Համադրական ակնարկ մը հայ թատրոնի պատմութեան վրայ

Սեպտեմբեր 2023-էն ի վեր, ԼՇՀ դասընթացքը կ՚ընթանայ երեք ուղղութիւններով. բացի լեզուական գիտելիքներու դասաւանդութենէն, կը մատուցենք գրականագիտական ծանօթութիւններ եւ կը ներկայացնենք հայկական մշակոյթի բնագաւառէն նիւթեր։ Ահա՛ այս վերջին մարզէն էր շաբաթ, 24 փետրուար 2024-ի դասը՝ «Համադրական ակնարկ մը հայ թատրոնի պատմութեան վրայ», զոր սահիկներով ներկայացուց ԼՇՀ դասընթացքի տնօրէն Վիգէն Թիւֆէնքճեանը։ Ան դասը սկսաւ բացատրելով, որ նիւթը բաժնած էր երեք ժամանակագրական շրջաններու.

  • Նախաքրիստոնէական ժամանակներ – Ե. դար
  • Ե. – ԺԷ. դարեր
  • ԺԷ. – Ի. դարեր

Նախաքրիստոնէական ժամանակներ

Անդրադառնալով այս շրջանին, Թիւֆէնքճեան յայտնեց, որ առաջին հայ թատերագիրը որուն յիշատակման արձանագրութիւնը ունինք, Մեծն Տիգրանի որդին՝ Արտաւազդ Բ. թագաւորն է (գահակալ՝ 53–34 ՆՔ)։ Արդարեւ, յոյն պատմաբան եւ փիլիսոփայ Պղուտարքոս (Plutarch c. 46-c. 120 AD), իր Զուգակշիռք (Parallel Lives) պատմագրական երկին մէջ կը յայտնէ, թէ հայոց արքան հեղինակ էր ողբերգութիւններու, ճառերու եւ պատմութիւններու, որոնք մինչեւ իր օրերը տակաւին գոյութիւն ունէին։

Արտաւազդ Բ.ի վերաբերող նշումը Պղուտարքոսի Զուգակշիռք գործէն (թրգմ. Հ. Եղիա Թոմաճան, Սբ. Ղազարի տպարան, Վենետիկ, 1834)

Արտաւազդ Բ.ի օրերուն, արեւմտեան քաղաքակրթութեան մէջ, թատրոնի նախօրինակը կու գար հին Յունաստանէն։ Պղուտարքոսի յիշատակութիւնը մեզի ենթադրել կու տայ, թէ անիկա տիրական էր եւ Հայաստանի մէջ։ Յաջորդող դարերուն, երբ դասական յունական թատրոնը հետզհետէ կը փոխարինուէր հռոմէական թատրոնի կրկէսային ելոյթներով, Հայաստանի մէջ եւս թատրոնը կը զարգանար այդ ուղղութեամբ։

Ե. – ԺԷ. դարեր

Դասախօսութեան երկրորդ բաժնին անցնելով, Թիւֆէնքճեան յայտնեց, որ Դ.-Ե. դարերուն Հայաստանի մէջ կը սկսին երեւիլ վարձակները, որոնք արքունական շրջանակներու մէջ՝ իրենց ելոյթներով գայթակղեցնող կին գուսաններ էին։ Իր Պատմութիւն հայոց գործին մէջ, Մովսէս Խորենացի կը պատմէ Սիւնեաց Բակուր իշխանի Նազինիկ անունով վարձակին մասին, որու հրապոյրէն առինքնուած՝ Տրդատ թագաւորը զայն կ՚առեւանգէ (Գիրք Բ. Գլուխ ԿԳ)։ Տասնհինգ դարեր ետք, Դանիէլ Վարուժան այս դրուագը պիտի վերածէր «Հարճը» խորագրով երկարաշունչ բանաստեղծութեան մը։

Ի տես հայկական թատրոնի յիշեալ հոլովոյթին, Հայաստանեայց եկեղեցւոյ հայրերը բուռն պայքար կը ծաւալեն թատերական կեանքին դէմ։ Ե. դարուն, Յովհաննէս Մանդակունի կաթողիկոսը իր Ճառք գործին ԺԷ. գլուխին մէջ կը գրէ. «Ինչպէ՞ս կործանենք պիղծ թատերախաղերու տեղերը, որոնք մահաբեր որոգայթներ են, բազում չարիքով լեցուած ժողովարաններ, բոլոր ախտերու արուեստանոցներ։ […] Այնտեղէն են նաեւ զանազան պղծութիւնները, որոնց մասին խօսելն իսկ աղտեղի է» (Ճառք, Բ. տպագրութիւն. հրատ. Սբ. Ղազարի տպարան, Վենետիկ, 1860, էջ 133): Հակառակ եկեղեցական հաստատութեան մղած պայքարին, թատրոնի կատարողական տարրերը Միջին Դարերուն եւ նոյնիսկ անկէ անդին կը գոյատեւեն, յատկապէս ժողովրդական մշակոյթին մէջ (Բարեկենդան, հարսանեկան աւանդութիւններ, ժողովրդական խաղեր եւլն)։

