Երկու աշխատանոցներ

ԼՇՀ դասընթացքի 2023-2025 շրջանի Բ. եռամսեակը սկսաւ շաբաթ, 20 յունուար 2024-ին։ Ներկայ էին 24 ուսանողներ, որոնցմէ 8-ը նորեր էին, իսկ անոնցմէ 6-ը երիտասարդներ։ Դասընթացքի բնոյթին եւ բովանդակութեան մասին Վիգէն Թիւֆէնքճեանի ներածականէն ետք, դասապահը ընթացաւ իր ղեկավարած երկու աշխատանոցներով։

Հրապարակախօսութեան աշխատանոց

Աշխատանոցը սկսելէ առաջ, Թիւֆէնքճեան ուսանողները հրաւիրեց անդրադառնալու մեր առօրեային՝ յատկապէս համայնքային կեանքին մէջ հրապարակախօսութեան կարեւորութեան։ Այս աշխատանոցը, ըսաւ ան, պիտի նպաստէ մեր մտքերը ճշգրիտ ու շնորհալի լեզուով արտայայտելու ճարտարութեան զարգացման։ Ապա ան հրաւիրեց ուսանողները, որ ըստ բախտի ընտրեն այս աշխատանոցին համար իր պատրաստած նիւթերէն մէկը։ Ուսանողները ստացան փոքր թղթիկներու վրայ գրուած վերնագրեր՝ ինչպէս օրինակ՝ մեղուները, ճշտապահութիւնը, նուռը, հրաշքները, առարկայականութիւնը, քուէն, պաղպաղակը, քունը, մահապատիժը, անտառները եւլն. ։ Յաջորդ մի քանի վայրկեաններուն, ուսանողները խորհրդածեցին եւ տուեալ նիւթին մասին իրենց մտքերը շարադրեցին, որմէ ետք իւրաքանչիւրը կարգաւ խօսք առաւ եւ զանոնք երկու-երեք վայրկեանի մէջ արտայայտեց։ Այդ ելոյթները բոլորի գնահատանքին արժանացան, մանաւանդ որովհետեւ անոնց մէջ թափանցիկ էր խօսողներուն բծախնդրութիւնը իրենց գործածած լեզուին հանդէպ, ինչպէս նաեւ արտայայտուած մտքերը զուարթախոհութեամբ տալու ճիգը։

Գրաբարեան ասոյթներու աշխատանոց

Դասապահի երկրորդ աշխատանոցը ընթացաւ խմբային աշխատանքով։ Պաստառին վրայ Թիւֆէնքճեան ներկայացուց քսանհինգ գրաբարէն մեզի հասած ու ցարդ տակաւին գործածական ասոյթներ, ըսելաձեւեր ու դարձուածքներ։

Այս ասոյթներէն ոմանք՝ ինչպէս ծանիր զքեզ, ձայն բառբառոյ յանապատի, աշխարհ որ ինձ ետուր արեւ, նմանն զնմանն սիրէ կամ հաւատք քո կեցուցին զքեզ արդէն իսկ ծանօթ էին ուսանողներուն։ Թիւֆէնքճեան ուսանողներուն ուշադրութիւնը հրաւիրեց այդ կէտին վրայ, ընդգծելով որ աշխարհաբար հայերէնը իր մէջ որոշ չափով կը պահէ գրաբարէն եկող արտայայտչական ձեւեր։ Ապա ան մի առ մի անդրադարձաւ վերի քսանհինգ խօսքերուն, մղելով ուսանողները որ գտնեն անոնց իմաստները։ Միաժամանակ, Թիւֆէնքճեան պատմական կամ մշակութային բացատրութիւններ տուաւ այդ խօսքերու հայերէնով առաջին երեւումին (յաճախ Հին կամ Նոր կտակարաններուն մէջ) մասին, այդպիսով դիւրացնելով յիշեալ խօսքերուն իմաստները քակելու աշխատանքը։