Լեւոն Շանթ հայերէնագիտական դասընթացքի էական մէկ տարրը կը կազմեն ուսանողական աշխատանքներու ներկայացումները։ Անոնք կը հանդիսանան դասընթացքի միակ տնային պարտականութիւնը, կ՚ունենան ստեղծագործական կամ ուսումնասիրական բնոյթ, եւ կը ներկայացուին բերանացի։
Իւրաքանչիւր եռամսեակին, ուսանողները կ՚ընտրեն դասաւանդուած նիւթերու ծիրէն դուրս նիւթ մը, գրական գործ մը կամ հանրային անձնաւորութիւն մը, եւ կը պատրաստեն ամփոփ բովանդակութիւնը տուեալ նիւթին մասին։
Շաբաթ 5 նոյեմբերին, մեր ուսանողներէն չորսը ներկայացուցին իրենց պատրաստած խիստ հետաքրքրական եւ ինքնատիպ աշխատանքները։ Առաջինը Նորա Արուշեանն էր, որ պարզաբանեց ազգային-յեղափոխական երգերու եւ պատմական իրողութիւններու առնչութիւնը. ան օրինակներ տալով բացատրեց, թէ ինչպէ՛ս այդ երգերը, իրենց խիտ տողերով պատմութիւն կը փոխանցեն, կերպարներ կը ստեղծեն եւ բարոյական ըմբռնումներ կը պատկերացնեն։

Յաջորդ ուսանողը, Սեւան Թասլաքեանը, խօսեցաւ սփիւռքի թէ Հայաստանի մէջ համեմատաբար անծանօթ երգիծագրի մը՝ Լեռ Կամսարի մասին։ Ծնունդով արեւմտահայ, բայց իր կեանքը Հայաստանի մէջ ապրած այս գրողը իր արտայայտած մտքերուն եւ սուր երգիծանքին պատճառաւ ենթարկուած է խորհրդային իշխանութիւններու հալածանքին։ Գրողին կենսագրական գիծերը տալէ ետք, Թասլաքեան ընթերցումներ կատարեց անոր գործերէն, որոնք չեն կորսնցուցած իրենց այժմէականութիւնը եւ արժանի են մեր ուշադրութեան։

Լեռ Կամսարի ներկայացման յաջորդեց սիրուած սփիւռքահայ գրող Արամ Հայկազի Չորս տարի Քիւրտիստանի լեռներուն մէջ գործէն դրուագի մը ներկայացումը, որ հմտօրէն կատարեց Մարալ Պէրպէրեանը, սահիկներու ընկերակցութեամբ։ Շապին Գարահիսար ծնած ու Հայոց Ցեղասպանութեան հետեւանքները կրած համբաւաւոր գրողին կեանքը եղած է վերիվայրումներով լի, մանաւանդ իր հաւատափոխութեան տխուր իրողութեամբ եւ Միւսլիմ անունով քիւրտերու մէջ չորս տարի ապրած կեանքով։ Պէրպէրեան հետաքրքրական ձեւով պատմեց դրուագ մը յիշեալ հատորէն ու ներկայացուց Վելիին, Մուխթարին եւ Միւտիրին տիպարները։

Ուսանողական աշխատանքի ներկայացումը կրնայ նաեւ ըլլալ նոյնինքն դասընթացքի մասին խորհրդածութիւններու շարք մը։ Այդպիսի աշխատանք մը կատարած էր Ալին Շողեր Մարգարեանը, որ վիճակագրական զուարթախոհ տուեալներ տուաւ այս դասընթացքի ճամբով ուսանողներու ցարդ ամբարած գիտելիքներուն մասին, եւ պարզեց դասընթացքի բերած նպաստը արեւմտահայերէնի հետզհետէ կնճռոտող ապագան մեղմացնելու տեսակէտէն, մանաւանդ համավարակի պայմաններուն մէջ։ Մարգարեանի ներկայացումը արժանացաւ բոլորի համակրանքին։
