Շաբաթ, 17 մայիս 2025ին, ԼՇՀ դասընթացքի ութերորդ եռամսեակը հասաւ իր աւարտին։ Այդ օր, մեր հիւր դասախօսն էր Արժանթինէն Մոնթրէալ այցելող Դոկտ. Խաչիկ Տէր Ղուկասեանը, որ քաղաքական ու միջազգային յարաբերութիւններու մարզին մէջ իր մասնագիտութեան կողքին, կը զբաղի նաեւ գրականութեամբ։ Մեր խնդրանքով, ան ստանձնած էր այդ օրուան դասապահը, վարելու համար մանրապատմուածքներ յօրինելու աշխատանոց մը։

Դասընթացքի տնօրէն Վիգէն Թիւֆէնքճեանի օրուան դասախօսին կենսագրական գիծերու համառօտ թուումէն ետք, Տէր Ղուկասեան անմիջապէս սկսաւ մանրապատմուածքներու մասին ծանօթութիւններ ներկայացնել։ Այսպէս, մեր ուսանողները տեղեկացան, թէ մանրապատմուածքի անգլերէն անուան՝ micro-fictionի ստեղծողը եղած է մեքսիկացի գրող José Emilio Pacheco 1977ին, իսկ զայն իբր գրական ժանր առաջին ուսումնասիրողն էր Dolores M. Koch՝ 1981ին։ Այսօր թէեւ այս ժանրին մէջ ստեղծագործողները մեծաթիւ չեն, սակայն ութսունական թուականներէն սկսեալ, անոնք նկատառելի համայնք մը կը կազմեն։ Ղուկասեան նաեւ յայտնեց, որ այդ օրուան իր ներկայացման հիմք կը կազմեն մանրապատմուածքներու (micro relato կամ relato subito) մասին արժանթինցի գրող Ana Maria Shuaի առաջադրած տեսութիւնը եւ բացատրութիւնները։
Ապա դասախօսը խնդրեց ուսանողներէն, որ թուեն իրենց ծանօթ այլազան կարճ գրութիւններու տեսակները։ Այդ թուումէն կազմուեցաւ հետեւեալ ցանկը. հեռագրեր, շնորհակալագրեր, ծանուցումներ, կատակներ, ասացուածքներ, առակներ եւ մեր օրերուն՝ Twitter կամ X հարթակներու գրութիւնները։ Դասախօսը դիտել տուաւ, որ այդ ցանկին վրայ երեւցող գրութիւններէն ոմանք մաս չեն կազմեր գրականութեան կալուածին (հեռագիր, ծանուցում եւլն.), սակայն կարելի է զանոնք ներկայացնել իբր գրական արտադրութիւն։ Գալով հայ գրականութեան, մենք ալ ունեցած ենք կարճ գրութիւններ,- հայրէնները (Նահապետ Քուչակ), քառեակները (Յովհաննէս Թումանեան), նորավէպերը (Գրիգոր Զօհրապ, Լեւոն Բաշալեան), իսկ եօթանասունական թուականներուն Վարդգէս Պետրոսեանի էսքիզները։
Այս մուտքէն ետք, Տէր Ղուկասեան բացատրեց, որ ըստ Shuaի, կարելի է մանրապատմուածքները դիտել իբր այլեւայլ գրութիւններու կեդրոնը , իսկ կարճ բանաստեղծութիւններ, ասացուափքներ եւ կատակային դրուագներ կը շրջանակեն զայն։ Այսօր, անգլօ-ամերիկեան աշխարհին մէջ flash fiction գրութիւնները կը սահմանուին հազար կամ անկէ նուազ բառերով, իսկ micro-fictionները՝ երեք հարիւր կամ անկէ նուազ բառերով։ Սպանախօս աշխարհին մէջ, այս վերջիններէն թերեւս ամենէն համբաւաւորն է կուաթեմալացի գրող Augusto Monterrosoի El dinosauro (հոյամողէզը) մանրապատմուածքը, որ ունի միայն մէկ տող.
