ԼՇՀ դասընթացքի շաբաթ, 27 յունուար 2024-ի դասապահը յատկացուած էր նախորդ եռամսեակէն յետաձգուած ուսանողական աշխատանքներու ներկայացման։ Այդ օր, մեր ուսանողներէն չորսը՝ Անի Տումանեան, Ռիթա Վարդանեան, Ծովակ Շամլեան եւ Սիմոն Պաղտասարեան իրե՛նք ստանձնեցին դասաւանդողի դերը, եւ նախորդ ամիսներու ընթացքին իրենց կատարած ընթերցումներուն եւ պրպտումներուն արդիւնքը հրամցուցին իրենց դասընկերներուն։
Առաջին ներկայացումը Անի Տումանեանինն էր, որ ընտրած էր Ռափայէլ Պատկանեանի խօսքերով «Օրօրոցային» երգը (նաեւ ծանօթ երգին առաջին տողի բառերով՝ «Արի իմ սոխակ»)։ Իր բացատրութիւնները տալէ առաջ, Տումանեան ուսանողներուն ունկնդրել տուաւ երգը, կատարմամբ լայն ժողովրդականութիւն վայելող Զուլալ եռեակին. ապա ան ամփոփ տեղեկութիւններով խօսեցաւ Ռափայէլ Պատկանեանի կեանքին մասին (1830-92), մասնաւորաբար անդրադառնալով բանասստեղծին ապրած ժամանակի քաղաքական պայմաններուն եւ հայութեան կեանքին մէջ ձեւաւորուող ազգային զարթօնքի մթնոլորտին։

Անկէ ետք, Տումանեան ուսանողներուն ընթերցեց երգի խօսքերը, մերթ ընդ մերթ բացատրութիւններ տալով հոն երեւցող դժուարիմաց բառերուն մասին։ Ան ուսանողներուն ուշադրութիւնը հրաւիրեց երգին մէջ յիշուող թռչուններուն կապուած մեր պատկերացումներուն վրայ, ինչպէս օրինակ՝ գեղգեղուն ձայնով սոխակը (դպիր), սուր ձայնով աբեղաձագը (ողբերգակ արտոյտ), մեղմ ձայնով երգող տատրակը (տխրութիւն տարածող), շատախօս կաչաղակը (գող վաճառական) եւ վերջապէս, երեխային քուն բերող ռազմի երգերու բազէն (սլացիկ եւ արի)։ Այս բացատրութիւններէն ետք, Տումանեան հարց տուաւ ուսանողներուն, թէ կարելի է՞ երգը իսկապէս քնաբեր նկատել. պատասխանը միանշանակ ոչ էր։ Տումանեան իր ներկայացումը աւարտեց ուսանողներուն հրամցնելով երգին գծանկարներով ներկայացումը՝ Լիլիթ Բիբոյեանի կատարմամբ։

Յաջորդ ներկայացումը կատարեց Ծովակ Շամլեան, որ իր ներկայացման համար ընտրած էր Զապէլ Եսայեանի Սիլիհտարի պարտէզները ինքնակենսագրական վէպէն «Մեր տունը» գլուխը, որուն մէջ հեղինակը կ՚ուրուագծէ իր ընտանիքի անդամներուն դիմաստուերները, յատկապէս իր մեծ մօր Լուսիկին կերպարը, այն որուն «Տուտու» կը կոչէին եւ որ «գրել կարդալ չէր գիտեր, բայց կը խօսէր մաքուր հայերէնով»։ Տուտուի ծնողները զինք տասնչորս տարեկանին ամուսնացուցած էին կառապան Շիրին օղլու Յակոբին հետ, որովհետեւ օր մը, եկեղեցի գացած ատեն, ենթարկուեր էր ենիչերիներու (Janissary) յարձակումին, որովհետեւ իր ֆերաճէն (երկար վերարկու) կանաչ վարդեր ունէր, իսկ կանաչը «իսլամներու համար սուրբ գոյն էր եւ կեաւուրները իրաւունք չունէին կրելու»։ Իրենց աղջիկը այդ անպատուութենէն փրկելու համար, Լուսիկի ծնողները զինք անմիջապէս պսակեր էին։ Այս դրուագը պատմելու պահուն, Շամլեան կանգ առաւ շարք մը բառերու բացատրութիւններուն վրայ, ինչպէս արհամարհանք, կառապան, ենիչէրի, եւլն.։ Շամլեան նաեւ անդրադարձաւ այս գլուխին մէջ Եսայեանի նկարագրած Պոլսոյ համայնքային կեանքին վրայ Հայոց Պատրիարքարանի բանեցուցած խստաբարոյ ու դաժան ազդեցութեան, որուն մէկ օրինակը Եսայեան կը նկարագրէ այսպէս. Պատրիարքարանի եասախճիները (արգելողները), «Պահքի օրերուն […] կը պտըտէին թաղերը, որոնք շունի պէս հոտ կը քաշէին եւ եթէ տունէ մը միսի հոտ գար, տանտէրը կը ձերբակալէին, երբեմն տեղնուտեղը կը ծեծէին, ֆալախան կու տային, մսեղէնը կը գրաւէին եւ տուգանք կ՚առնէին»։ Թէ՛ Շամլեան եւ թէ՛ զինք լսող ուսանողները իրեպց ապշանքը յայտնեցին Պատրիարքարանի նման կաշկանդիչ հեղինակութեան մասին։

