Վիճաբանական ասուլիս / Բնութեան եւ բնապահպանման բառապաշար

Վիճաբանական ասուլիս / Բնութեան եւ բնապահպանման բառապաշար

Լեւոն Շանթ հայերէնագիտական դասընթացքի շաբաթ 12 մարտ 2022ի դասապահը անցաւ խիստ աշխոյժ մթնոլորտի մէջ։

Դասընթացքի ղեկավարը նախ ուսանողներուն բացատրեց, թէ այդ օր պիտի զբաղէին վիճաբանական ասուլիսով։ Ստուգաբանելէ ետք ասուլիս բառը, Վիգէն Թիւֆէնքճեան ներկայացուց օրուան նիւթը՝ Հայրենադարձութիւնը Հայաստանէն դուրս ապրող ամէն հայու նպատակը պէտք է ըլլայ։ Ապա ուսանողները բաժնուեցան երկու խումբերու, որոնք պիտի պաշտպանէին նիւթին թեր եւ դէմ թէզերը։ Ասուլիսի պատրաստութեան համար Թիւֆէնքճեան սահմանած էր 30 վայրկեան. այդ ընթացքին խումբը պիտի եզրակացնէր իր կէտերն ու անոնց ներկայացման կարգը, այն պայմանաւ, որ բոլոր մասնակիցները կարգաւ ելոյթներ ունենան, առանց սակայն իրենց կէտերը ընթերցելու։

Ասուլիսը սկսաւ «Թեր» խմբակը գլխաւորող ուսանողին ելոյթով, որ հակիրճ բանաձումով մը տուաւ իր խմբակին մէջ արծարծուած միտքերը։ Անոնց ծանօթանալէ ետք, «Դէմ» խմբակը գլխաւորող ուսանողը տուաւ իր խմբակի տեսակէտներու ամփոփումը։

Յաջորդաբար, դասին ներկայ 17 ուսանողներէն իւրաքանչիւրը բացատրեց իր համոզումները տուեալ նիւթին մասին։ Պէտք է նշել, որ բոլոր խօսողներն ալ համոզիչ փաստերով կրցան լաւագոյնս պաշտպանել իրենց պատկանած խումբի եզրակացութիւնը։

Դասընթացքի երկրորդ մասով, ուսանողները ունեցան Բնութեան եւ բնապահպանման բառապաշարի դաս մը, որ վարեց Գրիգոր Դերձակեան։ Ան նախ ներկայացուց այդ երկու ոլորտներու մէջ գործածուող իր հաւաքած բառերու ընդարձակ ցանկը, որմէ ի յայտ կու գային մի քանի կարեւոր կէտեր. ա) շարք մը բառեր կան, որոնք հայերէնով շատ գեղեցիկ կը հնչեն, ինչպէս օրինակ՝ ամբարտակ (dam), գիշերահաւասար (equinox), ջերմոց (greenhouse), սարահարթ (plateau) եւլն., իսկ այլ բառերու պարագային, անոնց հայերէնը տալու համար ստիպուած ենք գործածել երկու բառեր, ինչպէս օրինակ՝ կենսոլորտային տարածք (biosphere) եւլն. բ) բնութեան նիւթերու (տարրեր, մետաղներ, կազեր) հայերէն բառապաշարը յաճախ կը բաղկանայ ընդհանրացած բառերէ՝ անագ (tin), թթուածին (oxygen), կապար (lead), իսկ այլ  պարագաներու, տակաւին չընդհանրացած բառերէ՝ նատր (sodium), մանիշ (iodine):

Դասը աւարտեցաւ ուսանողներուն տրուած փոքր աշխատանքով մը. անոնք պարտէին ներկայացուած բառերէն առնուազն հինգը գործածել կարճ պարբերութեան մը մէջ։