Գրականագիտական եզրեր

Այս շաբաթ, մեր դասապահը ամբողջութեամբ յատկացուած էր մի քանի գրականագիտական եզրերու ուսումնասիրութեան։

Դասընթացքի ղեկավարը՝ Վիգէն Թիւֆէնքճեան, ուսանողներուն կարգաւ ներկայացուց հետեւեալ գրականագիտական եզրերը.

 

Իւրաքանչիւր եզրի սահմանումին ու անոր բացատրութեան կ՚ընկերանային տուեալ եզրէն հինգական օրինակներ (ներկայացուած եզրերը եւ օրինակները կարելի է տեսնել Գրադարան սիւնակին տակ)։

Ապա կարգը ուսանողներուն էր. անոնք խմբային աշխատանքի լծուելով, ստեղծեցին վերոյիշեալ չորս եզրերէն օրինակներ, որոնք աւելի ուշ անոնք բաժնեկցեցան իրենց դասընկերներուն հետ։

Ստորեւ լուսանկարչական ոսպնեակով բռնուած պահեր մեր դասապահէն։