Յաջորդ ներկայացումը կատարեց Ռիթա Վարդանեան, որ ընտրած էր Մ. Իշխանի Մեռնիլը որքա՜ն դժուար է թատերախաղը։ Վարդանեան բացատրեց, թէ իր ընտրութեան հիմք կազմած էր այն, որ ինք մաս կազմած է Իշխանի թատերախաղին Մոնթրէալի մէջ երկու ներկայացումներուն (2014 եւ 2021), երկուքն ալ բեմադրութեամբ Նանսի Իսսա Թորոսեանի։ Հեղինակին կենսագրական տուեալներու ներկայացումէն ետք, Վարդանեան պատմեց այս թատերախաղին դիպաշարը, որուն մէջ կը նշմարենք հաւասարապէս կատակերգական եւ ողբերգական տարրեր։ Ան նաեւ ծանրացաւ թատերախաղի երկու գլխաւոր տիպարներուն՝ Ճէյմզ Արամեանի եւ Ճոն Հելըրի կերպարներուն վրայ, մանաւանդ հայազգի Արամեանին, որ արքայութենէն ներս չի կրնար մտնել, որովհետեւ իր գլխուն մէջ տեղադրուած է ամերիկացի Ճոն Հելըրի ուղեղը։ Վարդանեան նշեց, որ իր մասնակցած բեմադրութիւններէն երկրորդը վերամշակուած էր Թորոսեանի կողմէ եւ կը կրէր Արքայութեան դռները խորագիրը, իսկ Թորոսեան լայն բացատրութիւններ տուաւ թատերախաղի իր մեկնաբանութեան մասին։ Ուսանողները իրենց խորհրդածութիւններով արձագանգեցին երկուքին։

Օրուան վերջին խօսողն էր Սիմոն Պաղտասարեան, որ յայտնեց, թէ իր ներկայացումը պիտի ըլլար Մովսէս Խորենացիի Պատմութիւն հայոց հատորէն «Թուղթ Աբգարու առ Փրկիչն» խորագրեալ գլուխը (Բ. գիրք ԼԱ.)։ Գրաբարով տրուած հատուածը ընթերցելէ առաջ, Պաղտասարեան տուաւ անոր շրջարկը (context). Հայոց թագաւոր Աբգարը, որ հիւանդ էր (Խորենացի չի նշեր հիւանդութեան անունը կամ տեսակը), ծանօթ ըլլալով Յիսուս Քրիստոսի հրաշագործութիւններուն, նամակ կը գրէ Փրկիչին, զայն հրաւիրելով իր մօտ, որպէսզի բժշկէ զինք։ Պաղտասարեան, որ քաջածանօթ է գրաբարին, անցաւ ներկայացման բուն բաժնին, մի առ մի կարդալով գրութեան տողերը եւ սպառիչ բացատրութիւններ տալով անոնց մասին, իր մեկնութիւնները համալրելով գրաբարի քերականական օրէնքներու բացատրութեամբ։ Պաղտասարեանի հմտութիւնը խորապէս տպաւորեց իր ունկնդիրները, մանաւանդ երբ ան զուգահեռաբար կը նշէր բառերու գրաբարեան եւ աշխարհաբարեան իմաստներուն միջեւ (թուղթ՝ նամակ, աշխարհ՝ երկիր, զի՝ «որ» յարաբերական դերանունը եւ որովհետեւ եւլն.)։ Բաց աստի, Պաղտասարեան պարբերաբար ուսանողներու ուշադրութիւնը կը հրաւիրէր բայերու գրաբարեան խոնարհումին եւ գոյականներու հոլովումին վրայ, այդպիսով դիւրացնելով ուսանողներուն հատուածի ընկալումը։

Դասապահի աւարտին, ունկնդիր ուսանողները գնահատանքով արտայայտուեցան չորս ներկայացնողներու տրամադրած բացատրութիւններուն եւ վերլուծութիւններուն մասին։