Մեր դասընթացքի տասնմէկերորդ շաբթուան հիւր դասախօսն էր Դոկտ. Խաչիկ Մուրատեանը, որ ընդառաջելով մեր հրաւէրին, Մոնթրէալ ժամանած էր յատկապէս Լեւոն Շանթ հայերէնագիտական դասընթացքին իր մասնակցութիւնը բերելու։
Մուրատեան դասը սկսաւ YouTube-ի վրայ ցուցադրելով Toastmasters International մրցոյթի 2022-ի առաջին մրցանակը շահող Cyril Junior Dim-ի “Ndini” (ես եմ) վերնագրով ութը վայրկեաննոց տեսերիզը։ Ճառախօսին հռետորական ճարտարութիւնը անմիջապէս առինքնեց մեր ուսանողները։

Ցուցադրութենէն ետք, Մուրատեան աշակերտներուն հարց տուաւ, թէ ճառախօսին ո՞ր ճարտարութիւնները զիրենք ամենէն աւելի տպաւորած էին։ Բոլոր ներկաները մէկ առ մէկ արտայայտուեցան եւ իրենց տպաւորութիւններուն բաժնեկից դարձուցին մնացեալ ուսանողները։ Ամէնքն ալ համաձայն էին, որ ճառախօսը զուարթախոհութեամբ, ինքնավստահութեամբ, իր լսարանին հետ երկխօսութեամբ, բեմական կեցուածքով եւլն. կրցած էր խիստ տպաւորիչ ելոյթ մը ունենալ։

Ապա Մուրատեան խօսեցաւ հրապարակային ելոյթներու պարագային լսարանի (audience) կարեւորութեան մասին։ Ան բացատրեց, թէ իւրաքանչիւր դասախօս պարտաւոր է նկատի ունենալ իր լսարանը, անոր մտաւորական պատրաստութիւնը, ընկալումի դիւրութիւնը եւ հետաքրքրութեան աստիճանը։

Դասին երկրորդ մասով, Մուրատեան ուսանողներուն փոխանցեց իր հրապարակային ելոյթներուն ի գործ դրած ճարտարութիւնները. որպէս օրինակ, ան ուսանողներուն կարդաց Հայկական ցեղասպանութեան թեման արծարծող իր երկու ելոյթները. առաջինը՝ թրքերէնով, 2013-ին, իսկ երկրորդը՝ անգլերէնով 2015-ին, Անքարայի եւ Այնթապի մէջ յաջորդաբար։ Ուսանողները անմիջապէս անդրադարձան, թէ այդ երկու ելոյթներն ալ ինչքան կը տարբերէին Ապրիլ 24-երու ընթացիկ ճառերէն, եւ թէ ինչպիսի վարպետութեամբ,- նոյնիսկ առանց պատմական իրողութիւններու թուարկման,- Մուրատեան արծարծած էր Հայկական ցեղասպանութիւնը՝ նոյնինքն Թուրքիով մէջ։
Դասապահը աւարտելէ առաջ, Մուրատեան ուսանողներէն խնդրեց փոքր թուղթերու վրայ արձանագրել կարճ միտք մը կամ գաղափար մը, որուն մասին անոնք պիտի արտայայտուէին յանպատրաստից։ Այս աշխատանոցը մեծ ընդունելութիւն գտաւ բոլորէն, եւ անոնցմէ ոմանք խորապէս տպաւորեցին մեզ բոլորս իրենց արտայայտուելու դիւրութեամբ եւ հռետորական ճարտարութիւններով։
