Լեւոն Շանթ Հայերէնագիտական դասընթացքի իւրաքանչիւր եռամսեակին, ուսանողներուն առիթ կը տրուի իրե՛նք ստանձնելու դասաւանդողի պարտականութիւնը, եւ իրենց դասընկերներուն ներկայացնելու իրենց կատարած պրպտումներուն արդիւնքը, ընթերցումներուն զեկոյցը կամ բոլորովին նոր նիւթի մը ծանօթացումը։
Այսպէս, շաբաթ 1 ապրիլի դասապահին, չորս ուսանողներ՝ Զեփիւռ Ասատուրեան, Մարալ Պէրպէրեան, Սեւան Թասլաքեան եւ Դալար Լէհիմճեան, յաջորդաբար ներկայացուցին հետեւեալ նիւթերը.
- Զեփիւռ Ասատուրեան վարեց «Հայերէնը հասանելի լեզու» աշխատանոցը,
- Մարալ Պէրպէրեան ներկայացուց Երուխանի (Երուանդ Սրմաքէշխանլեան) կեանքն ու հեղինակին «Քարիտէզճին» պատմուածքը,
- Սեւան Թասլաքեան տեղեկութիւններ տուաւ անձայն ֆիլմերու դերասանուհի Ֆլորա Զապէլի եւ մնջախաղի վարպետ Լեոնիտ Ենգիբարեանի կեանքերուն եւ անոնց ներկայացումներուն մասին,
- Դալար Լէհիմճեան ներկայացուց Րաֆֆիի «Խաչագողի յիշատակարանը» վիպակը։
Ասատուրեանի ներկայացումը կը միտէր ուսանողներուն ուշադրութիւնը հրաւիրել բառակազմութեան եւ ուղղագրութեան կանոններու վրայ, այդպիսով դիւրացնելով արեւմտահայերէնի ճշգրիտ գործածութիւնը, մանաւա՛նդ գրաւոր արտայայտութեան մէջ։ Ան նաեւ խաղի ճամբով ուսանողները մղեց քակելու շուրջ 25 ածանցաւոր եւ բարդ բառերու կազմութիւնը եւ պարզելու անոնց բաղադրիչ մասերը։
Երկրորդ ուսանողական ներկայացումը կատարեց Մարալ Պէրպէրեան։ Ան նախ ներկայացուց Երուխանի (Երուանդ Սրմաքէշխանլեան) կեանքին կարեւոր նուաճումները,- թերթերու հրատարակիչ, թարգմանիչ, ուսուցիչ, տնօրէն, բայց մանաւանդ՝ վիպագիր ու նորավէպերու հեղինակ։ Ապա Պէրպէրեան անդրադարձաւ Երուխանի համբաւաւոր «Քարիտէզճին» նորավէպին եւ պարզեց պատմուածքին կառոյցը՝ նախադրութիւն, հանգոյց, գործողութեան զարգացում, գագաթնակէտ եւ լուծում։
Յաջորդ ներկայացումը կատարեց Սեւան Թասլաքեան։ Ան բացատրեց, թէ 1910-ական թուականներուն, անձայն ֆիլմերու մէջ իր դերերով համբաւաւոր դարձած Flora Zabelle-ը ծագումով հայ Զապէլ Մանկասարեանն է, որուն կեանքը Թասլաքեան պատմեց սահիկներով։ Ապա, Թասլաքեան անցաւ Խորհրդային միութեան մէջ իր մնջախաղի (mime) արուեստով ճանչցուած Լէոնիտ Ենգիբարովին (Ենգիբարեան), եւ ցոյց տուաւ անոր կատարումներուն լուսանկարներէն մի քանին։


Օրուան վերջին ներկայացումը կատարեց Դալար Լէհիմճեանը, որ իբր նիւթ ընտրած էր Րաֆֆիի Խաչագողի յիշատակարանը վիպակը։ Ան նախ պատմեց վիպակին դէպքերու շարանը, երբեմն կանգ առնելով գործին նշանակալի երեւոյթներուն վրայ։ Լէհիմճեան բացատրեց, թէ Րաֆֆիի այս գործը իր բնոյթով աննախընթաց էր, ոչ միայն անոր համար, որ անոր գլխաւոր տիպարը՝ Մուրադ կու գար ընկերային խոնարհ դասէն, այլ նաեւ որովհետեւ հակառակ Մուրադի այլապէս դատապարտելի վարքագծին, հեղինակը կ՚ընդգծէր անոր խիզախութիւնն ու արիութիւնը, ի դէմ կեանքի վերիվայրումներուն։
Ուսանողները իրենց հարցումներով եւ խորհրդածութիւններով իր աւարտին հասցուցին օրուան դասը։