Ի՞նչ է պատմուածքը

ԼՇՀ դասընթացքի ծրագրին մէջ կարեւոր տեղ կը գրաւեն գրականագիտական գիտելիքները։ Այդ ծիրին մէջ, շաբաթ 3 փետրուարի դասը յատկացուցած էինք գեղարուեստական արձակի սեռերէն՝ պատմուածքին, որուն տեսական յատկանիշերը եւ անոնց գործնական կիրառութիւնները սահիկներով ներկայացուց բանաստեղծ եւ թարգմանիչ Անոյշ Ակներեան։

Անոյշ Ակներեան

Դասախօսը նախ թուեց պատմողական արձակի գլխաւոր երեք սեռերը՝ վէպը, վիպակը եւ պատմուածքը եւ տուաւ իւրաքանչիւրին կարճ սահմանումը։ Անդրադառնալով վերջինին, Ակներեան յիշեց պատմուածքին նախատիպերը՝ միջադէպը, առակը եւ հէքեաթը, ինչպէս նաեւ պատմուածքին «ներկայ փոքր ազգականները»՝ կարճ պատմուածքը (flash fiction), ուրուանկարը (sketch) եւ vignette-ը։

Դասախօսութեան յաջորդ բաժնով, Ակներեան տուաւ դասական պատմուածքի ծրագրային (կամ դիպաշարային) գծապատկերը, որ սկիզբ կ՚առնէ «գործողութեան մը, բախումի մը կամ փոփոխութեան կէտի մը բացայայտումով»։ Անոր կը յաջորդէ պատմուածքին զարգացող գործողութեան բաժինը, որ «հետզհետէ կ՚ուժեղանայ իր խճճուածութեան մէջ՝ մինչ պատմուածքը կը զարգանայ եւ կը մօտենայ պատմուածքին ամենէն ցայտուն կէտին՝ պատումի գագաթնակէտին»։ Անկէ ետք, գործողութեան թափը հետզհետէ կը նուազի եւ պատմութիւնը «կը սկսի ուղղուիլ դէպի իր լուծումը»։

Յաջորդաբար, դասախօսը թուեց պատմուածքին կառուցային եւ խորքային յատկանիշերը, որոնք կու գան հետեւեալ ցանկէն.

  • Համառօտութիւն
  • Կիզակէտ
  • Կերպարի զարգացում
  • Խորհրդանիշեր
  • Պատկերաւորում
  • Անորոշ վերջաւորութիւն
  • Իւրայատուկ ոճ
  • Կերպարներու եւ միջավայրի սահմանափակում
  • Խուզարկում մարդկային բնութեան եւ ընկերային հարցերու
  • Երկխօսութեան ազդու գործածութիւն
  • Լեզուի խնայողական գործածութիւն

Գալով պատմուածքին եւ վէպին տարբերութիւններուն, Ակներեան նշեց, որ պատմուածքը կ՚ունենայ 1,000-7,500 բառ, մինչ վէպը 80,000 եւ աւելի բառ. պատմուածքին կերպար(ներ)ը նուազ խորունկ կ՚ըլլան քան վէպինները։ Դիպաշարը մէկ եւ միակ է պատմուածքին մէջ, մինչ վէպը կրնայ ունենալ ենթադիպաշարներ եւլն.։

Դասին երկրորդ բաժնով, Ակներեան ուսանողներուն տուաւ Յակոբ Մնձուրիէն երկու պատմուածք՝ Կապոյտ լոյս ժողովածուէն «Հաց ուզելու պէս»ը եւ Արմտանէն «Փշատիին ծաղիկը»։ Ուսանողները մեծ հաճոյքով ընթերցեցին գիւղական կեանքէն վերցուած այդ երկու պատմութիւնները, անոնց մէջ գտնելով պատմուածքի վերոնշեալ յատկանիշերը եւ վերլուծելով կերպարներու հոգեբանութիւնը։

Յակոբ Մնձուրի (Տեմիրճեան, 1886-1978)