դասախօսը յայտնեց, որ արեւմտահայ հայկական թատրոնը կը զարգանայ Պոլսոյ մէջ, ուր, այլոց կարգին, իրենց ստեղծագործութիւններով համբաւ կը վաստակին Մկրտիչ Պէշիկթաշլեան (1828-68), Սրապիոն Հէքիմեան (1831-92), Յակոբ Պարոնեան (1843-91) եւ Պետրոս Դուրեան (1851-72)։ Այս չորս թատերագիրներուն գործերը, ըսաւ Ջալլաթեան, պէտք է դասել ընդհանրապէս իրապաշտ թատրոնի ծիրէն ներս. միաժամանակ, անոնք կ՚արծարծեն ազգայնապաշտ թեմաներ եւ կը ցուցադրեն դասակարգային բախումներու դատապարտելի վարքուբարք։

Ի. դարուն, արեւմտահայ հայկական թատրոնին նոր արտայայտութիւն կու տայ Լեւոն Շանթ (1869-1951), որու խորհրդապաշտական գործերը,- ինչպէս օրինակ Շղթայուածը (1921),- երբեմն ապաժամանակագրական (anachronistic) են։ Ջալլաթեան նշեց, որ Շանթի գործերուն առընթեր, արեւմտահայ թատրոնը նաեւ վերելք կ՚ապրի «Մեհեան» (1914) ու «Բարձրավանք» (1922) պարբերականներու՝ նոյնիսկ սակաւաթիւ թիւերու հրատարակութեամբ։ Այդ երկու գրական հանդէսներուն մէջ, թատրոնի մասին Յակոբ Օշական (1883-1948) եւ Կոստան Զարեան (1885-1969) թատրոնի մասին իրենց հակադիր տեսակէտներով կը նպաստեն թատերական կեանքի աշխուժացման։
Յաջորդաբար, Ջալլաթեան ներկայացուց Վահէ Օշականի կեանքին հանգրուանները եւ վաստակին երեսները։ Ան ծնած է Ֆիլիպէ (այսօր Փլովտիւ) 1922ին։ Մանկութիւնն ու պատանեկութիւնը անցուցած է Կիպրոս, Գահիրէ եւ Երուսաղէմ։ 1946ին մեկնած է Փարիզ եւ Սորպոն համալսարանէն վկայուած դոկտորական աստիճանով 1951ին։ Պէյրութ հաստատուելէ ետք, դասաւանդած է Ամերիկեան համալսարանին եւ Հայկազեան գոլէժին մէջ մինչեւ 1975: Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմի սկզբին փոխադրուած է Ֆիլատելֆիա, ապա Սան Ֆրանսիսգօ, միշտ դասախօսական պաշտօններ ստանձնելով։ 1987-1998 Ճոն Կրեպպինի հետ խմբագրած է “RAFT: A Journal of Armenian Poetry and Criticism” հանդէսը։ 1991ին մեկնած է Աւստրալիա, ուր պաշտօնավարած է Macquarie համալսարանին մէջ։ 1993ին մեկնած է Արցախ ու դասաւանդած Ստեփանակերտի պետական համալսարանին մէջ։ Մահացած է Ֆիլատելֆիա, 2000ին։

