Հայերէնախօսութեան դասընթացքներ

Հայերէնախօսութեան դասընթացքներՀայերէնախօսութեան դասընթացքներ

Ամէն դպրոցական աշնանային վերամուտի, Գանատայի Շրջանային վարչութիւնը կը կազմակերպէս չափահասներու համար սկսնակ խօսակցական հայերէնի դասընթացքներ։ Դասընթացքի ընդհանուր տեւողութիւնն է 24 ժամ՝ 12 շաբաթներու ընթացքին։ Դասերը տեղի կ՚ունենան շաբաթ օրերը, ժամը 10էն 12, Մոնթրէալի Հայ Կեդրոնի «Մուշեղ Իշխան» գրադարանէն ներս։

Նկատի ունենալով Թագաժահրի բերմամբ առողջապահական վտանգներու առկայութիւնը, դասընթացքները այժմ տեղի կ՚ունենան առցանց։ Դասընթացքի ծրագրի պատրաստութիւնն ու դասաւանդումը ստանձնած է հայերէնի փորձառու ուսուցչուհի Տիկ. Սալբի Գասպարեան Խրիկեանը։

Բացի սկսնակներու մակարդակէն, Շրջանային վարչութիւնը նաեւ կը կազմակերպէ յառաջացեալ մակարդակի դասընթացք, եթէ մասնակիցները այդ պահանջեն։ Յառաջացեալ մակարդակի ծրագիրը խօսակցականին կողքին կը ներառէ  գրաճանաչութեան, գրելու եւ կարդալու բաժինները։