Մեր դասընթացքի Շաբաթ 9 ապրիլ 2022ի դասապահը ամբողջութեամբ յատկացուած էր Սէրը հայ քերթողութեան մէջ նիւթին, որ ներկայացուց ծանօթ մոնթրէալաբնակ բանաստեղծ Յարութիւն Պէրպէրեանը։
Յարգելի դասախօսը նիւթը ծաւալեց սկսելով Միջնադարէն։ Առաջին հերթին ան ներկայացուց Նահապետ Քուչակի եւ Սայեաթ Նովայի մասին մեզի հասած կենսագրական տեղեկութիւններ, որոնց մէկ մասը պարուրուած է առասպելներու մէջ։ Ապա ան պաստառի վրայ ցուցադրեց երկու վարպետ տաղասացներու սիրային բանաստեղծութիւններէն մէկական նմոյշ։
Պէրպէրեան ուսանողներու ուշադրութիւնը հրաւիրեց այս բանաստեղծութիւններուն մէջ սիրոյ ֆիզիքական արտայայտութիւններու ակնբախ համարձակութեան վրայ, որ սէրը կը վերածէ տօնախմբութեան մը.
Զիմ եարն ի գնալ տեսայ, կանչեցի.«Իմ կարմիր երես»:
Դարձաւ ու ճուղապ ետուր, թէ «Քանի՜ ապլահ* զրուցես.
Ստեղծողն ինձ երես տուեր, քեզ աչեր, դու կանգնիր ու տես»:
– Զդատարկ տեսնելն ի՞նչ անեմ, երբ ծոցուդ մահրում կու հանես.
Հանց որ մահրում կու հանես, բեր պատանքն ու դիր զիս ներս.
– Հեռի՛ պատանքն ի քենէ, բանամ զծոցս, արեկ մուտ ի ներս.
– Աստուած ողորմի քո հօրն, ի՜նչ աղէկ թապտիր** մի կ’անես.
Կուտաս ինձ շունչ ու հոգի, մահուանէ ի կեանս կը փոխես:
* ապուշ, տգէտ ** կարգադրութիւն
Յաջորդաբար, Պէրպէրեան անցաւ ԺԹ. եւ Ի. դարերուն համբաւ վաստակած սիրերգակ բանաստեղծներու, ինչպիսիք են Աւետիք Իսահակեան, Վահան Տէրեան, Պետրոս Դուրեան, Վահան Թէքէեան, Դանիէլ Վարուժան, Միսաք Մեծարենց, Սիլվա Կապուտիկեան եւ Պարոյր Սեւակ։ Դասախօսը նախ կանգ առաւ Վահան Տէրեանի խորհրդապաշտ տաղերուն վրայ, ուր ի յայտ կու գայ բանաստեղծին երաժշտականութիւն ստեղծելու հմտութիւնը։ Ապա Պէրպէրեան խօսեցաւ սիրոյ բացակայութեան տառապանքը ապրող բանաստեղծներու՝ Պետրոս Դուրեանի «Լճակ», Միսաք Մեծարենցի «Սիրերգ» եւ Վահան Թէքէեանի «Անունդ» գործերուն մասին։ Այս անուններուն կ՚ընկերանային բանաստեղծներուն մասին հակիրճ տեղեկութիւններ։ Դասախօսը ապա սեւեռումի տակ բերաւ յիշեալ բանաստեղծութիւններուն ուժգնութեամբ՝ սէրը իր լիացումին տանող եւ կինը Աստուածամօր նմանցնող Դանիէլ Վարուժանի «Օրհնեալ ես դու ի կանայս» գլուխ-գործոցը։
Մարիա՛մ, այս անկողնին վրայ երբ նըստիս
Ու ես առջեւըդ, գորգին վրայ ծընրադիր,
Համբուրեմ խաժ երակներն
Այդ ձեռքերուդ՝ որոնցմէ լոյս կը ծորի,
Մարիա՛մ, տաք շըրթունքներուս տակ կը զգամ
Էա՛կ մ’որ, լուռ, արիւնդ ումպ ումպ կը խըմէ,
Այն գիշերէն՝ երբ մազերդ այդ բարձին վրայ
Անփութօրէն լեցուցած՝
Ծոցդ հաճոյքին բացիր, եւ բուռն հաճոյքէն
Քըրտինք մ’առատ քունքերէդ ի վար հոսեցաւ,
Եւ կուսութիւնըդ մեռաւ
Արգանդիդ մէջ եւ աչքերուդ երկնաթոյր,
Այն գիշերէն՝ թարթիչներէն կոպերուդ
Մե՜ղըր ծորեց, դուն եղար
Հեզահամբոյր, լըռակեաց,
Ձիւնափետուր դուն աղաւնեակը եղար՝
Որ արեւուն տակ կըծկըւած՝ կ’երազէ
Բոյնին վըրայ շինուելիք…
Կը դիտեմ, արդ, քաղցրիկ հիւծումը դէմքիդ
Եւ բաց շապկիդ մէջէն ծիծերդ՝ որոնց մէջ
Կը բաժնըւի կեանքդ եւ դուն
Բաժնըւելով մա՜յր կ’ըլլաս:

Պահը հասած էր անցնելու վերոնշեալ բանաստեղծներու ուղիէն ընթացող մերօրեայ սիրերգակ բանաստեղծներ Մարուշին (Երամեան), Յուսիկ Արային, Յովհաննէս Գրիգորեանին եւ Խոսրով Ասոյեանին (վերջին երկուքը մահացած)։ Հոս եւս Պէրպէրեան կանգ առաւ այս անուններու գործերուն մէջ արդիական ըմբռնումներով արտայայտուած թեմաներու վրայ, ինչպէս օրինակ՝ սիրոյ ֆիզիքական զգայութիւններու վայելքը կամ անոր անպարտկելիութիւնը քաղաքային պայմաններու մէջ, թեմաներ՝ որոնք կու գան հաստատելու ժամանակներէն վեր ու անոնցմէ անդին մշտնջենականութիւնը սիրոյ։
կը բարձրանամ
գողգոթայէն մարմինիդ
հարցապսակդ յուշերս կարիւնէ
կաթիլները վերադարձիս
ուղիները կը նշեն
կը բարձրանամ
խորխորատը սէր առ սէր
պիտի երբեք խաչին չհասնիմ
մարմինէ վեր կը լռեմ
մատներուս բառ մորթիդ էջին
նայուածքներս ներշնչում
չեմ ստեղծեր
վերընթերցում ամենահին աղօթքին
շունչս անոր նոր մեղեդի
կը դաջէ
կը մագլցինք գագաթներուս
խնծիղէն
թաքուն ակեր կը պայթին
ոսկեհատիկ հպումով
ջրվէժները մինչեւ վերեր
ես աղօթք եմ
որուն համար դուն կերոնդ
կը վառես
(Մարուշի «Հալոց» հատորէն)