Արիւն է եղել աշխարհում։– Եղել է եղեռն ու կռիւ։
Լեռնացել են ուժեր վիթխարի՝ ամեհի ելած իրար դէմ։
Աշխարհից հեռու մի գիւղում, եղէգնեայ մի սրինգ կտրած,
Արե՜ւ է երգել ու գարուն այս հիւանդ, հանճարեղ պատանին։–
Եղիշէ Չարենց
1929. X Լենինգրադ
Շաբաթ, 17 փետրուար 2024-ին, ԼՇՀ դասընթացքի «Եզակի հայ գրողներ» շարքին եկաւ միանալ բանաստեղծ եւ խմբագիր Յարութիւն Պէրպէրեանի սահիկներով դասախօսութիւնը՝ անզուգական բանաստեղծ Միսաք Մեծարենցի (Մեծատուրեան, 1886-1908) մասին։

Պէրպէրեան դասը սկսաւ Մեծարենցի կենսագրական տուեալներուն թուումով։ Այս բաժնին մէջ, ան մեր ուսանողներու ուշադրութեան յանձնեց, որ Մեծարենց կու գար Ակնի մօտակայ Բինկեան գիւղէն։ Ակնայ շրջանը, ըսաւ ան, ծանօթ է իր ծոցէն ծագում առած շարք մը գրողներով ու բանաստեղծներով՝ Արփիար Արփիարեան, Գրիգոր Զօհրապ, Սիամանթօ, Արշակ Չոպանեան եւ Մինաս Չերազ։ Դարձեալ Ակնն է Սասունցի Դաւիթ դիւցազնավէպի առաջին գրառման վայրը՝ ձեռամբ Գարեգին Եպս. Սրուանձտեանցի։

1894-ին, Մեծատուրեանները կը մեկնին Բինկեանէն ու կը հաստատուին Սեբաստիա։ Հոն՝ փողոցին մէջ, պատանի Միսաքին վրայ կը յարձակին խումբ մը տարեկից մսավաճառի աշկերտ տղաք, որոնք զինք սաստիկ կը ծեծեն ու թեւը կը վիրաւորեն զմելիով։ Այս պատահարը խորապէս կը ցաւցնէ պատանի Միսաքի զգայուն հոգին։ Անկէ ամիսներ անց, թոքախտի առաջին նշանները կ՚երեւին իր վրայ։ Բուժման կարճ շրջանէ մը ետք, Մեծարենց յաջորդ տարի կ՚երթայ Պոլիս՝ հօր մօտ ու կը սկսի յաճախել Կեդրոնական վարժարանը, ուր կը սորվի ֆրանսերէն ու անգլերէն, սակայն երբ հիւանդութիւնը կը վերադառնայ, ուսումը կիսաւարտ կը թողու ստիպողաբար։
Գրական հրապարակին վրայ Մեծարենցի առաջին երեւումները ստորագրուած են Շաւասպ, Ծիածան, Հրաչեայ եւ նոյնիսկ՝ օրիորդ Սիրանոյշ Պէրպէրեան ծածկանուններով։ Իր բանաստեղծութիւններու Բաբախումներ հաւաքածոն նուիրած է իր ուսուցիչներէն Հրանտ Ասատուրի։
1906-ին հրատարակութեան կը պատրաստէ իր երախայրիքը՝ Ոսկի արիշին տակ վերնագրով, սակայն թրքական գրաքննութիւնը չ՚արտօներ անոր տպագրութիւնը։ Մեծարենց զայն կը վերախմբագրէ Ծիածան խորագրով, եւ հատորը կը տպագրուի 1907-ի յունիսին։ Անկէ երեք ամիս ետք, Մեծարենց լոյս կ՚ընծայէ իր երկրորդ ժողովածուն՝ Նոր տաղերը։


Յաջորդաբար, Պէրպէրեան մատենագիտական տեղեկութիւններ տուաւ Մեծարենցի երկերուն մասին, յատկապէս կեդրոնանալով երկու հրատարակութիւններու վրայ. առաջինը՝ Միսաք Մեծարենց երկերի լիակատար ժողովածու հատորը, խմբագիրներ՝ Ալբերտ Շարուրեան եւ Էդուարդ Ջրբաշեան (Երեւան, 1981), եւ երկրորդը՝ Միսաք Մեծարենց ամբողջական երկեր, խմբագիր՝ Պօղոս Սնապեան (Անթիլիաս, 1986): Այս երկու հատորներուն մէջ ամփոփուած են Մեծարենցի հատորով լոյս տեսած եւ անոնցմէ դուրս մնացած բոլոր բանաստեղծութիւնները, ինչպէս նաեւ թարգմանութիւնները (Ճոֆրի Չոսըրէն, Օսկար Ուայլտէն եւ ուրիշներէ), նամակները եւ մամուլի մէջ հրատարակուած գրաքննադատական էջերը։ Այս վերջիններուն մէջ, ըսաւ Պէրպէրեան, ի յայտ կու գայ հասուն քննադատական միտքը բանաստեղծին, որ չի վարանիր լուսարձակի տակ բերելու ի՛ր իսկ ստեղծագործութիւնները, մանաւանդ ի պատասխան օրուան «քննադատներ»ուն (Ենովք Արմէն, Փայլակ), որոնք իր բանաստեղծութիւններու խորհրդապաշտութիւնը (symbolism) առարկելի կը գտնեն։ Բաց աստի, Պէրպէրեան ընդգծեց շշմեցուցիչ տարողութիւնը Մեծարենցի բառապաշարին, օրինակներ տալով այն ծաղիկներու եւ թանկարժէք քարերու անուններէն, որոնց կը հանդիպինք իր գործերուն մէջ։ Նոյնքան ապշեցուցիչ է Մեծարենցի ստեղծագործական կեանքին խտութիւնը, ըսաւ դասախօսը։ Մի քանի տարուան մէջ, կարծէք մօտեցող մահը կանխազգալով, ան տուած է իր գլուխ-գործոցները, որոնց մէջ իր անձնական փորձառութենէն (փխրուն առողջութիւնը) մեկնելով՝ ան կ՚երթայ անանձնականին, «ձայնային հրավառութեամբ» մը տալով բնութեան հետ միաձուլուելու իր բաղձանքը։
Դասի յաջորդ բաժնով, Պէրպէրեան ուսանողներուն ցրուեց չորս բանաստեղծութիւններ Մեծարենցէն՝ «Ձմրան պարզ գիշեր», «Աստուածամա՜ր», «Ըլլայի»ներու շարքէն՝ «Իրիկունը» եւ «Արդի մարդուն հայր մերը»։ Պէրպէրեան վերլուծական ընթերցում մը կատարեց այդ չորսէն առաջին երկուքին, անդրադառնալով այնտեղ պարզուող խորհուրդներուն եւ պատկերներուն, որոնք տասնամեակով մը կը կանխեն 1910-ական թուականներուն ծաւալած արդիականութեան շարժումի (modernism) մէկ ճիւղաւորումին՝ պատկերաւորութեան (imagism):

Կարճ դադարէ մը ետք, ուսանողները վերադարձան դասասրահ ու լծուեցան խմբակային աշխատանքով վերլուծելու «Իրիկունը» եւ «Արդի մարդուն հայր մերը» բանաստեղծութիւնները, դասապահի վերջաւորութեան իրենց մեկնութիւնները մէկզմէկու ներկայացնելու համար։
