Մեր դասընթացքի էական բաղադրիչներէն մէկը աշխատանոցային դրութիւնն է. ըստ այնմ, շաբաթ 10 դեկտեմբերի դասապահը յատկացուած էր երեք աշխատանոցներու, որ վարեց Դոկտ. Վիգէն Թիւֆէնքճեան։ Ան նախ բացատրեց, որ դասընթացքի ցարդ ներկայացուած նիւթերը հարուստ էին գրականագիտական գիտելիքներու ներկայացումով. ուստի, պահն էր օգտակարը խառնելու հաճելիին, բառակազմութեան եւ հասկացողութեան աշխատանոցներու ճամբով։

Առաջին հերթին, Թիւֆէնքճեան ուսանողներու ցրուեց 40 բարդ բառերու ցանկ մը։ Ուսանողները պարտէին կարգաւ ճշտել իւրաքանչիւր բառի երկու կամ աւելի արմատները, եւ ապա այդ արմատներէն մէկով նոր բառ մը կազմել. օրինակ՝ ասուլիս, բազկաթոռ, բաժնետէր, գետնայարկ, երազահան, ընդդիմախօս եւ լուսապսակ։ Ուսանողները մեծ խանդավառութեամբ լծուեցան աշխատանքի եւ բառերը տարբաղադրելով հարստացուցին մէկզմէկու բառապաշարը։
Երկրորդ աշխատանոցին մէջ, ուսանողները ունկնդրեցին հինգ հայերէն երգեր. Պերճ Թիւրապեանի կատարողութեամբ եւ Զահրատի խօսքերով «Ոչ», «Կաղանդի ծառ մը» եւ «Շագանակաւոր քերթուած» երգերը, ինչպէս նաեւ Էլոն Սարաֆեանի կատարողութեամբ՝ Աշուղ Շահէնի «Հայերէն», եւ The Beautified Project խումբի կատարողութեամբ՝ Սայեաթ Նովայի եւ Արթուր Մեսչեանի «Երկու տուն» երգերը։ Հետեւելով իրենց տրուած թուղթերուն վրայ այդ երգերու խօսքերուն, ուսանողները պարտէին լրացնել յիշեալ երգերու բառերէն պակսող բառերը։ Այս աշխատանոցը մեծ ընդունելութիւն գտաւ ուսանողներուն մօտ։

Դասապահի վերջին ժամուն, ուսանողները կրկին լծուեցան բառակազմութեան աշխատանքի։ Այս անգամ անոնք ստացան 48 արմատ բառեր, որոնցմէ իւրաքանչիւրը անպայման կը միանար ցանկին վրայ երեւցող բառերէն մէկուն կամ մէկէ աւելիին. օրինակ՝ առ, մարտ, պար, ընդ, քուն, հաստ, տող, շէն, կայծ, հատ, նիշ եւլն.։ Այս աշխատանոցը եւս թէ՛ զուարճալի եւ թէ՛ ուսանելի եղաւ բոլորին համար։
Դասապահը աւարտեցաւ խանդավառ մթնոլորտի մէջ։
