Կան գրողներ, որոնց ստեղծագործութիւնները լրիւ ընկալելու համար, ընթերցողը պարտի զանոնք տեղադրել գրողի կեանքին ու ապրած ժամանակաշրջանին պարունակներուն մէջ։ Ահա այդ կարգի գրող մըն է Եղիշէ Չարենցը։

Յիշեալ միտքը նախաբանն էր Լեւոն Շանթ հայերէնագիտական դասընթացքի շաբաթ, 26 փետրուար 2022ի նիւթին՝ Եզակի հայ գրողներ Բ. – Եղիշէ Չարենց։ Դասախօսը՝ Վիգէն Թիւֆէնքճեան, դասը սկսաւ Չարենցի՝ որուն ծննդեան 125ամեակն է այս տարի, կենսագրութեան ուրուագծումով։

Առաջին հերթին, դասախօսը ներկայացուց բանաստեղծին պատանի տարիքին հրատարակած առաջին բանաստեղծութիւնը՝ «Ծաղիկները հեզ թեքւում են քամու օրօրի տակին», ուր երեւան կու գայ Վահան Տէրեանի ոճին զգալի ներկայութիւնը։ Ապա, ուսանողները տեղեկութիւններ ստացան Չարենցի 1913ին հրատարակած Երեք երգ տխրադալուկ աղջկան գործին եւ անոր ներշնչման աղբիւրին՝ Աստղիկ Ղոնդախչեանի մասին։

Չարենցի կեանքէն 1910ական թուականներու դրուագներու ներկայացումէն ետք, Թիւֆէնքճեան անդրադարձաւ Ամբոխները խելագարուած (1919) երկարաշունչ գործին, որու ներշնչումը բանաստեղծը ստացած է 1918ի ամրան, երբ զինուորագրուելով բոլշեւիկեան Կարմիր Բանակին՝ Տիխորեցկ եւ Ձարիցին քաղաքներուն մէջ կռուած է հակա-բոլշեւիկեան Սպիտակներու (արքայականներու) ոյժերուն դէմ։


Չարենցի կենսագրութեան մէջ, հանրածանօթ դրուագ մըն է բանաստեղծին առընչութիւնը գրաքննադատ Նիկոլ Աղբալեանի հետ։ 1920ին, երբ Աղբալեան Հայաստանի անդրանիկ հանրապետութեան կառավարութեան մէջ կը գործէր իբր Հանրային կրթութեան եւ մշակոյթի նախարար, ան քաջալերած է երիտասարդ բանաստեղծը, նախարարութեան մէջ զայն պաշտօնի կոչելով եւ անոր ապրուստը ապահովելով։
Ապա ուսանողները միասնաբար կարդացին ու վերլուծեցին Չարենցի «Մահուան տեսիլ» (1920) բանաստեղծութիւնը, փորձելով ըմբռնել բանաստեղծին ինքնակամ մահուան ներկայանալու պատրաստակամութիւնը, Հայաստանի հանրապետութեան ճգնաժամային այդ օրերուն.
Տա՜մ պարանոցս կարօտին այն երկնուղէշ
Ու օրօրուեմ՝ եղերական ու անբասիր…
Թող ո՛չ մի զոհ չպահանջուի ինձնից բացի,
Ուրիշ ոտքեր կախաղանին թող մօտ չգան.
Եւ թող տեսնեն ի՛մ աչքերի մէջ կախուածի,
Իմ բո՛րբ երկիր, լուսապսակ քո ապագան:
Յաջորդ տարի, բանաստեղծը կը հրատարակէ իր Տաղարան երկը, որ ձօնած է իր առաջին կնոջ՝ Արփենիկ Տէր-Աստուածատրեանին։ Բացի Սայեաթ-Նովայի ոճով հոն տեղ գտած տաղերէն, Չարենցի այս գործը նաեւ համբաւաւոր է «Ես իմ անուշ Հայաստանի» բանաստեղծութեամբ, որ հատորին վերջին կտորն է։ Թիւֆէնքճեան զուգահեռ մը քաշեց այդ բանաստեղծութեան եւ Չարենցի Կապուտաչեայ հայրենիք գործերուն միջեւ, սիրոյ արտայայտութեան հետեւեալ տողերու բաղդատականով.
Կապուտաչեա՛յ սիրուհիս, ամուսնանանք պիտի մենք
Արեւի տակ՝ հայրենի հովիտներում կանաչուն։
Ու հնամեայ աշխարհում մենք բախտաւոր կը լինենք,
Կապուտաչեա՜յ սիրուհի՛ս, դրախտայի՛ն իմ թռչուն։
Կապուտաչեայ հայրենիք
Ո՛ւր էլ լինեմ – չե՛մ մոռանայ ես ողբաձայն երգերը մեր,
Չե՜մ մոռանայ աղօթք դարձած երկաթագիր գրքերը մեր,
Ինչքան էլ սո՜ւր սիրտս խոցեն արիւնաքամ վէրքերը մեր –
Էլի՛ ես որբ ու արնավառ իմ Հայաստան-եա՛րն եմ սիրում։
Տաղարան
1920ական տարիներուն, ստեղծագործական բեղուն արտադրութեան առընթեր, Չարենց նաեւ ճգնած է նոր ուղի հարթել հայ գրականութեան մէջ։ Թիւֆէնքճեան բացատրեց, որ Չարենց, Ազատ Վշտունի եւ Գէորգ Աբով 1922ին ստորագրած են Երեքի դեկլարացիան, որ կը պահանջէր հայ գրականութեան արմատական բարեփոխումը։ Հակառակ երեքի խանդավառ ջանքերուն, այդ շարժման կեանքը երկար չէ տեւած։ Միւս կողմէ, այդ տասնամեակին, Չարենց շարունակած է վայելել պետութեան հովանաւորութիւնը. 1924ին, պետական պիւտճէէն տրամադրուած գումարներով, ան այցելած է Կոստանդնուպոլիս, Աթէնք, Հռոմ, Վենետիկ, Փարիզ եւ Պերլին ու մօտէն ծանօթացած եւրոպական մշակոյթին։

