Երգիծանքը հայ գրականութեան մէջ

Երգիծանքը հայ գրականութեան մէջ

Ի՞նչ է երգիծանքը։

Ահա՛ դասանիւթ մը, որուն ներկայացումը կատարեց բանաստեղծ եւ գրականագէտ Յարութիւն Պէրպէրեանը Լեւոն Շանթ հայերէնագիտական դասընթացքի շաբաթ 18 փետրուար 2023-ի դասին։

Պէրպէրեան դասը սկսաւ տեսական բաժնով մը, առաջին հերթին վերոնշեալ հարցումը տալով ուսանողներուն։ Երգիծանքի սահմանումէն յետոյ, դասախօսը մղեց ուսանողները, որ մտածեն հետեւեալ հարցադրումներուն մասին. երգիծաբանը միայն մեզ խնդացնելո՞ւ կը միտի, ի՞նչ ձեւով կամ ձեւերով ան կը հասնի իր նպատակին, ո՞րն է անոր ընկերային դերը, կա՞ն երգիծանքի կամ երգիծաբանութեան տարբեր մակարդակներ, հետեւաբար՝ տարբեր բնոյթի երգիծանքներ։

 

Այս հարցումներուն պատասխանելու համար ուսանողները լծուեցան կարծիքներու աշխոյժ փոխանակման։ Անկէ ետք, Պէրպէրեան ուսանողներուն ներկայացուց երգիծանքի տեսակներու հակիրճ նկարագրութիւնները, ինչպէս՝ սրամտութիւնը կամ զուարթախոհութիւնը (humour), չափազանցութիւնըպարսաւը (satire), հեգնանքը (irony) եւ սարկազմը (sarcasm). զանոնք դիւրըմբռնելի դարձնելու համար դասախօսը կու տար նաեւ անոնցմէ օրինակներ։

Յաջորդաբար, դասախօսը սահիկներով ներկայացուց երգիծաբաններ Յակոբ Պարոնեանի եւ Երուանդ Օտեանի կենսագրական գիծերը, ինչպէս նաեւ երգիծական գրականութիւն մշակած Արփիար Արփիարեանը։

Յարութիւն Պէրպէրեան

Ապա ուսանողները անցան երկու երգիծական գրութիւններ կարդալու եւ հասկնալու աշխատանքին, Երուանդ Օտեանի «Մեծ յոբելեաններէն ետք»ը եւ Արփիար Արփիարեանի «Արուեստահանդէս գացող կովկասցին». առաջինը կու տար 1913-ի Հայ գրերու գիւտին 1500-եակի (յապաղած) տօնակատարութեան մթնոլորտին մէջ արեւմտահայութեան առաջնահերթ խնդիրները, իսկ երկրորդը երգիծանքով կը հակադրէր արեւելահայերու եւ արեւմտահայերու մտածելակերպի տարբերութիւնները։

Դասի վերջին բաժինով, ուսանողները իրենք անցան կարճ երգիծական գրութիններ շարադրելու աշխատանքին։ Ահա անոնցմէ մի քանի նմոյշներ.

  • Օր մը, խուլ տէր հայր մը կը քննադատէր պոռոտախօս եւ ճաղատ քաղաքական գործիչ մը, որ կոյր էր, բայց ազգային ժողովի նիստերուն պատմած էր, թէ ինչպէ՞ս ականատես եղած էր համր բժիշկի մը գիրքի շնորհահանդէսին, որ կը խօսէր անդամալոյծ մարդոց մասին, որոնք կը վազէին ճաղատ քաղաքական գործիչի մը ետեւէն, որպէսզի անոր մազերը փետտեն։ (ՍԹ)
  • Պայծառ անձրեւոտ կիրակի առաւօտ  մը, մեծահարուստ Պրն. Չեմգիտերինչեանը եկեղեցի կու գայ հաճելի եւ քառաձայն աղօթք լսելու ու մեղքերը քաւելու։ Տէր հօր մերթ բաղաձայն, մեր ձայնաւոր քարոզը, սիրալիր եւ հաճոյալի խօսքերով իր ականջը կը շոյէ։ Յանկարծ, ուրուականի նման պարոն հոգաբարձուն, ասեղնագործով զարդարուած դրամահաւաքի զամբիւղը ձեռքին, անհամբեր եւ մեծ  ակնկալութեամբ կը սպասէ նուիրատութեան։ Ուրեմն Պրն.ը Աստուծմէ ներողամտութիւն եւ մէկ վարկեան դադար կը խնդրէ, աղօթքը կիսատ կը ձգէ եւ ձեռքը քսակին կը տանի, մի գուցէ մի քանի ղրուշ  նուիրէ. յանկարծ կ՚անդրադառնայ որ դրամապանակը տունը մոռցած է։ (ՄՊ, ՍԹ, ԾԳ, ԴԼ, ԾՇ, ՐԹ)

Բանենց պսակը

Վերջապէս հասանք եկեղեցի: Բարեբախտաբար հարսէն առաջ, չըսելու համար, որ ուշացողի հոգեվիճակս մեղմացնողը հարսին 15 վայրկեանով ուշացումն էր: Ուշացումիս պատճառն ալ ամուսնոյս հագուստիս նկատմամբ խստութիւնն էր.- «Ուսերդ քիչ մը բաց չե՞ն, թեւերուդ վրայ բան մը նետէ, հասկցանք պսակ է, բայց մեր գացած տեղն ալ ի վերջոյ եկեղեցի է:»

Հայելիին դիմաց փորձեցի այս կամ այն շղարշը նետել ուսերուս վրայ եւ վերջապէս յաւուր պատշաճի, լաւապէս ծածկուած, արժէքաւոր զարդեղէններուս կարեւոր բաժնին ծածկուած ըլլալուն ալ շատ դժգոհ, բայց՝ ստիպուած, նկատելով ամուսնոյս անխախտ ուրուականը ետիս, դուրս ելանք տունէն: Այս էր իսկական պատճառը մեր ճշտապահութեան:

Ահա հարսը կուգայ: Դպրաց դասի «Ուրախ լեր»ը հազիւ լսած, մարմինս կը փշաքաղուի , որքա՜ն տպաւորիչ է հարսին իր հօրը հետ մուտքը: Հիանալի էր հագուստը: Աստուա՜ծ իմ ժանեակներով պատուած երկար քօղը, անոր անմեղ ժպիտը,  հագուստին կուրծքի բաժնին քիչ մը շատ բաց ըլլալն ալ նորաձեւութեան մեղքն էր, հարսը ինչ ընէր:

Օ՜, Աստուած իմ  եւ OMG բացագանչութիւններուն անմիջապէս կը յաջորդեն եկեղեցւոյ մէջ գտնուող խաչերէն աւելի վեր բարձրաձած բջիջային հեռաձայնները: Նկարելու փորձ մը ընել կ՝ուզեմ, յանկարծ կողէս կը զգամ արմուկի մը հարուածը ամուսինէս:

– Չնկարես։

– Է՜,  ամէն մարդ կը նկարէ:

– Թո՛ղ, որ նկարեն այս անշնորհքութիւնը:

– Օ՜,  շատ լուրջի մի առներ, այսօր հարսին օրն է, մանաւանդ իր երազած հագուստը հագուելու միակ առիթը:

– Հրեշտա՜՜կ։

– Հրե՛շ- տակ, ըսել կ’ուզես: Ամօ՛թ է, ամօթ:

(ՆԻ, ՆՀ, ՌՊ, ԳԱ, ՍՄ, ԶԱ)