Կիներու հարցը հայ գրականութեան մէջ Բ. – Զապէլ Եսայեան

Կիներու հարցը հայ գրականութեան մէջ Բ. – Զապէլ Եսայեան

Լեւոն Շանթ հայերէնագիտական դասընթացքի առաջին եռամսեակին ներկայացուցած էինք Կիներու հարցը հայ գրականութեան մէջ նիւթին առաջին բաժինը։ Շաբաթ 26 մարտին ուսանողներուն ներկայացուցինք այդ նիւթին երկրորդ մասը՝ որ ամբողջութեամբ յատկացուած էր Զապէլ Եսայեանի։

Դասախօսը՝ Անոյշ Ակներեան, դասապահը սկսաւ Եսայեանի կեանքին գլխաւոր հանգրուաններուն թուումով, որուն կ՚ընկերանային շարք մը հազուագիւտ լուսանկարներ մեծանուն գրողին կեանքէն (Ակներեանի պատրաստած այդ ներկայացումը զետեղած ենք այս կայքէջին Գրադարան սիւնակին տակ)։

Յաջորդաբար դասախօսը ուսանողներուն ցրուեց հատուածներ Եսայեանի «Ֆէմինիզմի առթիւ» եւ «Նոր կինը» յօդուածներէն, հրատարակուած Յակոբ Հաճիեանի խմբագրած Ծաղիկ շաբաթաթերթին մէջ, 1903 եւ 1904 տարիներուն։ Հատուածներու հաւաքական ընթերցումէն ետք, դասախօսը նշեց, «մինչ ժամանակի այլ կին գրողներ՝ Սիպիլ, Հայկանոյշ Մառք եւ ուրիշներ, իրենց ֆեմինիստական յօդուածներուն մէջ կնոջ անհատականութեան հարցերը կը շօշափէին, […] Եսայեան կ՚արտայայտէր յառաջդիմական կարծիքներ կնոջ հասարակական դերին եւ ընտանեկան կեանքէն զատ նո՛ր ասպարէզներու մէջ գործելու իր կարողականութեան մասին»։ Ապա ուսանողները պարտէին ճշդել ներկայացուած հատուածներուն մէջ հեղինակին առաջադրած յատկանիշերը ֆեմինիզմի մասին։

Եսայեանի հրապարակագրական գրականութենէն յիշեալ նմոյշներուն ծանօթանալէ ետք, ուսանողները անցան Եսայեանի գեղարուեստական գործերուն։ Առաջին հերթին, դասախօսը ուսանողներուն ներկայացուց «Քօղը» երկարաշունչ պատմուածքի դիպաշարը եւ անկէ ընդարձակ հատուած մը, որու ընթերցումէն ետք ուսանողները լծուեցան այնտեղ գտնել «Ալի Հասան պէ՞տք է ներուէր Ծերունիին կողմէ. ինչո՞ւ» եւ «Ինչպէ՞ս բացատրել Ատիլէի իր ամուսնոյն վերադառնալու փափաքը՝ այդքան զրկանքներէ եւ նուաստացումներէ ետք» բարդ հոգեվիճակներու պատասխանները։

Վերջապէս, Ակներեան ուսանողներուն տուաւ Եսայեանի Վերջին բաժակը (1924) վիպակէն բանալի հատուած մը, ուր վիպակի հերոսուհին՝ Ատրինէ կը խօսի հակառակ Արշակի հանդէպ իր տածած սիրոյն՝ իր ամուսնէն ու զաւակներէն չհեռանալու որոշումին մասին։ Այս պարագային եւս, ուսանողները անցան հաւաքական աշխատանքի եւ փորձեցին միասնաբար գտնել Ատրինէի որոշումին հիմնաւորումները ։

Դասապահի աւարտին, ուսանողները գրի առին օրուան դասախօսութենէն բխող իրենց մտածումները, որոնք կը ներկայացնենք այստեղ։

Ա. «Ֆեմինիզմի առթիւ» յօդուածի հատուածէն ես հետեւեալը կը հասկնամ. կինը միայն ամուսինին եկամուտին վրայ չէ որ պէտք է վստահի եւ դառնայ անկէ կախեալ «մակաբոյծ» մը. այլ՝ իր կարողութիւններուն համաձայն իր աշխատանքը պէտք է ունենայ եւ մնայ անկախ։

Իսկ «Նոր Կինը» յօդուածի հատուածին մէջ, Եսայեան կարգ մը ֆեմինիստ կիներ մէջբերելով կ՚ըսէ, որ կինը ոչ թէ «էրիկմարդու» նմանիլ կ՚ուզէ, այլ անոր հաւասարութեան, եւ կը ձգտի իր կարողութիւններու աւելի գործնական, խելացի եւ գիտակից իրագործման։

