Դէմ-Դիմակ Թատերական Յանձնախումբ

Դէմ-Դիմակ Թատերական ՅանձնախումբԴէմ-Դիմակ Թատերական Յանձնախումբ

Թատրոնը Համազգայինի Թորոնթոյի մասնաճիւղի գործունէութեան մէկ անբաժան մասը կը հանդիսանայ: Գլաձորի Ժորժ Սարգիսեան թատերախումբը, բեմադրիչներ Ժիրայր Ինճէյեանի+, Արշօ Պոյաճեան Սոլաքեանի+, Սուրէն Չէքիճեանի+, Մովսէս Աշըգեանի եւ Լեւոն Խանգալդեանի ղեկավարութեամբ, տուած է բազմաթիւ յաջող ներկայացումներ, տարիներ շարունակ Թորոնթոյի եւ շրջակայ քաղաքներուն մէջ բեմ հանելով դասական եւ ժամանակակից կտորներ։ Այդպիսով, տասնամեակներէ ի վեր, թատրոնը դարձած է Թորոնթոյի հայկական մշակութային կեանքին մէկ կանոնաւոր մասը:

ԴէմԴիմակ Թատերական յանձնախումբը ստեղծուած է 2012ին, խրախուսելու երիտասարդներն ու դերասանները միանալու թատերախումբին զայն վերականգնելու նպատակով: Յանձնախումբը կը բաղկանայ գործունեայ երիտասարդներէ, որոնք սիրով կապուած են թատրոնին: ԴէմԴիմակ թատերական յանձնախումբը Համազգային թատերասրահին մէջ կը հիւրընկալէ եւ ներկայացնէ այլազան թատերախաղեր ու երաժշտական խումբեր:

Թորոնթոյի եւ Մոնթրէալի մէջ իր ունեցած ելոյթներէն ետք, ԴէմԴիմակը այժմ կը փնտռէ տաղանդաւոր բեմադրիչ մը, որ պիտի կարենայ Ժորժ Սարգիսեան թատերախումբը առաջնորդել դէպի բեղուն ապագայ: