Շաբաթ, 18 մարտի դասապահուն, ունեցանք չորս ուսանողական աշխատանքի ներկայացումներ. Ներսէս Հատիտեան, Ծովակ Շամլեան, Նորա Արուշեան եւ Ալին Շողեր Մարգարեան իրենց դասընկերներուն հրամցուցին մէկը միւսէն աւելի բովանդակալից ու հետաքրքրաշարժ նիւթեր։

Առաջին հերթին, Ներսէս Հատիտեան ցոյց տուաւ YouTube-ի վրայ Շահան Շահնուրի «Պճեղ մը անուշ սիրտ» պատմուածքին Մարատ Մարինոսեանի բեմադրութեամբ նկարահանուած տեսերիզէն բաժին մը, խաղարկութեամբ Վարդուհի Վարդերեսեանի ու Քրիստափոր Մանարեանի։ Հատուածը դիտելէ ետք, Հատիտեան բացատրութիւններ տուաւ պատմուածքի դիպաշարին ու անոր աւարտին մասին, մերթ ընդ մերթ կանգ առնելով Եպրաքսէ հանըմի եւ Նորայր Կարապետեանի տիպարներուն կազմաւորման վրայ։
Հատիտեանի ներկայացման յաջորդեց, բոլորովին զուգադիպաբար, դարձեալ Շահան Շահնուրէն Ծովակ Շամլեանի «Մանուկ մը տարեցներու մէջ» պատմուածքի ներկայացումը։ Զոյգ պատմուածքները մաս կը կազմեն Շահնուրի Յարալէզներու դաւաճանութիւնը հատորին։ Ներկայացնելէ ետք պատմուածքին դէպքերը, Շամլեան անդրադարձաւ անոնց մէջ միայն վերջին պահուն երեւցող մանուկին, որ սակայն, պատմուածքի միւս տիպարները իրար կը հանգուցէ։ Ներկայացումը վերջացնելէ առաջ, Շամլեան նաեւ բացատրեց Յարալէզներու դաւաճանութիւնը վերնագրի թելադրած խորհուրդը։

Վերի երկու ներկայացումներուն յաջորդեց Նորա Արուշեանի «ՀՅԴ Պատանեկան միութիւններու 100-ամեակը» սահիկներով ներկայացումը։ Արուշեան խօսեցաւ 1920-ական թուականներուն Լիբանանի որբանոցներուն մէջ ապրող պատանիները հայկականութեամբ թրծելու նախաձեռնութեան մասին, որուն նախաձեռնարկ եղած էին իրենց ուսուցիչները։ Ապա Արուշեան յիշեց 1933-ին ԱՄՆի մէջ Գարեգին Նժդեհի հիմնադրած «Ցեղակրօն ուխտեր» կազմակերպութիւնը, որ ի վերջոյ պիտի դառնար Armenian Youth Federation-ը (AYF), եւ որ կը գործէ ցարդ։ Վերջապէս, Արուշեան ներկայացուց աշխարհի բոլոր ցամաքամասերուն վրայ այժմ գործող Պատանեկան միութիւններու պատկերն ու անոնց գործունէութեան մասին տեղեկութիւններ։
Դասապահի վերջին ներկայացումը կատարեց Ալին Շողեր Մարգարեանը, որու նիւթն էր «Հիւանդութիւններ, ախտեր եւ դարմանում՝ գրականութեան մէջէն». ահա՛ ցարդ գրեթէ անմշակ մնացած նիւթ մը։ Մարգարեան անդրադարձաւ թէ՛ ստեղծագործական գրականութեան մէջ երեւցող հիւանդ կամ ախտաւոր տիպարներու (Համաստեղի Տափան Մարգարը, Վազգէն Շուշանեանի Ճերմակ Վարսենիկին Գող-Տօնիկը, Տիգրան Կամսարականի Վարժապետին աղջիկը վէպին Աստղիկը), եւ թէ՛ իր հիւանդութիւնը գրականութեան բերած Պետրոս Դուրեանը, Ռուբէն Սեւակի Բժիշկին գրքէն փրցուած էջերը, կամ իրենց գրական գործերով ախտաւոր ընկերային երեւոյթներ պարզող Րաֆֆիի Խաչագողի յիշատակարանը եւ Յովհաննէս Թումանեանի «Նեսոյի քարաբաղնիսը»։
Բոլոր ներկայացումներն ալ արժանացան ներկայ ուսանողներու ծափերուն եւ գնահատանքին։