Զապէլ Եսայեանի «Վերջին Բաժակը» վիպակը, որ գլխաւորաբար կնոջ տագնապը կը ներկայացնէ ընտրելու սիրածին թէ զաւակներուն միջեւ, այսինքն՝ վերադառնալու ամուսինին, այսօրուան պայմաններէն որոշ չափով կը տարբերի, որովհետեւ ներկայիս կինը ինք կ՚ընտրէ իր ամուսինը եւ պատասխանատու է զաւակներուն։ Մասնաւոր պատճառ մը պէտք է ըլլայ, որպէսզի կինը հեռանայ ընտանիքէն (բրտութիւն, խաղամոլութիւն եւլն.): Սակայն նկատի ունենալով 3-րդ աշխարհի պայմանները, այս կացութենէն շատ բան չէ փոխուած այդտեղ։

Բ. Իսկապէս այսօր ինծի համար մեծ ոգեւորութիւն եւ մանաւա՛նդ հպարտութիւն էր աւելի խորը ծանօթանալ մեր գրականութեան եզակի կին գրողներէն Զապէլ Եսայեանին։ Իր յառաջդիմական միտքերը հմտօրէն ներկայացնելու եւ որոշ պատգամ մը փոխանցելու իր ճկուն յատկութիւնը մինչ օրս կը մնան ներշնչման աղբիւր։

Գ. Ըստ ինծիԶապէլ Եսայեանի ֆեմինիզմը իսկական ֆեմինիզմն է։ Ըստ անորամեն անձիեւ մասնաւորապէս ամեն կնոջկատարեալ անկախութիւնը կը սկսի եւ կը վերջանայ երբ իր անձը հասկնայ։ Իւրաքանչիւր կին պէտք է աշխատի իր կեանքին ողջ ընթացքին մտերմօրէն ծանօթանալուզարգացնելու եւ ապա լաւապէս պաշտպանելու իր հոգեմտաւոր աշխարհըորովհետեւ այն է ազատութեան լաւագոյն զէնքը։ 

Դ. Մենք հայերս բախտաւոր ենք եւ հպարտ որ Զապէլ Եսայեանի նման լայնամիտ եւ ողջմիտ կին գրող մը ունեցած ենք եւ ունի՛նք, քանի անոր կարգ մը գրութիւններուն մէջ, ինչպէս «Ֆէմինիզմի առթիւ» եւ «Նոր կինը» յօդուածները, «Քօղը» պատմուածքը եւ Վերջին բաժակը վէպը, Եսայեանի միտքերը եւ թելադրանքները  կը մնան ժամանանակից մինչեւ օրս, մէկէ աւելի աշխարհագրական ցամաքամասերու վրայ։

Այսօր իսկ կարելի պիտի ըլլար բոլորին համար Զապէլ Եսայեանի գործերէն դասեր քաղել կրթական, հոգեբանական եւ ընկերաբանական մարզերէն ներս, եթէ ունենայինք անոնց  թարգմանութիւնները օտար լեզուներով։ Անկասկած որ ան պիտի ըլլար համաշխարհային գետնի  վրայ կին գրողներուն մէջ ամենէն շատ ճանչցուած ֆեմինիսթներէն մին։

Ե. 20-րդ դարու սկզբնաւորութիւնը յատկանշական էր ընկերային փոփոխութիւններով, յատկապէս կիներու համար։ Սակայն, հայ զարգացած մտաւորական կինը, որ եւրոպական բարձրագոյն կրթութիւն ստացած էր, զարմանալիօրէն հեռու մնաց դարու փոփոխութեան հետ կիներու սեռային ազատութեան մասին գրելէ:  Անոնցմէ մին՝ Զապէլ Եսայեան գրեց կիներու սալոնային զարդ չնկատուելու մասին եւ դարերէ ի վեր հայ կնոջ վերապահուած մայրական դերէն անկախ` իր ինքնութեան կերտման եւ աշխատանքի ճամբով տնտեսապէս անկախ դառնալու անհրաժեշտութեան մասին: Այսպէս է, որ Եսայեան կը պատկերացնէր հայ կնոջ դերը իր ընկերութեան մէջ: Սակայն, ան միեւնոյն ժամանակ հայ կնոջ ընկերային դերին բարելաւումը չէր որ միայն կ՛ակնկալէr: Ըստ ինծի, ան ընդհանրապէս ոչ հայ կիներու իրավիճակի փոփոխութիւնն ալ կը հետապնդէր: Իր վէպերուն մէջ կիները իբրեւ ճակատագրի զոհեր կը ներկայանան:

Ան կը հաւատայ նաեւ, որ կին մը պէտք է ծառայէ ազնուագոյն գաղափարներու: Ան իր կեանքի օրինակով այս մէկը ցոյց կու տայ, երբ մղոններ կտրելով կը հասնի աղէտեալներու օգնութեան 1909-ին: Իր մասին խօսողները վկայութեամբ «տղամարդու նման» կին մըն էր ան: Եսայեան իր անձնական կեանքը մոռնալով ինքզինք սպաս դրաւ նաեւիր ազգին օգտակար դառնալու սրբազան գործին: