Սփիւռք 68

Սփիւռք 68

Շաբաթ, 26 նոյեմբեր 2022-ին, մեր դասապահը ստանձնած էր Րաֆֆի Աճէմեան։ «Սփիւռք 68» բնաբանով ան ներկայացուց ծանօթ մտաւորական Յարութիւն Քիւրքճեանի «Երկրորդ հաւասարում բազմաթիւ անյայտներով» յօդուածը, որ 1968-ին լոյս տեսած է «Ահեկան» պարբերաթերթին մէջ՝ որպէս արձագանգ Վարդգէս Պետրոսեանի նման մէկ յօդուածին՝ «Հաւասարում բազմաթիւ անյայտներով», այդ օրերուն հրատարակուած «Գարուն» ամսագրին մէջ։

Դասախօսը ընտրած էր բաւական երկար յօդուածին միտք բանին խտացնող բաժինները, զորս կարդաց ու բացատրեց հանգամանօրէն, զանոնք համեմելով անձնական փորձառութիւններով ու այլազան յղումներով։

Րաֆֆի Աճէմեան

Յօդուածը կ՚արծարծէ անհատապէս թէ հաւաքաբար հայ ինքնութիւնը պահպանելու՝ արդէն այն ատեն ժամանակավրէպ դարձող միջոցառումները, կորսուելու ճակատագրապաշտութիւնը կամ պարտուողականութեան զգացումը ընդդէմ ինքինք վերանորոգելու, խոզակէն դուրս գալու եւ աշխարհին բացուելու ստեղծագործական մօտեցումներուն։ Աճէմեան անդրադարձաւ այս առնչութեամբ մեր ապրած առօրեային՝ գրականութեան մէջ այդ թուականներուն տակաւին ցոլացած չըլլալու իրողութեան, մեր ապրած երկիրներու մշակութային կեանքէն մեր բացակայութեան եւ այլ երեւոյթներու, որոնք յատուկ են սփիւռքահայու կացութեան։

Դասախօսը անդրադարձաւ Պէյրութի (ինչպէս անցեալին՝ Պոլսոյ) դերակատարութեան, 1968-ի մայիսին Փարիզի երիտասարդութեան պոռթկումին ու առնչակից այլ հարցերու, որոնց կ՚անդրադառնար Քիւրքճեան։

Եզրակացութիւնը եղաւ այն, որ մեր անցեալին կրաւորական պահակը ըլլալու փոխարէն, մենք մեր ապագան մեր ձեռքերուն մէջ առնելու ենք՝ այդ առնչութեամբ յանձնառու դառնալով։ Հայ ըլլալը գոյութենական եւ դաստիարակչական հարց մըն է ի վերջոյ. բարդ, բազմաթիւ անյայտներով հարց մը:

Ներկաները իրենց հարցումներով ու տեսակէտներու արտայայտութեամբ ճոխացուցին ներկայացումը։

Դասընթացքին ներկայ եղաւ այս օրերուն հիւրաբար քաղաքս գտնուող տիկ. Անի Կարմիրեանը, որ Գալուստ Կիւլպէնկեան Հիմնարկութեան Հայկական բաժանմունքի արեւմտահայերէնի զարգացման, ինչպէս նաեւ սփիւռքի վարժարաններու հայերէնի ուսուցիչներու վերաորակաւորման բաժանմունքի պատասխանատուն է։ Աւելցնենք, որ մեր դասընթացքը կը վայելէ Կիւլպէնկեանի նիւթական աջակցութիւնը։

Լուսանկարին կեդրոնը՝ Տիկին Անի Կարմիրեան

Դասապահի աւարտին, ներկաները զրուցեցին սոյն դասընթացքի ապագայ զարգացման կարելիութիւններուն ու ցանկալի կողմնորոշումներուն մասին։

Վ-Ա.Ա.