Լեւոն Շանթ հայերէնագիտական դասընթացքի իւրաքանչիւր եռամսեակին, դասախօսելու կը հրաւիրենք Մոնթրէալէն դուրս ապրող երկու մտաւորականներ, որոնք իրենց մասնագիտական գիտելիքներու փոխանցմամբ կը հարստացնեն մեր ուսանողներու ուսած նիւթերը։

Շաբաթ 15 հոկտեմբերին, մեր հիւրը եղաւ Դոկտ. Վարդան Մատթէոսեան, որ Մոնթրէալ կը գտնուէր Համազգայինի Գանատայի Շրջանային վարչութեան հրաւէրով։ Ան մեր ուսանողներուն ներկայացուց Պոլսոյ գրական շարժումները 1908-1914 նիւթը, սահիկներու ընկերակցութեամբ։
Առաջին հերթին, Մատթէոսեան բացատրեց, որ արեւմտահայ գրականութեան պատմութեան մէջ, յիշեալ տարիներուն զարգացող գրականութիւնը կը ճանչցուի իբր Գեղապաշտ սերունդի գրականութիւն, որուն ներկայացուցիչներէն են Միսաք Մեծարենց, Ռուբէն Զարդարեան, Սիամանթօ, Դանիէլ Վարուժան, Ռուբէն Սեւակ, Մատթէոս Զարիֆեան, Վահան Թէքէեան եւ Յակոբ Օշական։ Գեղապաշտներու գրականութիւնը կը յատկանշուի մանաւանդ լեզուի բիւրեղացման առաջնահերթութեամբ (Գեղամ Բարսեղեան), գաւառի գրականութեան երեւումով (Թլկատինցի, Ռուբէն Զարդարեան, Մշոյ Գեղամ), բանաստեղծութեան արուեստի վերածումով (Դանիէլ Վարուժան), բանաստեղծութեան մէջ յեղափոխաշունչ լարի յայտնութեամբ (Սիամանթօ), հայ թատրոնին նոր աւիւնի ներարկմամբ, (Լեւոն Շանթ), քննադատական մտքի զարգացումով (Յակոբ Օշական), գեղագիտութեան փնտռտուքով (Ինտրա) եւ կնոջական գրականութեան զարգացումով (Զապէլ Եսայեան)։
Դասախօսը ուսանողներուն յիշեցուց, որ Ի. դարու առաջին տասնամեակին պոլսահայութիւնը կ՚ապրէր համիտեան բռնաճնշումներու մթնոլորտին մէջ, եւ այդ իսկ պատճառով, յիշեալ անուններէն ոմանք (Սիամանթօ, Վարուժան, Սեւակ եւ ուրիշներ) կը գտնուէին ու կը ստեղծագործէին Եւրոպայի ոստաններուն մէջ, ինչ որ ամայութեան մատնած էր պոլսական գրական հրապարակը։ Այդ մասին կը վկայեն հետեւեալ երկու մէջբերումները.
- «Հոգեվարք էր նաեւ մտաւոր հայ կեանքը։ Հայ բեմը չկար վաղուց, ու հայ մամուլը կը հեւար սարսափի եւ ստրկութեան մէջ։ Հայ գրականութիւնը, իր կարգին, կ՚ապրէր իր ճգնաժամը» (Յ. Ճ. Սիրունի, «Այդ հիւանդ, հանճարեղ պատանին», Նայիրի, 1969)։
- «Եթէ Ձեզ հաւասար թափով կը սիրեմ Աբովեանը իր ցոլացիկ հայութիւնն է՝ կրթուած ու եւրոպականացած կենդանացնող ոգիի մը շուրջը։ Ո՜ւր էր նաեւ տաճկահայերուս գրականութիւնն ալ ունենար այդպէս հայադրոշմ հիմնադիր մը։ Մեր գրականութիւնը այլասերած է։ Ռուսահայերուն մէջ աւելի հայ տիպարներ պիտի գտնէք, քան տաճկահայերուս. մերինը այս տասնեակ տարիներու մէջ բոլորովին դժգունած է, գողթան երգերու, աշուղներու, Դուրեանի, Սրուանձտեանցի մէկ նշոյլն իսկ մնացած չէ» (Դ. Վարուժանի Արշակ Չօպանեանին ուղղած մէկ նամակէն (Մարտ 1906)։
Ապա Մատթէոսեան նշեց, որ այդ տասնամեակին կը յայտնուէին արեւմտահայ գրականութեան ամենէն փայլուն դէմքերը, Լեւոն Շանթ (Եսի մարդը, 1902. Ուրիշի համար, 1903. Ճամբուն վրայ, 1904), Սիամանթօ (Դիւցազնօրէն, 1902. Հայորդիներ, 1905-1907), Դանիէլ Վարուժան (Սարսուռներ, 1905), Ինտրա (Ներաշխարհ, 1906. Նոճաստան, 1908), Զապէլ Եսայեան (Շնորհքով մարդիկ, 1907) եւ Միսաք Մեծարենց (Ծիածան, 1906. Նոր տաղեր, 1907)։