Ապա Ջալլաթեան պաստառին վրայ ներկայացուց Վահէ Օշականի թատերական ստեղծագործական եւ գրականագիտական գործերուն ցանկը.
Թատրոնի առնչուող գրութիւններ
- «Թատրոնը Սփիւռքի մէջ», Նայիրի, Օգոստոս-Սեպտեմբեր, 1948 Դ. Տարի 7-8
- «Սամուել Պեքէթ», Երիտասարդ հայ, Յունուար-Փետրուար, 1970
- «Եւրոպական ու ամերիկեան արդի գրականութիւն», Բագին, Փետր. 1962-Յունիս 1963 (ընդհատումներով)
Թատրերգութիւններ
- Մեռնողներ (1953/1955)
- Խանգարուած վերելակը (Նոյ., 1962/1971)
- Աւարայր 80 (1988)
- Նոր պատարագ (1985/1990)
- Ահաբեկիչը (1994)
- Նոր արմատ (1996/7)
- Տարեդարձ (1999)
Աշակերտական թատերախաղեր
- Տարեդարձի նուէրը (1995)
- Արմատներ (1997)
- Օրէնք (1998)
- «Տպաւորութիւն», «Ազդակ», Դեկտեմբեր 1973
- «Ալպի, Փինթըր ու Թատրոն 67», «Ազդակ», Մայիս 1974
- «Ճամբորդը առանց պայուսակի (Ակնարկ)», «Ազդակ»
- «Թատրոնի առթիւ», «Ազդակ» 1975
- «Թատրոն եւ քաղաքականութիւն», «Ազդակ» Մայիս 1975
Վահէ Օշականի թատրոնին հիմնական առանցքը, ըսաւ Ջալլաթեան, աւանդութեան եւ արդիականութեան հակադրութիւնն է, որ կը ծառայէ իբր թատերական փորձարկութեան վայր մը։ Այսպէս, Մեռնողները կը պարզէ արդիականութեան եւ կրօնը հակադրութիւնը, Խանգարուած վերելակը՝ արդիականութեան եւ գրաւոր մշակոյթի, Աւարայր 80ը՝ արդիականութեան եւ պատմութեան, Ահաբեկիչը՝ արդիականութեան եւ կնոջական ու ընկերային հարցերու եւ Նոր պատարագը՝ արդիականութեան եւ արուեստի։ Ըստ Ջալլաթեանի, Նոր պատարագը, որ նաեւ Վահէ Օշականի վերջին մեծ թատերական գործն է, կը պատկերէ ժամանակակից արդիականութեան եւ ժառանգուած աւանդութիւններու բախումը։
Նախքան Օշականի թատերախաղերէն հատուածներու ընթերցումը, Ջալլաթեան կարեւոր նկատեց ամփոփ ձեւով ներկայացնել ֆրանսացի գոյութենապաշտ փիլիսոփայ Էմանուէլ Լեւինասի (1906-95) տեսաբանական մօտեցումները մարդկային լեզուի գոյառման մասին։ Իր Ամբողջութիւն եւ անհունութիւն գործին մէջ, Լեւինաս ըսածէ, «Դէմք, արդէն լեզու բառերէն առաջ, մարդկային դէմքի սկզբնական լեզու՝ պարունակութենէ զուրկ, զոր ինքզինք կու տայ կամ նեցուկ կ՚ըլլայ աշխարհի յատուկ անուններու, տիտղոսներու եւ սեռերու տակ»։ (Emmanuel Levinas, Totalité et Infini [Martinus Nijhoff, 1971], “Préface de l’édition allemande,” Janvier 1987, III)։ Մեր պարագային, սփիւռքը այն վայրն է, ուր հայը այլ-ին հետ յարաբերութեան մէջ կը մտնէ ուղղակի, սուր ու հակադիր դիրքերէ, մինչդեռ իր բնօրրանին մէջ ապրող հայ մարդուն այլ-ին հետ հաղորդակցելու յարաչափերը (parameter) լրիւ կը տարբերին անով, որ այլ-ը կը գտնուի ֆիզիքական թէ լեզուական սահմաններէն անդին։

Դադարէն ետք, Ջալլաթեան ներկայացուց Օշականի Ահաբեկիչը թատերախաղին յղացքը։ Հեղինակը կը քանդէ դասական թատրոնի մօտեցումները՝ նախ գործողութեան վայրը անորոշ թողելով, «ոեւէ» գրագէտ մը զետեղելով բեմին վրայ, տիպարներէն մէկը երկու դերակատարներու վստահելով, եւ «հեղինակը» հանդիսատեսներու շարքին տեղադրելով։ Նման Օշականի այլ թատերախաղերուն, այստեղ եւս արդիականութեան ցուցանիշ է ճարտարարուեստական սարքերու (ձայնագրող մեքենայ, հեռախօս, ձայնասփիւռ եւլն.) գործածութիւնը։ Ջալլաթեան ուսանողներու ուշադրութեան յանձնեց, որ կարելի է յիշեալ քանդումները դիտել իբր ահաբեկչական արարքներ։
Վերջապէս, Ջալլաթեան խօսեցաւ Նոր պատարագ կտորին մասին, որ բնական շարունակութիւնն է Օշականի Իսկ որք ասեն ընդարձակ բանաստեղծութեան։ Նոր պատարագին մէջ, կը լսուին «վեց տարբեր մարդկային ինքնութիւններու ձայները»։ Այլաբանական կտոր մըն է այս մէկը, որ կը պեղէ կապակցութիւնը տիեզերականին եւ մասնայատուկին (հայ գաղութին) միջեւ։ Հոն նաեւ Օշական բեմ կը հանէ երիտասարդը, անոր արուեստի ըմբռնումները, եւ կռիւը մարդկութեան ու տիեզերքին միջեւ։ Նոր պատարագէն հատուածներ ընթերցելով, Ջալլաթեան պարզաբանեց Օշականի աշխարհայեացքին ու ընբռնումներուն էութիւնը։
Այս բոլորէն ետք, ուսանողները դասախօսին տուին այլեւայլ հարցումներ եւ ստացան համապատասխան լրացուցիչ բացատրութիւններ։