Ժողովական կեանքի աշխատանոց

Ժողովական կեանքի աշխատանոց

Լեւոն Շանթ հայերէնագիտական դասընթացքի ուսանողներուն մէկ կարեւոր տոկոսը իր աշխոյժ մասնակցութիւնը կը բերէ համայնքային կեանքին, անդամակցելով այլեւայլ կազմակերպութիւններու եւ միութիւններու, կամ դիւանական պաշտօններ ստանձնելով անոնց վարչական կազմերուն մէջ։

Այդ մարզին մէջ ուսանողներու հմտութիւնները զարգացնելու դիտաւորութեամբ, շաբաթ 4 մարտ 2023-ին հրաւիրած էինք Համազգայինի Կեդրոնական վարչութեան ատենադպիր Լորիկ Սապունճեան-Ծատուրեանը, որպէսզի վարէ Ժողովական կեանքի աշխատանոց մը։

Լորիկ Սապունճեան-Ծատուրեան

Աշխատանոցը սկսաւ դասախօսին պատրաստած «Ժողովական կեանքի բառամթերք» ցանկին ծանօթացումով։ Թէեւ ուսանողները հոն տեղ գտած եզրերէն ոմանց ծանօթ էին նախօրօք, սակայն անոնց մի առ մի ընթերցումը առիթ հանդիսացաւ, որ դասախօսը ներկայացնէ այդ բառերուն կենսագրութիւնը եւ անոնց գործածութեան պատմութիւնը։

Յաջորդաբար, Սապունճեան-Ծատուրեան սահիկներով բացատրութիւններ տուաւ դիւանական աշխատանքներէն հետեւեալ բաժիններուն մասին. ա) ատենագրութիւն, բ) նամակագրութիւն եւ գ) տեղեկագրի պատրաստութիւն։ Իւրաքանչիւր բաժնին մէջ, ան տուաւ համապատասխան բացատրութիւններ այդ բաժնի ընկալեալ կանոններուն մասին։

Դասապահի վերջին ժամուն, Սապունճեան-Ծատուրեան կազմակերպեց տեղեկագիր պատրաստելու աշխատանոց մը։ Ան ներկայացուց երեւակայական կազմակերպութեան մը՝ Բարեսիրտ կանանց միութեան 2022-ի գործունէութիւնը, ձեռնարկներու ցանկով եւ հաշուական ընդհանուր պատկերով։ Այդ տեղեկութիւններու հիման վրայ, ուսանողները պատրաստեցին երբեմն զուարթախոհ, երբեմն լուրջ գրութիւններ (վերջինէն օրինակ մը տեսնել այստեղ

Աշխատանոցը գոհունակութեամբ ընդունուեցաւ բոլորին կողմէ, մանաւանդ իր գործնական բնոյթին համար։