Սարաֆեանի, Շահնուրի եւ Զարդարեանի նման «հին»երու հետ (որոնք 1920-1970 յիսնամեայ մեր գրականութեան ընտրեալներու փաղանգին մաս կը կազմեն)՝ Որբունի «նոր»երէն ու «նորագոյն»ներէն մէկն է միաժամանակ։
Մինաս Թէօլէօլեան, Դար մը գրականութիւն 1920-1980 (Բ. տպագրութիւն, 1981) էջ 242
Թէօլէօլեանի նկարագրած «Նոր» ու «նորագոյն» Որբունին՝ Զարեհ Որբունին է (Էօքսիւզեան, 1902-1980), յետ-եղեռնեան ֆրանսահայ գրողներէն հաւանաբար ամենէն ինքնատիպը, բայց միաժամանակ զանգուածներու կողմէ քիչ կարդացուած ու ու հազուադէպօրէն ընկալուած գրողը։
Լեւոն Շանթ հայերէնագիտական դասընթացքի շաբաթ 11 փետրուար 2023-ի դասին, օրուան դասախօսը՝ Րաֆֆի Աճէմեան ուսանողներուն ներկայացուց Զարեհ Որբունիի գրականութիւնը։ Դասը սկսաւ սահիկներու ճամբով Որբունի կեանքին հակիրճ անդրադարձով մը:

Աճէմեան ապա ուսանողներուն յայտնեց, որ հայ գրաքննադատութեան մարզին մէջ, ընդարձակ ուսումնասիրութիւններով Որբունիի գրականութեան անդրադարձած են Յարութիւն Քիւրքճեան, Մարկ Նշանեան եւ Գրիգոր Պըլտեան, որոնցմէ մէջբերումներով ան տուաւ հեղինակին ծաւալած թեմաներուն ուրուագիծը։ Ուշագրաւ է այն պարագան, ըսաւ Աճէմեան, որ երեսունհինգ տարիներ կը բաժնեն Որբունիի առաջին վէպը (Փորձը, 1929) անոր յաջորդէն (Եւ եղեւ մարդ, 1964)։ Այդ քառամեակին, Որբունի տուած է այլ գործեր, որոնցմէ ուշադրութեան արժանի են իր պատմուածքներու հատորները՝ Վարձու սենեակ (1939), Անձրեւոտ օրեր (1958) եւ Գոհարիկ (1966)։ Դասախօսը նաեւ անդրադարձաւ Որբունիի քաղաքական հայեացքներու արեւելումին եւ անկէ բխող Սովետական Հայաստանի հետ իր յարաբերութեան։
Յիշեալ ծանօթաբանական նշմարներէն ետք, Աճէմեան ապա անցաւ դասի հիմնական մասին՝ Որբունիի Եւ եղեւ մարդ (1964) եւ Թեկնածուն (1967) վէպերէն մէջբերումներու վերլուծական ընթերցումներուն։ Ան նախ կու տար տուեալ վէպին դիպաշարը (plot), ապա դիպուկ հատուածներու ընտրութեամբ, երկին ճամբով ընթերցողին ուշադրութեան ներկայացող խնդիրները՝ անցեալի բեռը թօթափելու անկարութիւն, հոգեբանական խանգարումներ, հայեւթուրք անհատական յարաբերութիւններու կնճիռներ, ենթակային օտարումը ինքն իրմէ եւլն.։
Աճէմեան նաեւ ուսանողներուն յայտնեց, թէ Որբունի իրազեկ էր վաթսունական թուականներուն ֆրանսական գրականութեան մէջ յայտնուող le nouveau roman վէպի ժանրին, որուն գլխաւոր դէմքերը էին Ալէն Րոպ-Կրիյէ, Նաթալի Սարոթ, Գլոտ Սիմոն, Մարկըրիթ Տիւրաս եւ այլք։ Նոր վէպը կարելի կը դարձնէր գծային ժամանակի (linear time) կտրատումը եւ ժամանակային տարբեր հատուածներու զօդումով՝ այլապէս անմատչելի ժամանակի մը գծագրումը։ Le nouveau roman-ի ուղղութիւնները Որբունիի կ՚ընծայէին այնպիսի հնարաւորութիւններ, որոնցմով հեղինակը երեսունհինգ տարիներու դադարէ մը ետք կը վերադառնար վիպագրութեան։
Ինչպէս Եւ եղեւ մարդ վէպի վերնագիրը կը թելադրէ, գործը ենթակայականութեան (subjectivity) գործընթացի նկարագրութիւն մըն է։ Ենթակայականութիւնը (ենթակայ՝ գործող անհատը) մարդուն յարատեւ ճիգն է՝ իր գոյութիւնը գործակալութեամբ (agency) օժտելու ձգտումով։ Դասախօսը արտայայտեց այն միտքը, որ այդ դիտանկիւնէն, վէպը ո՛չ միայն արդիական խորքի մը վրայ յղացուած գործ մըն է, այլեւ՝ սփիւռքահայուն գոյավիճակը արտայայտող բացառիկ գործ մը։ Իսկ Թեկնածուն գործով, ըսաւ Աճէմեան, Որբունի կը պատկերէ հայկական ցեղասպանութեան հետեւանքով իր բնօրրանէն տարագրուած սփիւռքահայուն երկփեղկուած ինքնութիւնը եւ նոր միջավայրերու մէջ թուրքերու հետ յարաբերութեան պահուն այդ ինքնութիւնը արտայայտելու բարդութիւնները։
Դասապահի վերջին մասով, ուսանողները արտայայտեցին վիպագրին արծարծած խնդիրներուն վերաբերող իրենց փորձառութիւններն ու ապրումները։