Ապա Թիւֆէնքճեան նշեց, որ արդի պատկերացումով առաջին հայերէնով ներկայացումը որուն արձանագրութիւնը ունինք, Մարտիրոսութիւն Սրբոյն Հռիփսիմէի խորագրով թատերախաղին բեմադրութիւնն է՝ Լեհաստանի Լվով քաղաքին մէջ (այսօր Ուքրանիոյ Լվիւ քաղաքը), 1668-ին. իսկ անդրանիկ տպագրուած թատերախաղը 1812-ին Մատրաս լոյս տեսած՝ Ողբերգութիւն ՚ի վերայ մահուան Յուլիոս Կեսարոսի վերնագրով հայերէն թարգմանութիւնն է Վոլթէրի La mort de César (1735) գործին։

Նոյն թուականներուն, հայկական թատրոնը կը մտնէ դպրոցական ներկայացումներու շրջածիրը։ Այդ մարզին ռահվիրաները եղած են Մխիթարեան միաբանութեան հայրերը, որոնք 1700-ական թուականներուն, Սբ. Ղազար կղզիին վրայ, նորընծաներով կը կազմակերպէին շարք մը թատերական ներկայացումներ։ Յաջորդ հարիւրամեակին, նոյնպիսի գործունէութեան փաստերը կը գտնենք Մխիթարեաններու այլուր (Խրիմ, Կոստանդնուպոլիս) հիմնած վարժարաններուն մէջ։ Այդ ներկայացումները, ընդհանրապէս գրաբարով, գրեթէ միշտ կը պատկերէին կա՛մ Հայոց պատմութենէն դէմքեր ու դէպքեր, կա՛մ կրօնական դրուագներ։ Ասոնց կողքին, կը ներկայացուէին նաեւ զաւեշտական բնոյթի կտորներ, որոնց մէջ ժողովրդական լեզուի գործածութիւնը բեմ կը հանէր թրքախառն աշխարհաբար լեզու մը, որ հետզհետէ պիտի մաքրուէր ու կոկուէր։

ԺԷ. – Ի. դարեր

Արամեան թատերախումբը

ԺԹ. դարու կէսերուն, թատրոնը դուրս կ՚ելլէ դպրոցական շրջանակէն։ 1846-ին, Կոստանդնուպոլսոյ մէջ, լարախաղաց Յովհաննէս Գասպարեան (1826-67) կը կազմէ իր սեփական թատերախումբը, որ մէկ տարի իր հիմնադրին անունը կրելէ ետք, կը վերանուանակոչուի Արամեան թատերախումբ անունով։ Գասպարեանի թատերական պատրաստութիւնը սահմանափակ էր. ան գլխաւորաբար իր ցուցադրէր իր լարախաղային եւ մարմնամարզական ճարտարութիւնները։ Հետեւաբար, Արամեան թատերախումբի ներկայացումները բաղկացած էին նախ լարախաղացներու՝ ապա դերակատարներու ելոյթներով։ Ընդգծելի է, որ թատերախումբի շուրջ 80 հոգի հաշուող անձնակազմը ունէր վարագոյրին ետեւ գործողներ՝ բեմադրիչ, թարգմանող, երաժշտութեան պատասխանատու, որմազդներ պատրաստող եւ բեմայարդար, որոնք մնայուն աշխատավարձ կը ստանային։ Արամեան թատերախումբը նաեւ կը յիշուի իբր առաջինը, որ Արեւելահայաստանի գաղութներուն մէջ շրջապտոյտի կ՚ելլէ 1849-51 տարիներուն։ Կոստանդնուպոլիս վերադարձէն ետք, թատերախումբը կը շարունակէ գործել մինչեւ 1866:

