Յարութիւն Մանուկեան գրադարան եւ գրատարած

Յարութիւն Մանուկեան գրադարան եւ գրատարածՅարութիւն Մանուկեան գրադարան եւ գրատարած

Համազգայինի Յարութիւն Մանուկեան գրադարանը թորոնթոհայ գաղութին կը ծառայէ աւելի քան 40 տարիներէ ի վեր: Գրադարանը կը հաշուէ հայերէն եւ անգլերէն լեզուներով աւելի քան 3000 գիրքեր եւ պարբերականներ, ինչպէս նաեւ խտասալիկներ, տեսահոլովակներ եւ յուշանուէրներ: Տարիներէ իվեր, Յ. Մանուկեան գրադարանը Թորոնթոյի հանրային գրադարանին կը հայթայթէ հայութեան մասին նոր հրատարակուած ամէն կարգի հատորներ:

Գրադարանը կը գտնուի Հայ Կեդրոնէն ներս եւ բաց է հանրութեան, ամէն ուրբաթ (կ.ե. ժամը 8-11) եւ կիրակի օրերը (կ.ա.11-կ.ե. 2):

Գրադարանի յանձնախումբը նաեւ կը կազմակերպէ գրքերու վաճառք թէ՛ գրադարանին եւ թէ՛ ՀՕՄի ամենօրեայ վարժարանին մէջ։ Գրադարանը հայերէն գրքերու, ինչպէս նաեւ հայութեան մասին լոյս տեսած կամ հայ հեղինակներու անգլերէնով հրատարակած գրքերու Հարաւային Օնթարիոյի ամենէն ընդարձակ կառոյցն է։ Գրադարանի յանձնախումբը նաեւ կը կազմակերպէ գիրքերու ներկայացումներ եւ գինեձօններ։