Cuando despertó, el dinosaurio todavía estaba allí. (երբ արթնցաւ, հոյամողէզը տակաւին այնտեղ էր)
Դասախօսը դիտել տուաւ, որ յաջող կը նկատուին այն մանրապատմուածքները, որոնք մէջբերուածին նման, մեկնաբանութիւններու տուն կու տան. այդպիսով, հեղինակ ու ընթերցող հաւասարապէս ստեղծագործող կը դառնան։ Դարձեալ ըստ Shuaի, մանրապատմուածքի հիմնական տարրերն են.
ա) համառօտութիւնը. այս կ՚ենթադրէ, որ հեղինակի ընտրած իւրաքանչիւր բառը պէտք է անհրաժեշտ ըլլայ ու տեղին.
բ) ներգործօնականութիւնը. մանրապատմուածքը պէտք է ըլլայ ազդեցիկ ու անակնկալի բերէ ընթերցողը.
գ) մանրապատմուածքի ծիրը կամ պատումին շրջագիծը աւելի ծաւալուն պէտք է ըլլայ քան անոր բովանդակութիւնը.
դ) ճկունութիւնը. մանրապատմուածքի կառոյցը պէտք ըլլայ խիստ ճկուն։
Shua նաեւ հաստատած է, ըսաւ Տէր Ղուկասեան, որ մանրապատմուածքի հեղինակը ադամանդատաշ է. այնպէս որ, ան ուշադիր պէտք է ըլլայ իր բառապաշարին, բայերը նախընտրելով մակբայերէն, խուսափելով նկարագրական տողերէ, եւ գրութիւնը աւարտէ անխուսափելի վերջաւորութեամբ մը. միաժամանակ, կրնայ պատահիլ, որ մանրապատմուածքի չունենայ վերջնական աւարտ մը։
Տէր Ղուկասեանի ներկայացման ընթացքին, ուսանողները յաճախադէպ հարցումներ կ՚ուղղէին դասախօսին, եւ կը ստանային լրացուցիչ բացատրութիւններ։
Դասապահի դադարէն ետք, Տէր Ղուկասեան վարեց գրավարժութեան աշխատանոց մը, որու ընթացքին, ուսանողները պարտէին իրենց ներդրումով ամբողջացնել մանրապատմուածքի մը առաջին տողը, ինչպէս օրինակ՝ «Արունարբուին (vampire) պատկերը չ՚արտացոլար հայելիին մէջ», կամ՝ «սկսայ գրել, բայց, ընթերցող, պիտի անդրադառնաս որ որոշեցի չշարունակել»։ Ուսանողները խանդավառութեամբ լծուեցան աշխատանքի ու բարձրաձայն կարդացին իրենց պատասխանները։

Դասապահի վերջին ժամուն, Տէր Ղուկասեան ուսանողներուն տուաւ «երազահան» բառը, որու երկրորդ արմատէն մէկ գիր զեղչելով, ուսանողները պէտք է ստեղծէին նոր բառեր։ Ահաւասիկ այդ նոր բառերէն մի քանին.
- երազաբան
- երազարան
- երազաւան
- երազասան
- երազահէն
- երազահատ
- երազական
- երազաման
- երազահաճ
- երազահար
Յիշեալ ցանկէն երեք բառեր ընտրելով, ուսանողները պէտք է իրե՛նք յօրինէին մանրապատմուածք մը։ Իւրաքանչիւրը կարդաց իր գրածը, եւ անոնց մէջ ամենէն ուշագրաւն ու յաջողածը համարուեցաւ Ռիթա Վ.ի հետեւեալ յօրինումը.
Երազահան բացի երազաբան ըլլալու, երազահար եղայ։
Դասապահի աւարտէն առաջ, Տէր Ղուկասեան ուսանողներու կարդաց «Բագին« գրական հանդէսին մէջ իր հրատարակած մանրապատմուածքներէն մի քանին։ Այդ ընթերցումով ալ աւարտեցաւ ութերորդ եռամսեակի այս վերջին դասը, անջնջելի տպաւորութիւն յառաջացնելով ներկաներուն մօտ։
