Գրական խմբակ

Գրական խմբակԳրական խմբակ

Քառասուն տարիներէ իվեր, խումբ մը նուիրեալ թորոնթոհայերու ճիգերուն շնորհիւ, գրական ձեռնարկները գաղութի մշակութային կեանքին մէկ հիմնական երեսը կը կազմեն։ Այդ ձեռնարկներով հայ լեզուի եւ գրականութեան սէրը վառ կը մնայ գաղութին մէջ: Բազմաթիւ հռչակաւոր գրական դէմքեր անցած են Գլաձորէն, ինչպէս օրինակ՝ Արամ Հայկազը, Յակոբ Կարապենցը, Վահէ Օշականը եւ Վեհանոյշ Թեքեանը: Գրական յանձնախումբը կանոնաւոր հանդիպումներով կը ներկայացնէ հայ գրականութեան փայլուն դէմքերը, ինչպիսիք են՝ Մուշեղ Իշխանը, Սիլվա Կապուտիկեանը, Եղիշէ Չարենցը, Ուիլիամ Սարոյեանը, Արամ Հայկազը, Վահէ Օշականը, Պարոյր Սեւակը: Բաց աստի, Գրական խմբակը նաեւ կը կազմակերպէ ասմունքի եւ գրական/երաժշտական երեկոներ:

2011ին ստեղծուած է Երիտասարդներու գրական խմբակը, որուն նպատակն է առիթ ընծայել երիտասարդներուն՝ որպէսզի փնտռտուքներ կատարեն եւ ներկայացնեն իրենց նախասիրած գրագէտները, այդպիսով անոնց մօտ վառ պահելու հետաքրքրութիւնը մեր գրականութեան հանդէպ:

Ցարդ խմբակը կազմակերպած է շուրջ 40 ներկայացումներ, որոնք տրուած են 20 երիտասարդներու կողմէ. անոնցմէ ոմանք դարձած են Գրական խմբակի գործունեայ անդամներ: Հերթական հանդիպումներու ընթացքին, կը կատարուին անհատական եւ խմբային ներկայացումներ, ինչպէս նաեւ քննարկումներ՝ հեղինակի մը մասին կամ թեմաներու շուրջ, օրինակ՝ կին հեղինակներ, Ցեղասպանութեան տարիներու գրագէտներ, սէրը գրականութեան մէջ, եւ այլն: