Առակներ | Փոխադրական միջոցներու բառապաշար

Առակներ | Փոխադրական միջոցներու բառապաշար

Լեւոն Շանթ հայերէնագիտական դասընթացքի շաբաթ, 19 մարտ 2022ի դասապահը բաժնուած էր երկու մասերու։ Առաջին բաժինով, Վիգէն Թիւֆէնքճեան ներկայացուց Առակներ դասանիւթը։ Թիւֆէնքճեան բացատրեց, որ առակները ներկայ են բոլոր ժողովուրդներու գրականութեան մէջ եւ յաճախ կը ներկայանան իբր ժողովրդային բանահիւսութիւն։ Առակներու մէջ կը գտնենք չորս յատկանիշեր.

  • Խորհրդանշում. առակներու տիպարները եւ անոնց վարմունքը կը խորհրդանշեն մարդ արարածն ու անոր նկարագրի գիծերը։
  • Մարդակերպութիւնառակներու կեդրոնական տիպարներն են կենդանիներն ու բնութեան անխօս տարրերը (հով, ծառ, արեւ), որոնք մարդացած են։ Կարգ մը կեն-դանիներու պարագային, կը տեսնենք անոնց առընչուող նկարագրային գիծեր. օրինակ՝ աղուէսին խորամանկութիւնը, առիւծին անվախութիւնը, բուին իմաստու-թիւնը։
  • Բարոյախօսութիւն. առակի վերջաւորութեան, կը ստանանք առակի դիպաշարէն ծնող պատգամ մը կամ բարոյախօսական դաս մը։
  • Զուարթախոհութիւն. առակները յաճախ զուարթօրէն կ՚ընդգծեն մարդկային նկարագրի անխոհեմ գիծերը։

Ապա Թիւֆէնքճեան ներկայացուց հայ եւ միջազգային գրականութեան մէջ հանրածանօթ կարգ մը առակագիրներ, ինչպիսիք են Եզովբոսը (մ. 620-564 ՆՔ), Մխիթար Գոշը (1130-1213), Վարդան Այգեկցին (մհ. 1250) եւ Ժան տը լա Ֆոնթէնը (1621-1695)։ Ուսանողները կարդացին երկու առակներ. Եզովբոսի Ագռաւն ու աղուէսը եւ Լա Ֆոնթէնի Կնոջ վերածուած կատուն։ Իւրաքանչիւր ընթերցումէ ետք, անոնք հաւաքաբար վերլուծեցին տուեալ առակն ու անոր միտք բանին։

Կարգը այժմ ուսանողներուն էր, որ երեք խումբերու բաժնուելով, իրե՛նք ստեղծէին առակներ։ Այստեղ կը ներկայացնենք անոնցմէ երկուքը (առանց մեր միջամտութեան)։

Դասապահի երկրորդ բաժինով, հիւր դասախօս Լորիկ Սապունճեան Ծատուրեանը ուսանողներուն ներկայացուց Փոխադրական միջոցներու բառապաշար նիւթը, որ կը բաղկանար ցամաքային, ջրային եւ օդային փոխադրամիջոցներու անուններէն։ Իւրաքանչիւր բառի պարագային, ուսանողները կը սահմանէին բառին իմաստի արտայայտութեան ճշգրտութիւնը, գործածութեան յարմարաւէտութիւնը եւ որքանով ընդհանրացած ըլլալը։