Ուսանողական աշխատանքի ներկայացումներ Գ. 2

Ուսանողական աշխատանքի ներկայացումներ Գ. 2

Շաբաթ, 17 դեկտեմբեր 2022. մեր դասընթացքի Գ. եռամսեակի վերջին օրը, ուսանողները որոշած էին իրենց աշխատանքներու ներկայացումներուն կողքին, նաեւ կազմակերպել փոքր հիւրասիրութիւն մը (շնորհակալութիւն՝ Րիթա Պաղտասարեանին, Շանթալ Մանուկեանին, Նորա Արուշեանին եւ Սեւան Թասլաքեանին)։

Յ. Ճ. Սիրունի, կաթնապուր, Նիքոլա Եորկա, Նաւասարդ տարեգիրք, պիսքուի եւ սուրճ…

Առաջին ներկայացման հեղինակն էր Շանթալ Մանուկեան։ Ան իր դասընկերներուն ներկայացուց քիչ ճանչցուած բայց երախտաւոր մտաւորական Յ. Ճ. Սիրունիի (Յակոբ Ճոլոլեան) կենսագրական գիծերն ու գլխաւոր գործերը։ Իր ներկայացումը պատրաստելու համար ան դիմած էր Սիրունիի եղբօրորդիին՝ Փաթրիս Ճոլոլեանին (Ֆրանսա), որուն հետ Մանուկեան կապ հաստատած էր համացանցի միջոցաւ, եւ անկէ ստացած կարեւոր տեղեկութիւններ եւ լուսանկարներ Սիրունիի մասին։

Շանթալ Մանուկեան

Մանուկեան խօսեցաւ Սիրունիի եւ Դանիէլ Վարուժանի համագործակցաբար հրատարակած Նաւասարդ տարեգրքին (1914) մասին, որուն անդրանիկ հրատարակութենէն օրինակ մը բերած էր իր հետ (տե՛ս լուսանկարը)։ Ան նաեւ անդրադարձաւ ՀՄԸՄի հիմնադրութեան մէջ Սիրունիի դերակատարութեան, ապա նաեւ գրողին տարագիր կեանքին, Ռումանիոյ վարչապետ Նիքոլա Եորկայի (1871-1940) հետ մտերմութեան, համայնավարներու կողմէ ձերբակալութեան եւ բանտարկութեան, ինչպէս նաեւ անոր կեանքի վերջին տարիներուն։

Յաջորդ ներկայացնողն էր Նաթալի Պէշլեանը, որ նախ խօսեցաւ Միլանոյի մէջ իր պատանութեան տարիներու հայ համայնքի կեանքին մասին, եւ այդ կէտէն մեկնելով՝ «Երկիր եւ մշակոյթ» (Terre et culture) կազմակերպութեան ճամբով իր անդրանիկ Հայաստան այցելութեան մասին։ Պէշլեան պատմեց, թէ ինչպէս ինք ու իր ընկերակիցները ապրած էին Սպիտակի մօտ Գոգարան գիւղին մէջ եւ մասնակցած տեղւոյն Սուրբ Աստուածածին եկեղեցւոյ վերանորոգման աշխատանքներուն։ Երեւանէն հեռու գիւղական մթնոլորտի մէջ իր կեցութիւնը, բացատրեց ան, իրեն տուած էր անմոռանալի ապրումներ։

Նաթալի Պէշլեան

Դասապահի վերջին ներկայացումը ըրաւ Հերա Սուքիաս, որ խօսեցաւ Զապէլ Եսայեանի մասին։ Ան իր ներկայացումը սկսաւ ուսանողներուն ցրուելով եւ միասնաբար կարդալով հեղինակին առաջին հրատարակած բանաստեղծութիւնը՝ «Երգ առ գիշեր», որ լոյս տեսած է 1895-ին, Արշակ Չօպանեանի Ծաղիկ հանդէսին մէջ։ Ահաւասիկ այդ բանաստեղծութիւն.

Ապա Հերա Սուքիաս խօսեցաւ Եսայեանի Սիլիհտարի պարտէզները անկրկնելի գործին մասին, անկէ զինք տպաւորող կարգ մը դրուագներ պատմելով, յատկապէս Եսայեանի մեծ մօր վերաբերող պատահարները։

Հերա Սուքիաս

Գ. եռամսեակի այս դասապահը աւարտեցաւ բոլորին կողմէ յունուարին Դ. եռամսեակին կրկին տեսնուելու յանձնառութեամբ։