Արամեանէն ետք, կը սկսի իսկական թատերախումբերու ժամանակաշրջանը, Մկրտիչ Պէշիկթաշլեանի (1828-68) եւ Սրապիոն Հէքիմեանի (1832-92) առաջնորդութեամբ։ Անոնք երկուքն ալ Մխիթարեաններ ուսանողներ՝ այնտեղէն իրենց հետ բերած էին սէրը թատրոնի հանդէպ։ Անոնք յատուկ ուշադրութիւն կը դարձնեն թատերախաղերու ընտրութեան, հանրութեան հրամցնելով թէ ինքնագիր եւ թէ թարգմանական կտորներ, եւ կը համախմբեն դերասանական ոյժեր, ինչպէս Ստեփան Էքշեանը, Մարտիրոս Մնակեանը, Պետրոս Մաղաքեանը, Թովմաս Ֆասուլեաճեանը, Դաւիթ Թրեանցը, Սերովբէ Պէնկլեանը, Արուսեակ Փափազեանը, իսկ աւելի ուշ՝ Պետրոս Ադամեանը։ Հէքիմեանի անուան հետ կապուած է նաեւ առաջին արեւմտահայ կիներու բեմին վրայ երեւումը, յանձինն՝ Արուսեակ (Մարիամ) Փափազեանի եւ Երանուհի Գարագաշեանի:

Այդ երկու դերասանուհիներուն կը հետեւին այլ տաղանդաւոր կիներ՝ Աստղիկ, Ազնիւ-Հրաչեայ, Մարի-Նուարդ, Թագուհի-Հերանոյշ, Շազիկ, Վերգինէ Գարագաշեան, Զապէլ Հէքիմեան, Աղաւնի-Զապէլ, Գոհարիկ Շիրինեան եւ Վարդիթեր ու Մարի-Հրանոյշ Ֆելէկեան քոյրերը։ ԺԹ. դարու վերջին քառորդին, պոլսական թատերախումբերու թիւը կը բազմապատկուի. իրար ետեւէ կը կազմուին Յակոբ Վարդովեանի, Պետրոս Մաղաքեանի, Սերովբէ Պէնկլեանի, Թովմաս Ֆասուլեաճեանի եւ Մարտիրոս Մնակեանի խումբերը (այս անուններէն Վարդովեանինը մտած է թրքական պաշտօնական պատմութեան մէջ, որովհետեւ ան հաւատափոխ դառնալով ու անունը Güllü Agop-ի փոխելով, հիմը դրած է թրքական թատրոնին)։

Դասապահի երկրորդ կիսուն, Թիւֆէնքճեան ներկայացուց արեւելահայ թատրոնի նախաքայլերու պատմութիւնը։ Ան խօսեցաւ Նոր Նախիջեւանի բեմադրութիւններուն (1837), Մոսկուայի ուսանողական թատրոնին (1859), Խաչատուր Աբովեանի թատերագրական փորձերուն եւ 1860-ականներուն Թիֆլիսի մէջ Գէորգ Չմշկեանի (1837-1916) «Հայկական թատրոն»ի ներկայացումներուն մասին, որոնց անդրանիկը եղած է Գաբրիէլ Սունդուկեանցի (1825-1912) Գիշերուայ սաբրը խեր է կատակերգութիւնը, թիֆլիսահայ բարբառով։

Յաջորդաբար, դասախօսը ներկայացուց հայկական թատրոնի պատմութեան մէջ իրենց պատուաւոր դիրքը գրաւող չորս դերակատարներ, Պետրոս Ադամեան (1849-91), Սիրանոյշ (Մէօհրիւպէ Գանթարճեան 1857-1932), Վահրամ Փափազեան (1888-1968) եւ Արուս Ոսկանեան (1889-1943): Անոնք բոլորն ալ իրենց հայ թէ ոչ-հայ հանդիսատեսներուն տուած են վայելքի պահեր, բեմին վրայ կենդանացնելով Շէյքսփիրեան կերպարներէն Համլէթը, Օթելլոն, Արքայ Լիրը, Օֆելիան եւ Տեզտեմոնան։

Դասի վերջին բաժնին մէջ, Թիւֆէնքճեան անդրադարձաւ հայկական սփիւռքի յետ-Եղեռնեան շրջանի թատերական գործունէութեան, որ սկզբնական շրջանին կը յատկանշուի գաղութէ-գաղութ շրջող եւ տեղական ոյժերով ներկայացումներ պատրաստող բեմադրիչներով՝ Աշոտ Մատաթեան, Մանուէլ Մարութեան, Եդուարդ Չափրաստ, Արփիար Վարդեան եւ այլք։ Վերջապէս, նշեց դասախօսը, այդ ժամանակաշրջանի առաջին մնայուն թատերախումբը եղած է Գասպար Իփէկեանի 1941-ին հիմնած «Համազգայինի թատերասէրներ»ը, որ յետագային պիտի կոչուէր իր անունով։

Վերոյիշեալը ամփոփ նկարագրականն է Թիւֆէնքճեանի դասախօսութեան, որուն մանրամասնութիւնները եւ աղբիւրները կարելի է գտնել դասախօսութեան տեսերիզին կամ սահիկներուն մէջ։