Թարգմանութեան աշխատանոց

ԼՇՀ դասընթացքի բոլոր եռամսեակներուն, առնուազն մէկ անգամ, ուսանողները կը լծուին թարգմանական աշխատանքի։ Այդպիսով, անոնք մէկ կողմէ կ՚անդրադառնան բառերուն մէջ թաքնուած իմաստի երանգներուն, իսկ միւս կողմէ կը խորացնեն իրենց արեւմտահայերէնի տիրապետութիւնը։ Ահա այդպիսի աշխատանոց մըն էր որ կայացաւ Շաբաթ, 3 փետրուար 2024-ի դասին։ Այդ օր, Վիգէն Թիւֆէնքճեան ուսանողներուն բերած էր չորս անգլերէն երգերու բառեր, որպէսզի անոնք խմբային աշխատանքով այդ երգերու խօսքերը վերածեն հայերէնի։

Վիգէն Թիւֆէնքճեան

Աշխատանոցը սկսելէ առաջ, Թիւֆէնքճեան ուսանողներուն ներկայացուց YouTube կայանէն Indochine ֆրանսական խումբին J’ai demandé à la lune երգը եւ անոր խօսքերուն իր կատարած հայերէն թարգմանութիւնը։

Թիւֆէնքճեան ուսանողներու ուշադրութիւնը հրաւիրեց այս երգի թարգմանութեան ընթացքին իր կատարած ընտրութիւններուն վրայ, ինչպէս օրինակ՝ փակագիծերու գործածութիւնը արեւէն գաղտնի խօսքի պարագային, բառի մը նախընտրութիւնը մէկ այլ բառէն այրուցք-այրուածքծաղրեց-վրաս խնդաց, եւլն.։

Յաջորդաբար, ուսանողները լսեցին չորս երգեր. Cat Stevens-ի “Father and Son”-ը, Harry Chapin-ի “Cat’s in the Cradle”-ը, Simon and Garfunkel-ի “Red Rubber Ball”-ը եւ Leonard Cohen-ի “Dance Me to the End of Love”-ը, իսկ աշխատանոցի ընթացքին, անոնք հայերէնի թարգմանեցին այս չորս երգերէն երեքին խօսքերը, եւ ընթերցեցին զանոնք իրենց դասընկերներուն։ Կատարուած աշխատանքը արժանացաւ բոլորի ծափերուն։