Յաջորդաբար, դասախօսը անդրադարձաւ օրուան գրական մտահոգութիւններէն կարեւոր խնդրի մը, այն է՝ գաւառական գրականութեան երեւումին եւ զայն Պոլսոյ մէջ զարգացող գրականութեան համահաւասար նկատելու հարցին, այդ համահաւասարութեան պարունակին մէջ դիտելով հայ ժողովուրդի հատուածներու միասնութիւնը։
Դասին յաջորդ բաժնով, Մատթէոսեան կեդրոնացաւ 1914ին կայացած վեց Գրական ասուլիսներուն, որոնք պիտի շարունակուէին՝ եթէ տեղի չունենար Հայոց Ցեղասպանութիւնը։ Այդ ասուլիսներուն քննութեան առարկայ եղած են՝ Լեւոն Շանթի Հին Աստուածները (1912), Գրիգոր Զօհրապի նորավէպերը, Դանիէլ Վարուժանի Հեթանոս Երգերը (1912), Ռուբէն Զարդարեանի Ցայգալոյսը (1910), Յովհաննէս Սէթեանի բանաստեղծութիւնները եւ Սիամանթոյի Ամբողջական գործը (1910)։



Դոկտ. Մատթէոսեան դասապահի վերջին բաժինը յատկացուցած էր Հայոց Ցեղասպանութիւնը նախորդող տասնամեակի ամենէն նշանակալի նախաձեռնութեան, որ կը պատկանի Դանիէլ Վարուժան, Կոստան Զարեան, Յակոբ Քիւֆէճեան (աւելի ուշ՝ Օշական), Գեղամ Բարսեղեան եւ Ահարոն (Տատուրեան) հնգեակին, այն է՝ Մեհեան գրական ամսագրի հրատարակութիւնը։ Տնօրէն-խմբագրապետն էր Զարեան, իսկ խմբագիրներն էին Բարսեղեան եւ Քիւֆէճեան։ Ամսագրի առաջին թիւին երեւումէն առաջ, անոնք այսպէս նկարագրած էին իրենց նախաձեռնութիւնը.
- Մօտ ատենէն կը սկսի հրատարակուիլ նոր հանդէս մը գրականութեան և արուեստի, ՄԵՀԵԱՆ, որուն հիմնադիրները` իրենց համախոհ գրագէտներու հետ գրական նորութիւն մըն է որ իրագործել կ’ուզեն մեր մէջ, հրատարակելով յետագայ իրենց հանգանակը, ուրիշ բացատրութեամբ յայտարարագիրը (manifeste): Մեհենականք, առանց գրական աղանդաւոր դպրոցի մը պատկանիլ ուզելու, ընդհակառակը մտածելու եղանակի լայնութեամբ, բայց որոշ կամեցողութեամբ եւ ձգտումներով, գրականութեան եւ արուեստի նկատմամբ իրենց համոզումներն ու հայեացքներն է որ կը բանաձեւեն այս հանգանակին մէջ որ պիտի ըլլայ միեւնոյն ատեն նախաբանը իրենց օռկանին` ՄԵՀԵԱՆ» (Ազատամարտ, 14/27 ԴԵԿՏԵՄԲԵՐ 1913)։

Ամսագրի անդրանիկ թիւին մէջ, մեհեանականները կը յայտարարէին իրենց հետապնդած նպատակները ու կ՚ընդլայնէին անոնց ետին կանգնած մտահոգութիւնները.
- ա) պաշտամունք եւ արտայայտութիւն հայ հոգւոյն,
- բ) ինքնուրոյնութիւն եւ անձնականութիւն ձեւի մէջ,
- գ) մշակում՝ կենսանորոգ պատուաստումով մը՝ հայ լեզուին,
- դ) զուտ գրականութիւնը հեռու պահել քաղաքականութենէ եւ լրագրութենէ։
Միայն եօթ թիւեր լոյս տեսած են ամսագրէն՝ յունուար-յուլիս 1914 ամիսներուն։ Ինչպէս Պօղոս Սնապեան դիտել կու տայ անոնց վերահրատարակութեան առիթով (1996),
անցնող ութսուն տարիներու մամլոյ մեր անդամներուն մէջ եղաւ մէկը, որ թէեւ ասու-պի պէս անցաւ, բայց անյայտ անկիւններուն ծոցը անհետացող անորոշ ուրիշներուն պէս դժբախտ ճակատագիր մը չունեցաւ, ընդհակառակն, կիզիչ եղաւ իր անցքը նախ եւ ապա հետք ձգեց, դարձաւ ձգողական անուն մը,- «Մեհեան»ը։
Դասապահը աւարտեցաւ ուսանողներուն դասախօսին տուած հարցումներուն ու անոնց պատասխաններուն բաժինով։