Մեր դասընթացքի շաբաթ 25 փետրուարի դասը յատկացուած էր ուսանողներու գրաւոր եւ բերանացի արտայայտութեան ճարտարութիւններու զարգացման, որ ընթացաւ աշխատանոցներու ճամբով, ղեկավարութեամբ Վիգէն Թիւֆէնքճեանի։
Առաջին աշխատանոցին մէջ, ուսանողները ստացան Արամ Հայկազի Պանդոկ հատորէն «Էվըրթըն սթրիթը սիրտ ունի» պատմուածքին առաջին չորս պարբերութիւնները, սակայն ո՛չ հեղինակին շարադասութեամբ. այլ՝ գրութեան բառակապակցութիւնները կտրատուած եւ շարքէ դուրս վիճակով։ Ուսանողները պարտէին գտնել Հայկազի նախադասութիւններուն տրամաբանական շարքը եւ վերականգնել գրութեան բնօրինակը։
Թէեւ վերականգնումի աշխատանքը դիւրին չեղաւ, սակայն ուսանողները ի վերջոյ՝ բանալի բառերու, գլխագիրներու եւ կէտադրական նշաններու օգնութեամբ, յաջողեցան ամբողջացնել աշխատանքը։
Դասապահի երկրորդ կէսը յատկացուած էր վիճաբանական ասուլիսի մը, որուն նիւթն էր «Թուային արհեստագիտութիւնը (digital technology) բարենպաստ է մանուկներու կեանքին համար» առաջադրութիւնը։ Ուսանողները բաժնուեցան այս միտքին թեր եւ դէմ տեսակէտները պաշտպանող երկու խումբերու, որոնք ասուլիսին պատրաստուեցան մանուկներու կեանքին զանազան երեսներուն մասին,- ուսում եւ կրթութիւն, ժամանց, առողջապահութիւն, ընկերային կեանք, առցանց հարթակներու ետին թաքնուած վտանգներ,- խորհրդածելու եւ իրենց տեսակէտները բանաձեւելու։ Ապա, իւրաքանչիւր ուսանող առիթը ունեցաւ իր խումբին պատրաստած տեսակէտները ներկայացնելու միւս խումբի անդամներուն եւ անոնց մասին կարծիքներու փոխանակութիւն կատարելու։