Երբ շարժանկար մը նկարագրենք կամ անոր պատրաստութեան եւ որակին մասին խօսինք, մեր մտածումները արագ եւ ճշգրտօրէն արտայայտելու համար յաճախ կը դիմենք անգլերէն կամ ֆրանսերէն բառերու։ Միւս կողմէ, երբեմն կը մոռնանք, որ հայերէնը ունի՛ այդ բառերէն ոմանց՝ անգլերէնին ու ֆրանսերէնին չափ ճշգրիտ թարգմանութիւնները, բայց անոնք ընդհանրական տարածումի կը կարօտին։ Ահա այդպիսի (մասնակի) բառապաշար մը մեր ուսանողներուն ներկայացնել կը միտէր Լեւոն Շանթ հայերէնագիտական դասընթացքի շաբաթ, 2 ապրիլ 2022ի դասը։
Դասընթացքի ղեկավար Վիգէն Թիւֆէնքճեան դասը սկսաւ վերոնշեալ նախաբանով. ապա ան ուսանողներուն ցրուեց շարժանկարի ոլորտէն վերցուած 40 անգլերէն բառերու ցանկ մը։ Թիւֆէնքճեանի առաջնորդութեամբ, ուսանողները միասնաբար լծուեցան scenario, narration, point of view, cameraman, special effects եւ նման այլ բառերու համապատասխան հայերէն եզրերը գտնելու աշխատանքին (արդիւնքը զետեղած ենք այս կայքէջի Գրադարան սիւնակին տակ)։
Ներկայացուած դասանիւթը գործնական աշխատանքի վերածելու նպատակով, Թիւֆէնքճեան նախ ցուցադրեց հայրենի տաղանդաւոր բեմադրիչ Հենրիկ Մալեանի 1964ին նկարահանած Կեղծ լրտեսը շարժանկարը, որ հիմնուած է Երուանդ Օտեանի համանուն պատմուածքին վրայ։ Փոքր գլուխ-գործոց մըն է այս ֆիլմը, իր նկարահանման ոճով, խորհրդանշաններով բայց մանաւա՛նդ խաղարկութեամբ։ Հոն դերեր վերցուցած են Վարդուհի Վարդերեսեան, Արման Կոթիկեան եւ Աւետ Աւետիսեան, իսկ երաժշտութեան հեղինակն է Էդուարդ Պաղտասարեան։ Շարժանկարը դիտելէ առաջ, Թիւֆէնքճեան այս անուններուն մասին համառօտ ծանօթացումներ տուաւ ուսանողներուն։
Շարժանկարին ուշագրաւ կէտերէն մէկը այն է, որ բոլոր դերակատարները արեւելահայ են, սակայն անոնց արեւմտահայերէնի առոգանութիւնը անթերի է, բան մը, որ կը նպաստէ ֆիլմին առթած վայելքին։ Նոյնքան ուշադրութեան արժանի է շարժանկարին նկարահանման վայրերու նմանութիւնը Օտեանի պատմուածքին մէջ նկարագրուած վայրերուն։ Ֆիլմի ցուցադրութեան յաջորդող զրոյցի ընթացքին, ուսանողները նաեւ անդրադարձան շարժանկարին մէջ կրկնուող շրջանակաձեւ պատկերներու շարքին, որոնցմով կարծէք Մալեան ընդգծած է յերիւրանքներու եւ բամբասանքներու արագ տարածման երեւոյթը։

Դադարէն ետք, ուսանողները դիտեցին Հրաչեայ Ղափլանեանի բեմադրութեամբ՝ դարձեալ 1964ին նկարահանուած Յակոբ Պարոնեանի Քաղաքավարութեան վնասները շարքէն կարք մը դրուագներու միահիւսութիւնը։ Զայն դիտելէ ետք, ուսանողները կեդրոնացան երկու երեւոյթներու վրայ. ա) այս շարժանկարին համար Գրիգոր Հախինեանի յօրինած գեղեցիկ՝ բայց նաեւ թատերական երաժշտութիւնը, եւ բ) դերակատարներէն Վահրամ Փափազեանի խաղարկութիւնը։ Անոնք նաեւ գտան, որ այս շարժանկարը իր որակով կը զիջէր առաջին շարժանկարին։

Յիշեալ մտքերու փոխանակութիւնը առիթ հանդիսացաւ, որ դասապահը անցնի թէ՛ հաճելի եւ թէ՛ աշխոյժ զրոյցի մթնոլորտի մէջ։