Նուռ ֆիլմի փառատօն

Նուռ ֆիլմի փառատօնՆուռ ֆիլմի փառատօն

2005ին իր հիմնադրութենէն ի վեր, Համազգայինի «Նուռ» ֆիլմի փառատօնը դարձած է գերակնկալելի եւ հրապուրիչ ձեռնարկ մը Թորոնթոյի հայութեան համար: Անոր առաքելութիւնն է հանրութեան ուշադրութիւնը հրաւիրել Հայաստանի եւ հայերու մասին՝ ինչպէս նաեւ հայ անհատներու բեմադրած կամ արտադրած ֆիլմերուն վրայ:

POMը, ինչպէս փառատօնը կը ճանչցուի, ամէն տարի կ՚ունենայ աւելի քան 2000 հանդիսատեսներ, որոնց մէկ մասը տարբեր քաղաքներէ Թորոնթօ կը ժամանեն յատկապէս այս առիթով:

Երեքէն չորս օրերու ընթացքին, աւելի քան 35 ֆիլմեր կը ցուցադրուին հանրութեան: Ցուցադրութիւններու կողքին, փառատօնի տարեկան Կալան կ՚ունենայ մեծաթիւ ներկաներ, որոնք հնարաւորութիւն կ՚ունենան աշխարհի տարբեր անկիւններէ ժամանած բեմադրիչներու, արտադրիչներու, դերասաններու, հեղինակներու հետ ծանօթանալու եւ զրուցելու: Փառատօնին իրենց մնայուն ներկայութեամբ, շարունակական աջակցութիւն կը բերեն Աթոմ Էկոյեան, Արսինէ Խանճեան եւ National Film Board of Canadaի անդամ եւ արտադրիչ՝ Սիլվա Պասմաճեան, վերջինը այլ անուններու շարքին, իբր POMի դատական կազմի երկարամեայ ամենամեայ մասնակից։

Փառատօնի յայտագիրը կ’ընդգրկէ մրցանակակիր ֆիլմեր եւ Գանատայի եւ Հիւսիսային Ամերիկայի տարածքին անոնցմէ ոմանց առաջին ցուցադրութիւնները: Փառատօնի ծիրէն ներս, ամէն տարի POM Grantը կը տրամադրուի խոստմնալից արուեստագէտի մը: Փառատօնը սովորաբար տեղի կ’ունենայ Հայ Կեդրոնի Համազգայինի թատերասրահին՝ իսկ մի քանի ֆիլմեր կը ցուցադրուին քաղաքի տարբեր թատերասրահներուն մէջ: Յանձնախումբը տքնաջան աշխատանք կը տանի ամէն տարի անմոռանալի փառատօն մը կազմակերպելու համար: Յաւելեալ տեղեկութիւններ կարելի է գտնել այցելելով POMի կայքէջը՝ www.pomegranatefilmfestival.com