Հեղինակներ կան, որ որոշ բարձրութեան մը հասնելէ յետոյ՝ կը քալեն անընդհատ հարթ մակերեսի մը վրայէն։ Շանթ միշտ կը բարձրանայ։
Վազգէն Շուշանեան
Շաբաթ 12 նոյեմբերին, Լեւոն Շանթ հայերէնագիտական դասընթացքի նիւթն էր Եզակի հայ գրողներ շարքէն անկրկնելի թատերագիր, վիպագիր, դաստիարակ ու մանկավարժ Լեւոն Շանթը (1869-1951), որուն կեանքին ու բազմաճիւղ գործերուն մասին սահիկներով ներկայացում մը կատարեց դասընթացքի ղեկավարը՝ Վիգէն Թիւֆէնքճեան։ Ան նախ բացատրեց, թէ այս դասը գլխաւորաբար պիտի կեդրոնանար Շանթի վէպերէնԴերասանուհին եւ Հոգիները ծարաւի գործերուն վերլուծման վրայ, թատերախաղերուն անդրադարձը թողնելով ապագայ առիթի մը։
Դասը սկսաւ Շանթի կեանքին, ստեղծագործական արտադրութեան եւ հասարակական գործունէութեան գլխաւոր գիծերուն ներկայացումով։ Թիւֆէնքճեան նախ տեղեկութիւններ տուաւ հեղինակին իմացական աշխարհը կազմաւորող՝ Գերմանիոյ, Զուիցերիոյ եւ Ֆրանսայի համալսարաններուն մէջ ուսանողական տարիներուն մասին, պահ մը դանդաղելով անոր առաջին գրական փորձերուն վրայ, ապա անցնելու համար վիպական գործերուն եւ թատերախաղերուն։


Յաջորդաբար, դասախօսը ներկայացուց Շանթի ստեղծագործութեան շրջանները. 1890-ական թուականներուն բանաստեղծութիւններ եւ վէպեր, Մնաք բարովի իրիկունը (1891-92), Երազ օրեր (1894-95), Դերասանուհին (1898-99), 1900-ական թուականներու թատերական գործերը, որոնց գագաթնակէտը պէտք է համարել Հին աստուածներ թատերախաղը (1909)։ Յաջորդ տասնամեակին՝ Կայսր (1916), Շղթայուածը (1921) եւ Ինկած բերդի իշխանուհին (1923) գործերը, ինչպէս նաեւ «Կինը» (1912) վիպակը։ Այս թուարկումին յաջորդեց հակիրճ ակնարկ մը Հայաստանի հանրապետութեան հաստատման շրջանի Շանթի քաղաքական գործունէութեան, ապա՝ 1920-ական թուականներու վերջաւորութեան Նիկոլ Աղբալեանի հետ Համազգայինի եւ Հայ ճեմարանի հիմնադրութեան, հասնելու համար Շանթի վերջին գործին՝ Հոգիները ծարաւի վէպին (1944-45):

Կենսագրական ու տեղեկատուական այս բաժինը աւարտեցաւ Շանթի «Ես պատրանքը սիրեցի» բանաստեղծութեան վերլուծումով, որ դասախօսը կատարեց ուսանողներուն հետ կարծիքներու փոխանակութեամբ։
Շուրջիս տափակ ու չոր կեանքէն զայրացկոտ,
Կանչեցի ես իտէալս կենսածին.
Բայց ետեւէս կծու ծաղրով անամօթ
«Է՜, ան միայն գրքի մէջն է» պոռացին.
Ես ալ գիրքը ինծի ընկեր ընտրեցի,
Ես պատրանքը սիրեցի:
Մենութեան մէջ լուռ, մթնշող սենեակիս՝
Չիրագործուող երազներու մէջ թաղուած՝
Հեռո՜ւ ու վե՜ր սաւառնեցաւ միշտ հոգիս,
Հո՛ն, ուր կեանքիս գոհար յոյսերն են մաղուած.
Ես, մօր մը պէս, անուրջներս գգուեցի,
Ես պատրանքը սիրեցի:
Երբ գեղեցիկ թարմ աղջիկը ժպտեցաւ,
Սիրտս դողաց յուզումով մը ներդաշնակ.
Սիրեցի ալ, միայն ո՛չ ան, որ անցաւ.
Այլ անոր նուրբ յափշտակիչ դէմքին տակ
Նո՛ր էակ մը, որ մտքէս հոն անցուցի,
Ես պատրանքը սիրեցի:
Հայրենիքի հուր կարօտը բնածին
Երբ բռընկցուց յուզուած լանջս տենդօրէն,
«Դուն հայրենիք, դուն հող չունիս» հծծեցին.
Ես դառնացայ, բայց ա՛լ ուժգին այդ օրէն
Իմըս չեղող հայրենիքս պաշտեցի,
Ես պատրանքը սիրեցի:
Ինծի համար այն ժամերը թանկ եղան,
Երբ ներշնչուած ստեղծեցի միշտ անգոյ,
Բայց անձնուրաց ազնիւ դէմքեր սիրեկան,
Երբ իրական աշխարհին մէջ միշտ դժգոհ,
Իտէալի կեանքէն երգել ուզեցի.
Ես պատրանքը սիրեցի:
1893 թ. մարտ 13, Պոլիս
Դասին երկրորդ բաժնով, Թիւֆէնքճեան յամեցաւ Դերասանուհին եւ Հոգիները ծարաւի վէպերուն վրայ, առաջինին պարագային լուսարձակի տակ բերելով վիպակին մէջ արծարծուած սեռատեսակներու դերակատարութեան (gender roles) խնդիրներն ու կիներու առարկայացման հարցերը, գլխաւոր տիպարներուն՝ Մինէի, Հրանտի, Գրիգորիկի եւ Արուսեակի քառակողմ ու յաճախ հակադրուող յարաբերութիւններուն ընդմէջէն։

Դասապահի վերջին ժամը յատկացուած էր Հոգիները ծարաւի վէպի վերլուծական ներկայացումին։ Վէպի կառոյցին, անոր տիպարներուն եւ դիպաշարի նկարագրականէն ետք, Թիւֆէնքճեան անդրադարձաւ Շանթի այս գործին թեմաներուն՝ հոգիի ներկայութիւնը մեր մէջ եւ մեզմէ դուրս, չլիացած եսեր, բայց կլանող ու բոցավառող սէր, որուն անկարելի լիացումը կ՚առաջնորդէ խզումի եւ ըստ այնմ՝ համակերպութեան։

Յիշեալ վերլուծականին յաջորդեց ուսանողներու միջեւ կարծիքներու փոխանակութիւն, որմէ ի յայտ եկաւ, թէ ինչպիսի՛ ուժեղ տպաւորութիւններ ստացած էին անոնք այս դասէն։