Դասախօսը ապա անդրադարձաւ Չարենցի երկու արձակ գործերէն առաջինին՝ Երկիր Նայիրի վէպին (1926), որուն մէջ պատմողը կը նկարագրէ քաղաքի մը,- որ վստահաբար Չարենցի ծննդավայր Կարսն է,- անկման պարագաները, ցաւագնօրէն հայրենասիրական ոսպնեակի մը ընդմէջէն. իսկ Չարենցի երկրորդ արձակ գործը՝ Յիշողութիւններ Երեւանի ուղղիչ տնից (1927), վաւերագրական բնոյթի ապրումներու պատում մըն է։ Երկը արդիւնք է անոր հրատարակութենէն մէկ տարի առաջ բանաստեղծին գործած մէկ յանցագործութեան իբր հետեւանք կրած պատիժին։ Այդ տարի, հրապարակաւ կրակած է իր սիրահարած մէկ աղջկան՝ Մարիանա Այվազեանի (երգահան Արտեմի Այվազեանի քոյրը) վրայ, ապա ձերբակալուած ու դատապարտուած բանտարկութեան։ Այդ օրերուն, իր կնոջ Արփենիկի կանխահաս մահը՝ հետեւանք յղութեան բարդութիւններու, ծանրօրէն ազդած է Չարենցի վրայ, որ անոր ձօնած է իր յաջորդ կարեւոր գործը՝ Էպիքական լուսաբացը (1930):
Թիւֆէնքճեան ուսանողներու ուշադրութեան յանձնեց, որ Էպիքական լուսաբացով սկիզբ կ՚առնէ բանաստեղծին կեանքի վերջին տասնամեակին հետզհետէ թափ առնող պաշտօնական անհանդուրժողականութիւնը։ Արդարեւ, 1932ին, Խորհրդային միութեան ամբողջ տարածքին սկսած էր ծաւալիլ անձի՝ (իմա՛ Սթալինի) պաշտամունքի քաղաքականութիւնը, որուն մէկ խօսուն օրինակը ուսանողները տեսան ներքեւի պատկերին մէջ։

Բաց աստի, այդ ժամանակաշրջանին պաշտօնականացած էր «սոցիալական ռէալիզմ» մշակութային քաղաքականութեան կիրարկումը, ըստ որում՝ հարկ էր արուեստը մատչելի դարձնել աշխատաւոր դասակարգին, ստեղծագործութեան նիւթը վերցնելով այդ դասակարգի կեանքէն, զայն ծառայեցնելու համար համայնավար կուսակցութեան դիրքերու ամրապնդման։ Չարենց այդ նպատակներուն մէջ կը տեսնէր Ռուսական յեղափոխութեան աստիճանական հեռացումը իր արմատներէն։ Ան բնականաբար կը ծառանար յիշեալ քաղաքականութեան դէմ ու կը ծածկագրէր «Ով հայ ժողովուրդ, քո միակ փրկութիւնը քո հաւաքական ուժի մէջ է» պատգամը համանուն բանաստեղծութեան մէջ, տեղ գտած բանաստեղծին վերջին հատորին՝ Գիրք ճանապարհի (1933-34) գործին մէջ։ Թիւֆէնքճեան տուաւ համառօտ նկարագրականը այդ գործի ծննդոցին ու անոր հրատարակութեան արգելքներուն։

Վերջապէս, Թիւֆէնքճեան ներկայացուց Չարենցի կեանքին վերջին տարիներու դժբախտ անցուդարձերն ու անոր կրած հալածանքները, որոնց նաեւ ենթարկուեցաւ բանաստեղծին երկրորդ կինը՝ Իզապելլա Նիազեանը, որ աքսորուեցաւ Ղազախստան, մինչ Չարենց կը մահանար բանտին մէջ, 1937ի նոյեմբերին։
Դասապահի աւարտին, ուսանողները միասնաբար քննարկեցին Չարենցի «Գանգրահեր տղան» բանաստեղծութիւնը։ Դասախօսը այստեղ եւս զուգահեռ մը քաշեց Խենթը վէպին աւարտին Րաֆֆիի նկարագրած Վարդանի երազին ու Չարենցեան տեսիլին միջեւ։
