ԼՇՀ դասընթացքի Աշուն 2025 եռամսեակի վերամուտը կայացաւ Շաբաթ 13 սեպտեմբեր 2025ին։
Դասընթացքի տնօրէն Վիգէն Թիւֆէնքճեան նախ բարի գալուստ մաղթեց վերադարձող եւ նոր ուսանողներուն։ Յաջորդաբար, ան ներկայացուց այս եռամսեակի դասանիւթերու եւ դասախօսներու ցանկը, որոնց մէջ ընդգծելի են Եւրոպայէն հրաւիրուած Դոկտ. Մարկ Նշանեանը եւ գրականագէտ Կարէն Ջալլադեանը։
Առաջին դասապահին համար, Թիւֆէնքճեան պատրաստած էր երկու աշխատանոցներ, առաջինը զարգացնելու ուսանողներու խմբագրական՝ իսկ երկրորդը անոնց շարահիւսական ճարտարութիւնները։ Խմբագրական աշխատանոցին համար, Թիւֆէնքճեան ընտրած էր Օթթաուայի Սբ. Մեսրոպ Հայց. Առաք. եկեղեցւոյ հովիւին եւ Ծխական խորհուրդին՝ տեղւոյն հայ համայնքին վերջերս ուղարկած «Վերաթարմացուած տեղեկութիւն» վերնագրուած հաղորդագրութիւնը, եկեղեցւոյ նորոգութեան աշխատանքներու մօտալուտ աւարտին մասին։

Աշխատանոցը սկսաւ յիշեալ գրութեան լեզուական, ուղղագրական, քերականական եւ շարահիւսական վրէպները գտնելու աշխատանքով, որ ուսանողները կատարեցին առանձնաբար։ Անկէ ետք, խմբային դրութեամբ անոնք առաջարկեցին գրութիւնը սրբագրելու եւ զայն բարելաւելու զանազան բարեփոխումներ։
Դադարէն ետք, Թիւֆէնքճեան անցաւ համառօտ եւ ընդարձակ նախադասութիւններ աշխատանոցին։ Գործնական օրինակներու մատուցումով, ան նախ բացատրեց թէ ինչպէս կարելի է համառօտ նախադասութիւն մը ընդարձակել։ Ապա ուսանողները ստացան քսան համառօտ նախադասութիւններ, զանոնք անհատապէս ընդարձակելու պատուէրով։

Աշխատանոցի աւարտին, իւրաքանչիւր ուսանող պատեհութիւնը ունեցաւ իր պատրաստած ընդարձակ նախադասութիւնը բարձրաձայն ընթերցելու, իսկ Թիւֆէնքճեան կատարեց իւրաքանչիւրին պատշաճ նկատողութիւններն ու թելադրութիւնները։