Բարսեղ Կանաչեան երաժշտանոց

Բարսեղ Կանաչեան երաժշտանոցԲարսեղ Կանաչեան երաժշտանոց

Բարսեղ Կանաչեան երաժշտանոցը կը գործէ Կէօնճեան կեդրոնի յարկին տակ, մէկտեղելով երաժշտութեան հակում եւ ունակութիւն ունեցող մանուկներն ու պատանիները։ Երաժշտանոցի ուսուցիչները կը դասաւանդեն զանազան գործիքներ (դաշնամուր, ջութակ, կիթառ եւլն.) եւ ձայնամարզութիւն (vocale). հարկ է նշել, որ այս վերջինը միաժամանակ նախապատրաստութիւն է երգչախումբերու յետագայ անդամներուն կազմաւորման: Երաժշտանոցէն ներս որդեգրուած է նաեւ սկզբնական դասընթացքի շրջան մը, երբ գործիքներու մասին փոքրիկին նախնական ծանօթացում տալով, կը մշակուին որոշ գործիքի մը հանդէպ անոր ձիրքն ու հակումը: