Թատերական խօսակցութիւններ

Թատերական խօսակցութիւններ

16 ապրիլ 2022-ի մեր դասապահը յատկացուցած էինք Թատերական խօսակցութիւններու ուսումնասիրութեան։

Դասանիւթը վարեց դասընթացքի ղեկավարը՝ Վիգէն Թիւֆէնքճեան, որ նախ ներկայացուց Բաբգէն Փափազեանի Թատերագրութեան արուեստը հատորէն թատերական խօսակցութիւններու մասին հետեւեալ վեց կէտերը.

  • Թատերական խօսակցութիւնները նման չեն ընթացիկ կեանքի խօսակցութեանց, թէեւ նման տպաւորութիւն մը կը թողուն հանդիսատեսներուն վրայ։
  • Թատերական խօսակցութիւնները հիմնովին տարբեր են նաեւ վիպագրութեան մէջ օգտագործուած խօսակցութեան ձեւերէն։
  • Բեմին վրայ տեղի ունեցող ամէն խօսակցութիւն ներկային մէջ է, որ տեղի կ՚ու-նենայ, մինչեւ անգամ երբ անցեալի մասին կը խօսուի։
  • Անիկա պարտաւոր է նաեւ ընկերանալ անձնաւորութեանց շարժումներուն, կարելի դարձնել այդ շարժումները, կեցուածքները, դիմագծային արտայայտութիւնները։
  • Միաժամանակ, պարտաւոր է նաեւ կարելի դարձնել խօսակիցներու շարժումները, կեցուածքները, արտայայտութիւնները։
  • Թատերական խօսակցութիւնը, իր անմիջական արտայայտութեան բերած իմաստէն զատ՝ պարտաւոր է պարունակել գործողութիւնը առաջ մղող տարր մը։

Թատերագրութեան արուեստը, էջ 169-71

Դասախօսին առաջնորդութեամբ, ուսանողները մէկ առ մէկ կանգ առին այս կէտերուն վրայ, իւրաքանչիւրին համապատասխան օրինակներով լիովին ըմբռնելու համար ճշդուած պայմանները, հնարաւորութիւններն ու սահմանափակումները։

Այս տեսական հարցերու քննութենէն ետք, որպէս գործնական աշխատանք, դասախօսը ուսանողներուն առաջարկեց բարձրաձայն ընթերցումներով յիշեալ կէտերու գործադրութիւնը փնտռել չորս (համեմատաբար) կարճ տեսարաններու մէջ.

ա. Թենըսի Ուիլեըմզի Ապակեայ կենդանիներ (The Glass Menagerie) թատերախաղի Բ. տեսարանը*։

բ. Կ. Մեհեանի Սայթաքում թատերախաղին վրայ հիմնուած Արգելքը թատերախաղէն տեսարան մը*:

գ. Րիչըրտ Քալինոսքիի Գազան՝ լուսնի վրայ (Beast on the Moon) թատերախաղին Ա. արարի ա. տեսարանը*:

դ. Մ. Իշխանի մէկ արարնոց Ժամադրութիւն թատերախաղէն մուտքի տեսարանը։

* թարգմանութիւն կամ մշակում՝ Վ.Թ.

Ուսանողներէն ոմանք կամաւորաբար փափաքեցան կարդալ այս տեսարաններու տիպարներէն մէկը կամ միւսը։ Այս ընթերցումներն ու անոնց յաջորդող զրոյցները մեծ ոգեւորութիւն յառաջացուցին մասնակիցներուն մօտ։