Շաբաթ 8 հոկտեմբերի դասապահը Լեւոն Շանթ հայերէնագիտական դասընթացքի մեր ուսանողներուն համար եղաւ հայկական մշակոյթի գիտելիքներու հարստացման եզակի առիթ մը։ Նիւթն էր Հայկական դիցաբանութիւն, իսկ դասախօսը Մհեր Գարագաշեան։

Դասախօսը նիւթի ներկայացումը սկսաւ Հայկ նահապետի առասպելական տիպարին անդրադարձով մը։ Ան բացատրեց, որ Հայկի եւ Բէլի պատերազմին մէջ կը գտնենք Հայաստանի եւ Ասորեստանի շարունակական պատերազմներու դարաւոր պատկերացումը։ Բէլը (կամ Բաալը) Միջագետքի երկիրներուն մէջ աստուածութիւն նուաճած բռնակալի տիպարն է, իսկ անոր դէմ ծառացող Հայկի յետնորդները մեր երկիրը կոչած են իր անունով։

Ապա, Գարագաշեան ուսանողներու ուշադրութիւնը հրաւիրեց այն իրողութեան վրայ, որ հին հայերը կը պաշտէին արեւը, եւ այդ պաշտամունքէն կը ծնի Ա եւ Ր կամ Ռ տառերու ձայներով սկսող մեր լեզուին մէջ ցարդ գործածուող բառերու հոյլ մը՝ արի, արծիւ, արարել, արիւն, առիւծ, առաւօտ եւլն.։ Ան նաեւ բացատրեց, թէ Արարատ լերան անունը կը վերծանուի իբր արարիչի երկիրը, որուն փաստը կը գտնենք Հին կտակարանին մէջ, ուր կ՚ըսուի թէ Նոյի տապանը հանգչեցաւ Արարատի լեռներուն վրայ, իմա՛ Արարատ երկրի լեռներուն։

Դասախօսը ապա կանգ առաւ Հայկական դիցաբանութեան հոլովոյթին յաջորդ հանգրուաններուն՝ Քարահունջին, Ուխտասարի ժայռապատկերներուն եւ անոնց մօտակայ վայրերու մէջ գտնուող վիշապաքարերուն վրայ։ Քարահունջը, բացատրեց ան, ծառայած է թէ՛ իբր պաշտամունքի վայր եւ թէ՛ իբր աստղադիտարան, եւ իր կառոյցով կը նմանի Անգլիոյ Stonehenge-ին։ Գալով Ուխտասարի ժայռապատկերներուն (Ե. դար, Ն.Ք), հոն կը տեսնենք շրջանի բնիկներու խումբերուն որսորդական արշաւանքներուն եւ հին աստուածներուն իրենց զոհաբերութիւններուն պատմութիւնները։


Գարագաշեան ապա բացատրութիւններ տուաւ վիշապաքարերու մասին, յայտնելով, որ անոնք միշտ առնչուած են ջուրերուն, կառուցուած են գետերու ափին, թէ՛ երաշտներէ եւ թէ՛ հեղեղներէ պաշտպանուելու համար։ Անոնցմէ մեզի հասած են շուրջ 150 քարեր, որոնցմէ 90-ը կը գտնուի Հայաստանի Հանրապետութեան տարածքին մէջ։
Դասախօսը ապա անցաւ Ուրարտուի թագաւորութեան (883-585 Ն. Ք.) շուրջ 50 աստուածներուն, անոնց գլխաւորը դասուած Խալտիին, կայծակներու եւ որոտումի աստուած Թեյշեբային, եւ այդ երկուքին հետ երրորդութիւն կազմող Շիվինիին։ Գարագաշեան ապա նշեց Վանի մէջ հիմնադրուած ուրարտական թագաւորութեան առնչութիւնը Սասունցի Դաւիթ դիւցազնավէպին հետ, որուն փաստն է Վանայ բերդին հիւսիս-արեւելքը գտնուող Մհերի դուռը։ Նոյն ժամանակաշրջանէն մեզի հասած է նաեւ մեր ժողովուրդին նուռի նուիրագործումը եւ նռնենին իբր կեանքի ծառ դիտելու աւանդութիւնը, որպէս բեղմնաւորութեան եւ յաւերժութեան խորհրդանշան։

Կարգը հասած էր հայկական դիցաբանութեան դասական կաճառի աստուածներուն։ Անոնցմէ ոմանց՝ Անահիտի, Արամազդի, Միհրի եւ Վահագնի արձանները կը գտնենք Նեմրութ (Թուրքիոյ մէջ) լերան վրայ, որպէս Անտիոք Ա. թագաւորի դամբարանը զարդարող պահակներ։

Դասախօսը ապա մանրամասնեց Արամազդ, Անահիտ, Աստղիկ, Միհր, Վահագն, Նանէ եւ Տիր աստուածներու յատկանիշերն ու նկարագրականները, յիշելով, որ անոնցմէ ոմանց նմանող աստուածներ կը գտնենք պարթեւական, ասորական եւ յունական կաճառներուն մէջ։


Դասի աւարտին, ուսանողները լծուեցան խմբակային աշխատանքի։ Դասախօսը իրենցմէ խնդրեց, որ ստեղծեն այն դիցաբանական աստուածները, որոնք պիտի համալրէին վերոյիշեալ կաճառը։

Ահաւասիկ ուսանողներու երեք խմբակներուն աշխատանքի արդիւնքները.
Մեր աստուածուհիին անունը Սիր է։ Անոր յատկանիշերն են՝ միասնութիւն, ինքնագիտակցութիւն, անձնուիրում։ Կարելի է ըսել թէ մեր պատմութեան աստուածուհին է։ Կը ներկայանայ ձեռքին բռնած մատեան մը, որուն բացուած էջին կը տեսնենք Հայաստանի քարտէզը։
Մեր խմբակը ստեղծեց Հանատա աստուածուհին, որ կը մարմնաւորէ համբերութիւն, հանդուրժողականութիւն եւ բարոյականութիւն։
Մեր խումբը կ՚առաջարկէ երկու աստուածներ. Բահպը , որ բնապահպանութեան եւ տիեզերքի աստուածն է եւ որ պիտի պաշտպանէ բնութիւնը եւ զայն բարեբեր դարձնէ։ Անոր կ՚ընկերանայ արկածախնդրութեան, վեհանձնութեան, արդարութեան եւ քաջութեան Նռանէ աստուածուհին։