Ի հետեւումն մեր Գրաբարեան ասոյթներ խորագրեալ 20 յունուար 2024ի դասին, ԼՇՀ դասընթացքի տնօրէն Վիգէն Թիւֆէնքճեանը շաբաթ, 20 սեպտեմբեր 2025ին ներկայացուց Գրաբարեան ասոյթներ Բ. դասանիւթը, որ կը միտէր ուսանողներուն ուշադրութիւնը հրաւիրել գրաբարէն մեզի հասած ու տակաւին գործածական խումբ մը ասոյթներու վրայ։
Թիւֆէնքճեանի ներկայացումը կը բաղկանար 23 խօսքերէ եւ Ի նախադրութեամբ սկսող 12 արտայայտութիւններէ, որոնք ան ուսանողներուն ներկայացուց սահիկներով։ 23 ասոյթները կու գային զանազան ոլորտներէ, ինչպէս Հին եւ Նոր կտակարաններէն, գողթան երգերու, շարականներու եւ տաղերու խօսքերէն, հայրենասիրական երգերու բառերէն, գրական գործերու վերնագրերէն եւլն.։ Պաստառին վրայ երեւցող իւրաքանչիւր խօսքի վրայ կանգ առնելով, Թիւֆէնքճեան հրաւիրեց ուսանողները որ նախ հասկնան տուեալ խօսքին իմաստը, ապա գտնեն այն շրջածիրը ուր խօսքը տակաւին կը գործածուի, եւ ի վերջոյ անդրադառնան մեր առօրեային մէջ գրաբարեան ասոյթներու առկայութեան։ Ուսանողները մեծ հետաքրքրութեամբ լծուեցան այս աշխատանքին։

Դադարէն ետք, Թիւֆէնքճեան ուսանողներուն տուաւ Ի նախադրութեամբ սկսող հետեւեալ խօսքերը.
- Ի բնէ
- Ի բարձունս
- Ի դէպ
- Ի զուր
- Ի ծնէ
- Ի հեճուկս
- Ի տաճարիդ
- Ի մօտոյ
- Ի սկզբանէ
- Ի ծովուն
- Ի կենդանութեան
- Ի մխիթարութիւն
Դասախօսը բացատրեց, որ վերի օրինակներուն մէջ, Ի տառը ունի մէկէ աւելի իմաստներ, ինչպէս օրինակ՝ բացառական հոլովի իմաստը – ի բնէ, ի ծնէ, ի մօտոյ, ի սկզբանէ, դէպի իմաստը – ի բարձունս, նպատակ կամ համար իմաստը – ի զուր, ի հեճուկս, ի դէպ, մէջ իմաստը – ի տաճարիդ, ի ծովուն, ժամանակ իմաստը – ի կենդանութեան եւ իբրեւ կամ որպէս իմաստը – ի մխիթարութիւն։ Ապա ան հրաւիրեց ուսանողները, որ իրե՛նք գտնեն դարձեալ Ի նախադրութեամբ սկսող այլ արտայայտութիւններ, եւ ուսանողները խանդավառութեամբ կատարեցին այդ պարտականութիւնը, եւ կրցան ի մի բերել տասնհինգ արտայայտութիւններ կամ խօսքեր, որոնց մէկ կարեւոր տոկոսը կը գործածենք բոլորս։
